Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Ուրուկուէյի գործող փոխնախագահ, Ծերակոյտի նախագահ Տանիլօ Ասթորիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ տեսակցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ:
Ըստ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, հանդիպումին ընթացքին Սահակեան կարեւոր նկատած է Հայաստան – Ուրուկուէյ գործակցութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատած է Մոնթեվիտէոյի մէջ ցեղասպանութեան թանգարան հիմնելու որոշումը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելիութիւն գոյութիւն ունի՞, որ ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վերաբերեալ, նոյնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան` Ուրուկուէյը ըլլայ առաջին պետութիւնը, որ կը ճանչնայ Ղարաբաղը, Ասթորի ըսաւ. «Իմ երկիրս այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի, մեր երկրին կառավարութիւնը կ՛ուզէ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել այն երկիրներուն հետ, որոնք ներգրաւուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ»:
Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի այսօրուան քաղաքական հրատապ խնդիրներէն մէկուն ` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուտափոյթ եւ խաղաղ միջոցով լուծման, ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: Սահակեան յոյս յայտնած է, որ Հայաստան կրնայ ակնկալել Ուրուկուէյի աջակցութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող հակահայկական լայնածաւալ գործունէութեան հակազդելու հարցին մէջ:
Ուրուկուէյի փոխնախագահը ըսած է, որ այս այցելութիւնը լաւ առիթ է Ուրուկուէյի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները խորացնելու համար: Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` Ասթորի նշած է, որ Ուրուկուէյ միշտ պիտի աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, որպէսզի հիմնախնդիրին խաղաղ լուծում տրուի:
Հանդիպման աւարտին Սահակեան Ասթորին պարգեւատրած է Ազգային ժողովի Պատուոյ շքանշանով:
Ասթորիի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Գալուստ Սահակեան պատասխանած է այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Ուրուկուէյի մէջ փտածութիւն եւ կաշառակերութիւն չկայ, տնտեսական աճն ալ քանի մը անգամ մեծ է: Ըստ Գալուստ Սահակեանի, ատիկա այդպէս ալ պէտք է ըլլայ` կախուած աշխարհագրական դիրքերէն: «Հայաստան պատերազմող երկիր է, եւ ներդրումներու համար դաշտը այդքան ալ բաց չէր կրնար ըլլալ: Մենք համապատասխան ճամբաներ չունինք, որպէսզի հաղորդակցինք աշխարհի հետ` ցամաքով, ծովով… նոյնիսկ, եթէ տնտեսական աճ կ՛ունենանք, աշխարհին շատ զարմանալի կը թուի, որ պատերազմող երկրին մէջ` փակ ճամբաներով, որոշ արժէքներ կը ստեղծուին», ըսած է Սահակեան:
Ինչ կը վերաբերի փտածութեան եւ կաշառակերութեան, Սահակեան ըսած է.
«Փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը միասնաբար կը գնահատուին: ՏեսԷք` կ՛ըսեն` իրենց մօտ անհասկնալի է` ինչ է փտածութիւնը, ինչ է կաշառակերութիւնը: Մեզի համար անհասկնալի չէ փտածութեան երեւոյթը, որ կապուած է իշխանութիւններուն: Դժուար է ապացուցել` ո՞ւր է կաշառակերութիւնը, ո՞ւր է փտածութիւնը, ատոր համար չեն կրնար ապացուցել: Հայաստանի մէջ փտածութիւն կայ, ատոր դէմ պայքար կայ, բայց այդ պայքարը համաժողովրդական չէ, որովհետեւ հայաստանեան որեւէ կառոյց, որ դերակատարութիւն ունի… Լրագրողներն ալ… Ես այնքան փորձառու եմ, որ գիտեմ` թերթերուն մէջ ո՛վ որուն պատուէրը կը կատարէ», ըսած է Ազգային ժողովի նախագահը, ապա խնդրած է թարգմանիչին Ուրուկուէյի փոխնախագահին համար չթարգմանել այդ հատուածը: «Մի՛ թարգմանէք, որովհետեւ հիմա լրագրողները պատուիրատուները կ՛ուզեն: Այդքան կարելի չէ անդրադառնալ այս հարցին, բայց փտածութեան, կաշառակերութեան դէմ պէտք է պայքարիլ անձով, որակով: Մեր հասարակութիւնը պատրաստ չէ պայքարելու: Փտածութեան աճը հետզհետէ կը նուազի, եւ կը կարծեմ, որ այդ չարիքի տոկոսային յարաբերութիւնները կ՛իջեցնենք: Մեզի համար վտանգաւորը փտածութիւնը չէ, այն է, որ սկսած ենք իրար չյարգել, չհաւատալ, իսկ ատիկա աւելի վտանգաւոր է պետութեան համար», նշած է Գալուստ Սահակեան:


