Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաթվիա Յարգանքով Կը Վերաբերի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միանալու Հայաստանի Որոշումին

December 13, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռինքեւիչս եւ նախագահ Սարգսեան
Ռինքեւիչս եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Լաթվիոյ  Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչսը:

Նախագահը ողջունած է բարձրաստիճան հիւրը  Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնած, որ անոր այցելութիւնը նոր շունչ կը հաղորդէ հայ-լաթվիական յարաբերութիւններուն, հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն արդիւնքով  կը նախանշուին գործակցութեան տեսանկիւնէն  հեռանկարային մարզերն ու յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած հետագայ երկկողմ քայլերը:

Յաճախակի փոխադարձ այցելութիւնները, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով իրականացուող խորհրդակցութիւններն ու երկխօսութիւնը, նախագահին համոզումով, միջպետական համագործակցութեան խորացման կարեւոր նախապայման են:

Հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատուած է նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը եւ Լաթվիոյ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան յաջորդ նախագահող երկրի, աջակցութիւնը այդ համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ զարգացման գործին մէջ: Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ամէնէն կարեւոր  գործընկերներէն մէկը, որուն հետ գործակցութիւնը կը հիմնուի նախ եւ առաջ ընդհանուր արժէքային համակարգի վրայ, եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն առաջ եւ ետք Հայաստան պիտի շարունակէ զարգացնել եւրոպական օրակարգը, ձեւաւորել համագործակցութեան դաշտը նոր իրողութիւններու պարագային:

Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռինքեւիչս ընդգծած է, որ Լաթվիա կը հասկնայ եւ յարգանքով կը  վերաբերի Եւրասիական տնտեսական միութեան  միանալու Հայաստանի որոշման, նաեւ կը հասկնայ, որ ատիկա ոչ մէկ ձեւով խոչընդոտ պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն:

Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարարը երկկողմանի կապերու ամրապնդման համար, քաղաքական աշխուժ երկխօսութենէն բացի, կարեւոր նկատած է տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան զարգացումը, ուր մեծ դեր վերապահած է միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Էտկարս Ռինքեւիչս ընդգծած են նաեւ երկու երկիրներու  օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Լաթվիոյ  Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչս երէկ նաեւ տեսակցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, Ռինքեւիչս նշած է, որ Լաթվիա յաւելեալ քայլեր պիտի գործադրէ  Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընդարձակման ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ կրթական մարզերուն մէջ յարաբերութիւններու զարգացման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդարձակման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն: Նաեւ  քննարկուած է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը:

Է. Նալբանդեան Ռինքեւիչսին ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման  ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ  գործադրուող ջանքերը, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի` վարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռին  կործանման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը:

 

Նախորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահը Դատապարտած Է Բռնութիւնը Պատգամաւոր Արամ Մանուկեանի Նկատմամբ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Խախտած Է Զինադադարը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.