Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ նստաշրջանի լիագումար նիստին, Եւրոպական խորհրդարանի սպանացի պատգամաւորին խօսքը ուղղուած էր Երեւանի իշխանութիւններուն: Սուր քննադատութիւն կար անոր խօսքին մէջ` ուղղուած գործող իշխանութիւններուն: Ըսել ուզուածը այն էր, որ եթէ Երեւանը կը յաւակնի թեկնածու դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, ապա չի կրնար շարունակել իր հակաժողովրդավարական արշաւը:

Ան նշած է մանրամասնութիւններ, որոնց համաձայն` Երեւանը կոպտօրէն կը շարունակէ խախտել ժողովրդավարական օրինաչափութիւնները: Ըստ եւրոպացի պատգամաւորին, «այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի հաւաքներու ընթացքին ընդունելի  չէ. չեմ եկած ձեզ դատելու. սակայն պէտք է արձանագրել, որ 20-40 ոստիկաններով մարդիկ կը կալանաւորուին: Եթէ, օրինակ, կաշառքի համար է` այլ է, սակայն երբ կարծիքի համար կը դատեն, ընկերային ցանցերու վրայ յայտնած կարծիքի համար, զգուշ եղէ՛ք, ասիկա անընդունելի է»: Երեսփոխանը նոյնիսկ յայտնած է, որ այս գործելաձեւով Հայաստանի մէջ կարծիք յայտնած ըլլալու համար մարդիկ նախ բանտ կ՛առաջնորդուին, յետոյ միայն կը ստուգուի, թէ ի՛նչ պատահած:

Եւրոպական պաշտօնական կառոյցներէն կը հնչեն Հայաստանի մէջ կիրարկուող ժողովրդավարական գործողութիւններու գովերգութիւններ: Պաշտօնական յայտարարութիւնները ընդհանրապէս կը շրջանցեն այն իրողութիւնները, որոնց մասին կը խօսի իրենց պաշտօնակիցը:

Նշում չկայ սպաննուած համայնքապետի երեւոյթին, այլ ընդդիմադիր համայնքապետներու կալանաւորուած ըլլալուն: Կ՛անտեսուին` ի պաշտպանութիւն Հայ եկեղեցւոյ յայտարարութիւն կատարած քաղաքական անձնաւորութեան անազատութեան մէջ գտնուիլը, կալանաւորուած հոգեւորականները, որոնց շարքին թեմերու երկու առաջնորդները կամ կիրակի օրով նոյն ժամուն 21 հոգեւորականներ հարցաքննութեան կանչելը:

Եւրոպական կառոյցներու գնահատականը քաղաքական բնոյթ ունի. իրաւական հայեցակէտով ժողովրդավարութեան չափանիշի հետ ոչ մէկ կապ ունի: Իսկ այս մօտեցումը քաղաքական տրամաբանութեամբ ակնկալելի է: Աւելի խորաթափանց քաղաքական դիտարկում մը կրնայ առաջնորդել այն եզրակացութեան, որ եւրոպական կառոյցներուն համար թիրախաւորուած հաստատութիւնները կամ անձնաւորութիւնները Մոսկուայի հետ կապ ունեցողներ են, հետեւաբար անոնց դէմ իշխանութիւններու կիրարկած եղանակը ողջունելի է: Այս պահուն` եւրոպական ընկալումով երկրի ժողովրդավարացման գործընթացին մաս կազմող գործողութիւններ:

Հիմա սակայն անդրադառնանք այլ խնդիրի: Կը թուի, որ պատահական չէ սպանացի երեսփոխանին հասցէագրումը Երեւանին: Ընդհանուր հասցէագրում կատարելով եւ այդ ընդհանրութեան մէջ իշխանութիւնները քննադատելով հակաժողովրդավարական քայլեր առնելու մէջ, ըստ էութեան այլ մեղադրանք ալ կը հնչեցնէ սպանացի պատգամաւորը: Կը նոյնացնէ գործադիրն ու իրաւապահ համակարգը, ինչ որ ոչ ժողովրդավարական երկիրներու յարիր է: Ամէնէն առաջ եւրոպացիները իրե՛նք գիտեն, որ այս երկու համակարգերը անջատ պէտք է գործեն: Այլ խօսքով, գործադիրը որեւէ ազդեցութիւն պէտք չէ ունենայ իրաւապահին կամ արդարադատութեան համակարգին վրայ: Այսպիսով Եւրոպական խորհրդարանի անդամը ըսել կ՛ուզէ, որ այդ տարանջատումը չկայ, ինչ որ դարձեալ խոտոր է ժողովրդավարական կարգերով ղեկավարուող երկիրներուն համար:

Նոյնքան հետաքրքրական էր վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարին առաջին եւ անմիջական արձագանգը այս խնդիրին: «Մենք խօսքի համար մարդ չենք կալանաւորեր»: Այս կերպ, ըսել կ՛ուզուի, որ դատական վճիռներ արձակողը, կալանաւորողը կամ չկալանաւորողը գործադիր իշխանութիւններն են: Անդրադառնալով այդ հաստատումի հակաժողովրդավարական բնոյթին, աշխատակազմի ղեկավարը անմիջապէս այլ ձեւակերպում տուած է  գործադիրը տարանջատելով իրաւապահէն:

Առաջին արձագանգը ըստ էութեան կը հաստատէ Եւրոպական խորհրդարանի անդամին հնչեցուցած ահազանգը:

Քաղաքական հանգամանքները կրնան փոխուիլ: Գովասանքները այդ պարագային կը վերափոխուին շատ սուր քննադատութիւններու: Անկախ այդ գործընթացներէն եւ քաղաքական շարժառիթներէ մղուած գնահատականներէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս ընթացքով դէպի իրաւական պետութիւն չ՛առաջնորդուիր: Այնտեղ մարդիկ կը կալանաւորուին տեսակէտ յայտնելու համար:

«Ա.»

Նախորդը

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?