Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պայմանաժամ Եւ Ճնշումներ

December 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան  յարձակումները կը շարունակուին: Զինաթափման օրակարգին համար մինչեւ Ամանոր պայմանաժամին կը զուգադիպի նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Իսրայէլի վարչապետին միջեւ ճշդուած հանդիպումը` դեկտեմբեր 30-ին: Սպառնալիքը այն է, որ եթէ առաջադրուած զէնքի մենաշնորհումի օրակարգը չկատարուի, ապա Իսրայէլին կանաչ լոյս կը տրուի լայնածաւալ յարձակումներ գործելու:

Կը թուի, թէ Իսրայէլէն պահանջներ չկան: Յարձակումները դադրեցնելու, իր կողմէ վերահսկուած լիբանանեան տարածքներէն կամ ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող դիրքերէն հեռանալու կամ անօդաչու սարքերու շրջագայութիւնը լիբանանեան օդային տարածքներուն վրայ դադրեցնելու:

Պահանջները կեդրոնացած են զինաթափումին վրայ` անորոշ ձգելով իսրայէլեան յարձակումներու կամ գրաւեալ տարածքներու ճակատագիրը:

Ճշդուած պայմանաժամի ուղղութեամբ կայ նաեւ լրատուական ճնշում: Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէր, որ իսրայէլեան բանակը անցեալ շաբաթներուն Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատկանող թիրախներու վրայ լայնածաւալ յարձակումի ծրագիր մը պատրաստած է: Նոյն տեղեկութիւնը կը հաղորդէր իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը Հըզպալլայի վրայ յարձակումներուն մէջ մագլցման ծրագիրը ներկայացուցած է քաղաքական իշխանութեան:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած էր նաեւ այն, որ Իսրայէլի համբերութիւնը կը սպառի, եւ թէ Լիբանանին յղուած է պատգամ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ եթէ Հըզպալլայի դէմ չշարժիք, յարձակումներուն ծիրը պիտի ընդլայնուի:

Այս կերպ, Թել Աւիւ պարզ կը դարձնէ, որ ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու ծրագիրը պատրաստ է. որոշումի կը սպասուի: Պատասխանատուութիւնը Լիբանանի կառավարութեան ուսերուն կը դրուի: Կը սպասուի, որ լիբանանեան կառավարութիւնը Հըզպալլային պարտադրէ զէնքերու յանձնումը:

Աւելորդ է այս վերջին բաժինը մեկնաբանելը: Բոլորին համար պարզ է, որ միայն լիբանանեան կառավարութենէն ակնկալելը հարցին հանգուցալուծումը առնուազն իրատեսական չէ: Այս կերպ, իսրայէլեան կողմը կը փորձէ ճեղքեր յառաջացնել լիբանանեան բանակի եւ Հըզպալլայի միջեւ:

Այս ճնշումները տեղեկատուական դաշտէն անցում կատարած են քաղաքական-պետական դաշտ: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը կը յայտնէր, որ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու պատրաստուելուն մասին արաբական եւ միջազգային զգուշացումներ կան: Աւելի՛ն, ան ընդգծած էր, որ այս յայտարարութիւնը ոչ թէ անձնական տեսակէտ է կամ վերլուծում, այլ  փոխանցուած տեղեկութիւն: Ուրեմն, ճնշումը տեղեկատուական եւ վերլուծական դաշտերէն անցած է զգուշացումի եւ տեղեկութեան փոխանցումի փուլին:

Կը տարուինք մտածելու, որ ճնշումի աստիճանական մագլցում կ՛ենթադրեն այս բոլորը: Այս բոլորին դիմաց, Հըզպալլան աւելի կը խստացնէ իր դիրքորոշումը  եւ իր ընդհանուր քարտուղարին միջոցով կը յայտարարէ, որ մտադիր չեն զէնքը յանձնել: Մանաւանդ երբ այս պահանջները կ՛ըլլան սպառնալիքներով, թէ՛ յայտարարողական, թէ՛ ռազմական յարձակումներու տեսքով:

Ճնշումները կրնան սաստկանալ: Չի նշանակեր անշուշտ, որ տեղեկատուականէն քաղաքական եւ ապա ռազմական դաշտ պիտի անցնին գործողութիւնները: Թէեւ ռազմական յարձակումները կը շարունակուին: Խնդիրը լայնածաւալի մասին է, կամ ենթադրեալ ներխուժումի, առաջադրուած անվտանգութեան գօտին ստեղծելու համար:

Միաժամանակ տարբեր փուլերու նման դիպաշարի հետեւածները կրնան ենթադրել, որ բանակցային գործընթացէն առաջ կը թէժանան սպառնալիքները. նոյնիսկ յարձակումները:

«Ա.»

Նախորդը

Հոգեհանգիստ` Դաշնակցական Նահատակուած Եւ Մահացած Ընկերներու Յիշատակին

Յաջորդը

Խնձորն Ու Իր Կեանքը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.