Երեւանի մէջ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցած են հայ-իտալական զինուորական համագործակցութեան համակարգման խորհրդակցութիւնները: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տոնոյեան երէկ ընդունած է Իտալիոյ զինուորական պատուիրակութիւնը:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, տեսակցութեան աւարտին ստորագրուած է հայ-իտալական զինուորական համագործակցութեան 2015 թուականի ծրագիրը:


