Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ անցեալ ուրբաթ օր տեղի ունեցած է հանդիպում թրքագիտութեան բաժանմունքի ուսանողներու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործողներէն մէկուն` Ճեմալ փաշայի թոռան` Հասան Ճեմալի միջեւ: Ճեմալ հարցումներուն պատասխանելու ատեն պարբերաբար շեշտած է, որ «Երեւան եկած է հայերուն հրաւէրով` Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր գիրքը ներկայացնելու», այլ ոչ թէ ըսելու մեր լսել ուզածը: Ան նաեւ մէջբերած է անգլիացի գրող Ճորճ Օրուելի յայտնի խօսքը. «Ազատութիւնը այն է, երբ կրնաս ըսել այն, ինչ որ մարդիկ չեն ուզեր լսել»:
«Երկիր»-ի լրագրողը կրտսեր Ճեմալէն հետաքրքրուած է, թէ տրամաբանակա՞ն է, արդեօք, որ միայն գիրքը ներկայացնելու համար եկած է Երեւան, չէ՞ որ ատիկա կրնար ընել առանց Թուրքիայէն Հայաստան հասնելու` համացանցի միջոցով: «Ատոր փոխարէն ինչո՞ւ Հայաստան եկած էք եւ այսքան մարդու, թերեւս անկախ ձեզմէ, վէրքերը կը թարմացնէք` անոնց հարցումներուն չպատասխանելով», հարցուցած է «Երկիր»-ի լրագրողը:
Ճեմալ իր ըսածին հակասած է` պնդելով, թէ զինք սխալ հասկցած են: «Գիրքին նախաբանին մէջ ես Օրուելի խօսքերը մէջբերած եմ, ատիկա չի նշանակեր, որ եկած եմ Երեւան` մարդոց ցաւերը թարմացնելու: Այս գիրքը գրած, այս կողքը ընտրած մարդը ինչպէ՞ս կրնայ նման բան ըսել: Տէ, ես խենթ չեմ: Ընդհակառակն` եկած եմ, որպէսզի անհատապէս ներդրում ունենամ ցաւերը ապաքինելու, զանոնք փակելու հարցին մէջ: Այլապէս, կը գրէի այս գիրքը եւ այլեւս չէի խօսեր, ինչպէս շատեր ինծի կ՛առաջարկեն: Կը կարծեմ` թիւրիմացութիւն եղած է, կամ ես լաւ չեմ կրցած արտայայտել միտքս: Ես առաջին մարդը չեմ, որ կ՛արտայայտուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, սակայն այս գիրքն է , որ առաջին անգամ կը տպուի «1915. Հայոց ցեղասպանութիւն» անունով: Ատոր համար Իսմայիլ Պեշիքճի 17 տարի բանտարկուած է, Թաներ Աքչամ ստիպուած եղած է ապրիլ արտերկրի մէջ, Ռակըփ Զարաքօղլու եւս քանի տարիներ բանտարկուած է: Անոնք ատիկա բանի մը դիմաց չեն ըրած, այլ` իրենց մտաւորական անձնաւորութենէն մեկնելով: 1915 թուականն ու Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ արգիլուած նիւթեր են, ատիկա կոտրողները այս գիրքը գրելէ շատ աւելի մեծ համարձակութեամբ գործած են: Ես պարզապէս գիրքին այդ անունը տուած եմ: Իմ խնդրանքս ձեզմէ` առանց ձեր ցաւերը մոռնալու, գիտցէք, որ Թուրքիոյ մէջ կան շարք մը մարդիկ, որոնք կը բաժնեն եւ կը հասկնան ձեր ցաւերը: Եթէ մէկը նման գիրք կը գրէ, բայց չի կրնար ձեզի հետ խօսիլ, մոռցէք ուրեմն` չենք կրնար այդ պատերը ջարդել: Մեր գլխուն մէջ կան պատեր, որոնք, այսպէս թէ այնպէս, «բռնագրաւուած են»: Ըլլայ մանկապարտէզի, թէ դպրոցի մէջ` մենք չենք նկատեր այդ պատերը: Ես 18 տարեկանիս գացի Քեմպրիճի համալսարան: Այնտեղ եգիպտացի աղջկան մը ծանօթացայ: Ինծի հարցուց` Ճեմալ մականունը ուրկէ՞ կու գայ: Ըսի` Ճեմալ փաշայէն: Ըսաւ` «աս սաֆա՞հ»` արիւնարբու Ճեմա՞լը: Ըսի` այո, եւ ան դարձաւ, հեռացաւ: Արաբերէնի մէջ Ճեմալ փաշան կը յիշատակեն իբրեւ մսագործի: 2009 թուականին Հարվըրտի համալսարանին մէջ դասախօսութենէ ետք, վերադարձի ժամանակ օդակայանին մէջ հայ գործընկեր մը մօտեցաւ ինծի, իրարու ձեռք սեղմեցինք: Ըսաւ, որ զաւակը զիս մատնանշած է, այնտեղ նստած է, բայց չ՛ուզեր մօտենալ, մատաղ սերունդը այսպիսին է», ըսած է Հասան Ճեմալ: Ապա, կտրուկ անցում կատարելով համալսարաններու գոյութեան կարեւորութեան, ան ըսած է. «Համալսարանները կան, որովհետեւ գոյութիւն ունին քննադատական մտածողութիւններ: Ատոր համար հանդարտ եղէք, եւ ոչ միայն այլոց նկատմամբ եղէք քննադատական, այլեւ դուք ձեզի հանդէպ»: Այսպիսով` անպատասխան մնաց բոլորը հետաքրքրող այն հարցումը, որ ինչո՞ւ Հասան Ճեմալ իրականութեան մէջ Երեւան եկած է, ըսած է «Երկիր»-ի լրագրողը:
Յայտնենք, որ հինգշաբթի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ, Հասան Ճեմալի հեղինակած «1915. Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքի երեւանեան շնորհահանդէսին աւարտէն ետք, գիրքի թարգմանիչ Ռուբէն Մելքոնեան յայտարարած է, որ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը խեղաթիւրած է իր թարգմանութիւնը` ատիկա դարձնելով «թրքամէտ»: Բացի ատկէ` մարդիկ բողոքած են, որ ոչ մէկ ձեւով կարելի եղած է հարցում ուղղել Ճեմալին, որ շրջապատուած էր իր «թիկնապահներով»:


