Գլխաւոր լուրեր

1222_-Moscow-Cinema

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է «Ոչ Թուրքիայում Հանգստին» Ֆլեշմոպ

«Հրաժարուել Թուրքիայում հանգստից եւ այս կերպ յարգել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը» նախաձեռնութիւնը Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի եւ «Ոչ պետական բուհերի ուսանողական կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան մէկ կառոյցն է: 22 դեկտեմբերին խումբ մը երիտասարդներ Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին կից կազմակերպած են ֆլեշմոպ: Անոնք անցորդներուն կը մօտենային եւ կոչ կ՛ուղղէին անոնց` արձակուրդի համար Թուրքիա չերթալու, չհարստացնելու թշնամի երկիրը, որուն զէնքերը կրնան ուղղուիլ Հայաստանի դէմ,...

1222_tree

Երեւանի Գլխաւոր Տօնածառը Լուսաւորուեցաւ

Մայրաքաղաքի գլխաւոր տօնածառը այս տարի ունի 32 մեթր բարձրութիւն, գագաթի աստղը ութանկիւն է, ինչպէս նախորդ տարիներուն: Տօնածառի զարդարանքի գոյները փոխուած են այս տարի, եւ գերակշռող է տարուան խորհրդանիշը` ոսկեգոյնը: Տօնածառի լուսաւորումը տեղի ունեցաւ 22 դեկտեմբերի երեկոյեան` Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ մեծաթիւ քաղաքացիներու մասնակցութեամբ. այս արարողութեան յաջորդեց համերգ: Լոյսերու վառելէն առաջ երեխաները խաղալիքներ կախեցին ծառին վրայ: Միեւնոյն ատեն վառեցան նաեւ...

1222_poroshenko_and_lukashenko

Ըստ Ուքրանական Լրատուամիջոցներու. Քիեւի Մէջ Այսօր Պիտի Որոշուի Մաքսային Միութեան Ճակատագիրը

Ուքրանական «Սեկոտնիա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ղազախստանն ու Պիելոռուսիան կ՛ուզեն կարգաւորել Ուքրանիոյ հետ երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները` շրջանցելով Մաքսային միութիւնը, որ 1 յունուարին պիտի փոխակերպուի Եւրասիական տնտեսական միութեան: Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Մինսքն ու Ասթանան խոստացած են նաեւ օգնել Քիեւին` խաղաղ ճանապարհով լուծելու Տոնպասի հակամարտութիւնը: Ատոր դիմաց Քիեւ պիտի օգնէ Պիելոռուսիոյ` կարգաւորելու յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ: Այդ մասին Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր...

John Heffern

Հեֆըրն. «Հայաստան Կրնայ Շահիլ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Հետ Յարաբերութիւններէն»

Ճոն Հեֆըրն «Միացեալ Նահանգներ կը ցանկան աջակցիլ Հայաստանի` ստեղծելու համար ռազմավարական կարելիութիւններ, որպէսզի Երեւան կարենայ  շահիլ ե՛ւ Ռուսիոյ, ե՛ւ Արեւմուտքի հետ համագործակցութենէն: Կը կարծենք, Հայաստանի, ինչպէս որեւէ երկրի համար իրապէս կարեւոր է կարելիութիւններ ունենալ, եւ Միացեալ Նահանգներ, ես հոս կրնամ նաեւ խօսիլ Եւրոպական Միութեան անունով, կը ցանկան  օգնել, խորացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ տարբեր մարզերու մէջ, որեւէ  մարզի մէջ, ուր Հայաստան...

Ohanian_OSCE

Ներկայացուեցաւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եւ ԵԱՀԿ-ի Գործակցութեան Ծրագիրը

Երեւանի մէջ ներկայացուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի  երեւանեան գրասենեակի 2014 թուականի գործակցութեան ծրագիրը: Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Անտրէյ Սորոքին 2014 թուականի ընթացքին դասընթացքներուն մասնակիցներուն հաստատագիրներ յանձնած են: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութեան, Սէյրան Օհանեան եւ Անտրէյ Սորոքին նաեւ ստորագրած են  համագործակցութեան 2015 թուականի ծրագիրը:  

1221_World-Bank

2015-ին Կ՛աւելնայ Համաշխարհային Դրամատան Օժանդակութիւնը Հայաստանին

Համաշխարհային դրամատունը ներկայացուցած է ընթացիկ տարուան մէջ  Հայաստանին տրամադրած դրամական օժանդակութիւնը եւ վերահաստատած, որ  2015-ին դրամատունը պիտի շարունակէ գործակցութիւնը ե՛ւ պետական քաղաքականութեան բարեփոխումներու ուղղութեամբ` տրամադրելով վարկեր, ե՛ւ մասնաճիւղային ծրագիրներու ուղղութեամբ` կատարելով ներդրումներ: «2014 թուականին  ընթացքին գործող ծրագիրներու իրականացման նպատակով փաստացի յատկացուած է աւելի քան 40 միլիոն տոլար: Յառաջիկայ շաբաթ Հայաստանի բարգաւաճման քաղաքականութեան վարկի ծիրին մէջ  կը նախատեսուի մեծ` 75 միլիոն...

1021_gar-1

Համազգայինի «Կարկաչ» Մանկապատանեկան Երգչախումբ . Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօնական Համերգ

Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը «Պէյրութ Չանթս»-ի նախաձեռնած հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի 7-րդ փառատօնի ծիրին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով տօնական համերգ մը ներկայացուց շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը: Խումբերու գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարն էր Զաքար Քէշիշեան, իսկ դաշնակահարները` Լիանա Յարութիւնեան եւ Արեգ Տաղլեան: Համերգին...

1220_zok

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

Շաբաթ, 20 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 15:00, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած «Ճշդէ՛ ապագադ» խորագիրով համալսարանական մասնագիտութիւններու միացեալ արեւելումը, որուն նպատակը եղաւ մէկտեղել հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութիւնն ու բոլոր մասնագիտութիւններէն աւարտած եւ իրենց ասպարէզին մէջ աշխատող երիտասարդները: Այսպիսով, աշակերտները առիթը ունեցան զրուցելու այդ երիտասարդներուն հետ իրենց...

748696a5b865ae31680f6a7067003bf1

Ակնարկ. Տատանումներ

Ակնկալելի էր, որ Արեւմուտքի կողմէ մեկուսացուող Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին մամլոյ ասուլիսը խլէր մեծագոյն լուսարձակները: Ռուսիոյ գերիշխանութեան պահպանման համար մղուող պայքարի սահմաններուն մէջ բացատրուած եղելոյթները մեկնաբանական եւ վերլուծման խոր քննարկման կը շարունակեն ենթարկուիլ: Ճիշդ է, որ այս գործընթացներուն հիմնական հանգոյցները Ուքրանիան ու Խրիմն են, այսուհանդերձ նախ փորձենք կեդրոնանալ հայկական հարցերուն հետ ուղղակի, աւելի ճիշդ անուղղակիօրէն կապուած բաժիններուն վրայ: Թէեւ մեկուսացման եւ...

1219_Hrant-Markarian-f

Գօտեպնդուէ՛ք Նրանով, Որ Ձեր Թիկունքին Մի Ամբողջ Ազգ Է Կանգնած

Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ելոյթը` Հալէպի մէջ տեղի ունեցած Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան ընթացքին: Ամէն անգամ, երբ Դաշնակցութեան օրուայ առիթով պէտք է խօսք ասեմ, երկմտում եմ` խօսե՞լ կատարուած աշխատանքների մասին թէ` ոչ: Մտածում եմ` հնարաւո՞ր է արդեօք օրուայ խօսքի տրամաբանութեան սահմաններում, նոյնիսկ հպանցիկ անդրադառնալ կատարուած բազմերես, ծաւալուն աշխատանքների անգամ խորագրերին: Եւ միթէ՞ դրա անհրաժեշտութիւնը կայ: Այդ ե՞րբ...

9458_b

Սարգսեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Փոխնախագահը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ, Եւրանեսթ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ռիշարտ Չառնեցքին: Ըստ նախագահի մամլոյ ծառայութեան, զրոյցին ընթացքին Ռիշարտ Չառնեցքի նշած է, որ իր երկիրը (Լեհաստան) շատ լաւ կը պատկերացնէ եւ յատուկ ըմբռնում ունի այն աշխարհաքաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ, որուն մէջ կը գտնուի Հայաստան: «Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են Եւրոպական Միութեան հետ միջխորհրդարանական գործակցութիւնը,...

1219_harach4

Ճափոնի Դեսպանատան Իշխանական Նուիրատուութեամբ. Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան Քոլեճի Վերանորոգուած Շէնքի Բացման Հանդիսութիւն

Երէկ` ուրբաթ, 19 դեկտեմբեր, 2014-ի առաւօտեան, մեծ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ Այնճարի Ազգային Յառաջ - Գ. Կիւլպենկեան քոլեճի վերանորոգուած շէնքին: Վարժարանի մեծ ընտանիքն ու գիւղի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դարպասին մօտ մեծ շուքով դիմաւորելէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու Ճափոնի դեսպանը, ուղղուեցան «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահ, ուր աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը: Ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետ...

BKM_7210-M-f

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Մարմինը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ Պքերքէի մէջ պիտի զետեղուի խաչքար մը` եկեղեցիներուն միջեւ քրիստոնէական միասնականութեան իբրեւ խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ իբրեւ գնահատական` 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը հիւրընկալելու Լիբանանի կեցուածքին:...

1218_hovig-1912

Աբրահամեան. «Պիտի Չհանդուրժենք Գիներու Անհիմն Աճը»

Կառավարութեան երէկուան նիստին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, նախքան կառավարութեան նիստի օրակարգին անցնիլը, յայտարարած է, որ հանդիպումներ ունեցած է Միջազգային դրամական ֆոնտի, Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչներուն եւ առեւտրականներու հետ: «Անոնք կ՛աջակցին, արտաքին ցնցումներով պայմանաւորուած, փոխարժէքի տատանումներու հետեւանքով ելեւմտական շուկայի կայունացմանն ուղղուած մեր քայլերուն», ըսած է  Աբրահամեան: Վարչապետը շեշտած է, որ նախանցեալ օրուան  երկրորդ կէսէն սկսեալ եւ արդէն երէկ կը նկատուի  կայունացման միտում ելեւմտական...

kiro-manoyan-kayq-f

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Փաստերով Ուղեցոյց Մը Հրատարակուած Է

«Դրացիներ. հայեացք Հայաստանէն» գիտաժողովը հատած է եզրային գիծը: Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի տեղեկատուութեան  ծառայութենէն  «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են, որ 15-17 դեկտեմբերին տեղի ունեցած գիտաժողովը  կազմակերպած  էր «Շրջանային իրադարձութիւններու գիտավերլուծական կեդրոն»-ը, Երիտասարդ գիտնականներու  աջակցման ծրագիրի, Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի, Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցի, Ամերիկայի հայկական համագումարի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան  Պետական կառավարման կաճառի աջակցութեամբ: Գիտաժողովին ընթացքին  մասնագէտները անդրադարձած են Արցախի շուրջ ստեղծուած իրադարձութիւններուն, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման...

1718_tbrots-f

Պուրճ Համուտի 4 Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներ Այցելեցին Ազգային Միացեալ Վարժարան

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` հինգշաբթի, 18 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող 4 Ազգային վարժարաններու աշակերտները ` Լ. եւ Ս. Յակոբեան, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց, ընկերակցութեամբ իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ նոր կառուցուող Ազգային միացեալ վարժարան` մօտէն ծանօթանալու վարժարանի կառոյցին եւ բաժանմունքներուն: Սոյն այցելութեան, ներկայ էր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի...

001-121604-f

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պոլիվիոյ Պատուոյ Հիւպատոսին

Երեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Մարմինէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանանի մօտ Պոլիվիոյ հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ուալիտ Ժոզեֆ Խուրիի: Պատուիրակութիւնը նշուած մարմինին կողմէ նամակ մը փոխանցեց հիւպատոսին, որուն ընդմէջէն ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պոլիվիոյ խորհրդարանին, ծերակոյտին, կառավարութեան ու ժողովուրդին` Պոլիվիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար խոստանալով նամակը փոխանցել Պոլիվիոյ կառավարութեան: Ան...

1217_Tontian

ՀՅԴ Բիւրոյի Նախկին Ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի Մարմինը Ամփոփուեցաւ ՀՅԴ Պանթէոնին Մէջ

17 դեկտեմբերին վերջին հրաժեշտ տրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած եւ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պարտականութիւնները կատարած Բենօ Թոնդեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ` կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան,...

1217_haleb4

ՀՅԴ 124-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն` Հալէպի Մէջ

«124 տարի մտքի, կամքի եւ խղճի երթ» բնաբանով չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 124-րդ տարեդարձի ժողովրդային հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսին, Հալէպի հոգեւոր պետերուն, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, Ազգային վարչութեան, ազգային, մարզական, մշակութային եւ...

1217_Hovig_Finance

Հայաստանի Կառավարութիւնը «Կը Ձեռնարկէ Բոլոր Միջոցներուն»` Ելեւմտական Համակարգի Բնականոն Գործունէութեան Համար

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՛աջակցի ելեւմտական  համակարգի կայունութեան ուղղուած կեդրոնական դրամատան ջանքերուն եւ  կը ձեռնարկէ բոլոր միջոցառումներուն` այդ համակարգի բնականոն գործունէութիւնը  ապահովելու, Հայաստանի Հանրապետութեան  գործարարներուն եւ քաղաքացիներուն  իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու համար», երէկ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան` անդրադառնալով ելեւմտական  շուկային մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Ըստ Հայաստանի վարչապետին, ելեւմտական  շուկայի ներկայ զարգացումները հիմնականին մէջ պայմանաւորուած են համաշխարհային եւ  շրջանային զարգացումներով, որոնք...

Page 808 of 885 1 … 807 808 809 … 885