Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելելով Պրիւքսել` Ռաժժի. «Իրանի Հետ Եւրոպական Բանակցութիւնները Թող Շրջանին Մէջ Անոր Թեւերու Հարցը Ներառեն»

December 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի 27 պետութիւններէ բաղկացած Եւրոպական խորհուրդի քաղաքական ու անվտանգութեան յանձնախումբի դեսպաններուն հետ ունեցաւ ընդլայնուած հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծեց Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական կացութիւնը` լուսարձակները կեդրոնացնելով «երկիրը ոտքի կանգնեցնելու կառավարութեան ջանքերուն, տակաւին անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մասնաւորաբար իսրայէլեան բռնագրաւումի հարցին վրայ»:

Ռաժժի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի հեռանայ հարաւային Լիբանանի մէջ հինգ կէտերէն, որոնք տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ, ազատ արձակէ գերիները եւ դադրեցնէ առօրեայ զինուորական յարձակումները:

Լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը եւրոպական պետութիւններուն կոչ ուղղեց, որ «Իրանի հետ բանակցութիւնները չսահմանափակուին հիւլէական թղթածրարով եւ թեւաւոր հրթիռներու թղթածրարով, այլ նաեւ ներառեն շրջանին մէջ անոր թեւերու հարցը»:

Ան շեշտեց «զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու, իր իշխանութիւնն ու գերիշխանութիւնը բացառապէս իր սեփական ուժերով տարածելու կառավարութեան պատմական որոշումին կարեւորութիւնը»:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է յառաջիկայ տարուան վերջաւորութեան ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտին յաջորդող փուլին, լիբանանեան բանակին եւրոպական ու միջազգային աջակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութեան, որպէսզի ան կարենայ իր առաքելութիւնը ամբողջական կերպով կատարել, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է տնտեսական բարեփոխումներուն եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթերու:

 

Նախորդը

Այցելելով Նախագահ Աունի` Ֆրենժիէ. «Պետութեան Եւ Բանակին Կատարածը Գերազանցէն Աւելին Է»

RelatedPosts

Այցելելով Նախագահ Աունի`  Ֆրենժիէ. «Պետութեան Եւ Բանակին  Կատարածը Գերազանցէն Աւելին Է»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունի` Ֆրենժիէ. «Պետութեան Եւ Բանակին Կատարածը Գերազանցէն Աւելին Է»

December 17, 2025
Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Աջակցելու Եւ Յարաբերութիւնները Զարգացնելու, Անմիջապէս Որ Բարեկարգումները Գործադրուին»
Լիբանանեան

Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Աջակցելու Եւ Յարաբերութիւնները Զարգացնելու, Անմիջապէս Որ Բարեկարգումները Գործադրուին»

December 17, 2025
Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի.  Նեթանիահու-Պարրաք Ժողովին Համաձայնութիւն  Գոյացած Է Լիբանանի Շուրջ  Երկխօսութիւնը Շարունակելու
Լիբանանեան

Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի. Նեթանիահու-Պարրաք Ժողովին Համաձայնութիւն Գոյացած Է Լիբանանի Շուրջ Երկխօսութիւնը Շարունակելու

December 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.