Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Միջազգայնականը 2015-ին Պիտի Անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

December 17, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1216_Mario@UNՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 12-13 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը: ՀՅԴ-ի կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի

փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը, որ 11 դեկտեմբերին մասնակցած էր նաեւ կազմակերպութեան ելեւմտական եւ վարչական յանձնախումբի եւ նախագահութեան նիստերուն:

Ժողովի բացումը կատարեցին ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիի գլխաւոր տնօրէն Միքայէլ Մոլլըրը, ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձր յանձնակատար Անթոնիօ Կութթերասը, Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէուն եւ Ընկերվար միջազգայնականի ընկերվար քարտուղար Լուիս Այալան:

Խորհուրդի ժողովի գլխաւոր նիւթն էր «Միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն` տագնապներու լուծում եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքար»: Ժողովի այլ նիւթերն էին` «Գաղթականութեան մարդկային երեսը եւ գաղթականներու ճակատագիրը» եւ «Նոր ժողովրդավարութիւններ յառաջացնելու եւ ժողովրդավարական կառավարումը զօրացնելու համար մեր աշխատանքը»:

Ժողովը լսեց նաեւ կազմակերպութեան Բարոյականութեան յանձնախումբի, ելեւմուտքի եւ վարչական յանձնախումբի եւ Լատինական Ամերիկայի եւ Քարիպեանի յանձնախումբի զեկուցումները:

Ժողովի գլխաւոր նիւթին` «Միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն` տագնապներու լուծում եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքար»-ին առնչութեամբ ելոյթ ունեցողները գլխաւորաբար անդրադարձան Իսրայէլ-Պաղեստին եւ Սուրիոյ տագնապին: Խորհուրդը բանաձեւ որդեգրեց կոչ ընելով աշխարհի պետութիւններուն ճանչնալու Պաղեստինի պետութիւնը` 1967-ի սահմաններով եւ արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով:

Օրակարգի այդ գլխուն տակ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ներկայացուցիչը: Ընկերվար միջազգայնականի մէջ դէտի կարգավիճակ ունեցող կուսակցութեան ներկայացուցիչի ելոյթը կը կրկնէր Ազրպէյճանի իշխանութեան, յատկապէս` նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակահայ մոլուցքը:

Ազրպէյճանցիի ելոյթին յաջորդեց ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչին ելոյթը: Մարիօ Նալպանտեան նախ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, դիմեց Թուրքիոյ ճանչնալու իր իսկ պատմութիւնը եւ կոչ ուղղեց բոլորին մասնակից դառնալու 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումին: Նալպանտեան ապա պատասխանեց ազրպէյճանական կուսակցութեան ներկայացուցիչի հակահայ ելոյթին` ցաւ յայտնելով, որ այդ կուսակցութիւնը փաստօրէն դարձած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններու գործիքը:

Ժողովի աւարտին, իր փակման խօսքին մէջ, Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէուն անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ այդ ծիրին մէջ ըսաւ, թէ որոշուած է, որ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը եկող տարի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, այդ հարցը պիտի  դարձնէ օրակարգի նիւթ:

 

 

Նախորդը

Ըստ Թրքական Բանակի Սպայակոյտի Հետախուզութեան Վարչութեան Նախկին Պաշտօնատարին. Տինքի Սպանութեան Հետ Առնչութիւն Ունին Օտարերկրեայ Գաղտնի Սպասարկութիւններ

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Զինուորական Մասնագէտները Միասին Կ՛աշխատին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.