Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նորընտիր Ազգային Ժողովը Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը. Արա Բաբլոյեան` Ազգային Ժողովի Նախագահ

Մայիս 19, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման առաջին նիստը:

Նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստին բացումը կատարեց երիցագոյն պատգամաւորը` Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակով ընտրուած` ազգութեամբ քիւրտ Կնեազ Հասանովը: Ապա օրհնութեան խօսք ուղղեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, 6-րդ գումարման Ազգային ժողովին ուղերձ յղեց նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ զանազան նիւթերու, աւելի քան մէկ ժամ տեւած իր ելոյթով նախագահը խօսեցաւ  խորհրդարանի դերի բարձրացման, երկրի կառավարման համակարգը փոխելու միջոցով յետընտրական ճգնաժամերը վերացնելու, ընդդիմութեան դերի բարձրացման, փտածութեան, «ներքին թշնամի»-ի` անարդարութեան  դէմ պայքարի, մինչեւ 2040 թուականը ընդգրկող ժամանակաշրջանի տնտեսական ցուցանիշներու, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախ շնորհաւորեց բոլոր խմբակցութիւնները` «ազատ, թափանցիկ եւ բարձր գնահատականի արժանացած ընտրութիւններուն համար», յորդորելով նաեւ մոռնալ նախընտրական փուլին իրար հասցէին հնչած մեղադրանքները: Նախագահը ըսաւ, թէ խորհրդարանէն կ՛ակնկալէ լսել սուր, քննադատական, բայց հիմնաւորուած ելոյթներ: Ապա խօսեցաւ, իր բնորոշումով, սխալ երեւոյթի մը մասին: «Առկայ է ընկալում մը, որ ընդդիմադիր պատգամաւորը, որ կողմ քուէարկած է իշխանութեան նախաձեռնութեան, այլեւս ընդդիմութիւն չէ, կամ աւելի վատ` ծախուած է: Այս տրամաբանութիւնն ու մտածողութիւնը լաւ բանի չեն հասցներ», նշեց նախագահը:

«Նոր սահմանադրութիւնը կարելիութիւն տուաւ խուսափիլ յետընտրական ճգնաժամերէ», նշեց նախագահ Սարգսեան` աւելցնելով,

այս օրերուն յաճախ իրեն հարց կու տան, թէ արդեօք գո՞հ է Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն արդիւնքներէն: «Իբրեւ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ, ես գոհ եմ մեր կուսակցութեան արձանագրած արդիւնքներէն», ըսաւ ան:

Շարունակելով իր խօսքը` նախագահը նշեց. «2 ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի ընտրութիւնները եւ յետընտրական իրավիճակը եկան հաստատելու, որ խնդիրներու լուծման ճամբան մեր կողմէ ճիշդ ընտրուած է: Կառավարման խորհրդարանական ձեւին անցնելու միջոցով մենք էապէս փոքրացուցած կամ նոյնիսկ վերացուցած  ենք քաղաքական դիմակայութիւնը կամ ճգնաժամը հանրային առճակատման վերածելու վտանգը: Խորհրդարանական կառավարման ձեւը հաստատելով` մենք չէզոքացուցած ենք քաղաքական մենիշխանութեան սպառնալիքը»:

Շեշտելով, որ սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք արդէն խորհրդարանը պիտի կազմէ արդարադատութիւն իրականացնող կարեւորագոյն մարմինները, նախագահը պատգամաւորներուն կոչ ուղղեց` ընտրութիւն կատարելով առաջնորդուելու ոչ թէ «ան մեր համախոհն է», այլ «ան իր գործի գիտակն է» սկզբունքով:

Խօսելով փտածութեան դէմ պայքարի մասին` նախագահ Սերժ Սարգսեան շեշտեց, որ  փտածութիւնը այսօր փոխած է իր դէմքը, ապա առաջարկեց յաջողութեան իր բանաձեւը: «Վստահաբար, այսօր փտածութեան դէմքը փոխուած է: Աստիճանաբար աւելի տեսանելի եւ  խոցելի կը դառնայ: Պետութիւնը կը շարունակէ հասարակութեան եւ անհատին մէջ արմատաւորել «փտածութեան հանդէպ զերօ  հանդուրժողականութեան» մշակոյթը: Բայց մենք չենք կրնար բաւարարուիլ առկայ ձեռքբերումներով: Մենք պէտք է կատարելագործենք հակափտածութեան հաստատութենական  համակարգը եւ ապահովենք անոր հետեւողական զարգացումը:

«Բոլորս կը գիտակցինք, որ առանց անոր որեւէ նախաձեռնութիւն դատապարտուած է անյաջողութեան: «Ազնուութիւն առաւել արհեստավարժութիւն նուազ փտածութիւն». այս է ցանկալի յաջողութեան բանաձեւը: Այստեղ է, որ մենք պէտք է յենինք գործի գիտակներու վրայ: Փտածութիւնը սիրողականներու համար գրաւիչ է, արհեստավարժներու համար անիկա տհաճ է, վանող եւ պարզապէս անշահաւէտ», գնահատեց նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան նաեւ խօսեցաւ «ներքին թշնամի»-ին մասին, որուն անունն է «անարդարութիւն» եւ որ, անոր խօսքով, արտաքին թշնամիէն ոչ պակաս վտանգաւոր է: Այս առնչութեամբ` նախագահ Սարգսեան  ըսաւ. «Պատերազմի նոր փուլ կը յայտարարեմ անարդարութեան դէմ: Կը դիմեմ բոլորին. մեզմէ իւրաքանչիւրը, ինչպէս որ պայքարած  է ու կը պայքարի մեր հայրենիքի անկախութեան, անոր սահմաններու  անվտանգութեան համար»: նոյնպիսի նուիրուածութեամբ եւ ջանասիրութեամբ պիտի պայքարի արդարութեան համար:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, թէ կ՛ուզէ յստակութիւն մտցնել նախընտրական շրջանին այս հարցին վերաբերեալ հնչած քանի մը միտքերու շուրջ: Ըստ էութեան,  անդրադառնալով Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերջին պնդումներուն, նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Նախ փորձ կատարուեցաւ վերակենդանացնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ վաղեմի առաջարկներէն մէկուն քննարկումը, ինչ որ, վստահաբար, չյաջողեցաւ: Եւ ատիկա բնական է: Պնդել, թէ անցեալին բանակցութեան առարկայ դարձած է լաւագոյն փաստաթուղթը, որ այսօր կրնայ հանգուցալուծման բանալի ըլլալ, կը նշանակէ մեղանչել իրականութեան դէմ:

Իսկ իրականութիւնը այն է, որ 1997-ի դեկտեմբերի փաստաթուղթը չէր ալ յաւակնիր տագնապի հանգուցալուծման, այլ, ինչպէս իր վերնագիրը կը վկայէր, ուղղուած էր զինուած տագնապի դադրեցման: Անիկա տեսակ մը զինադադարի նոր համաձայնագիր կը նախատեսէր` այս անգամ արդէն համեմուած խաղաղապահ ուժերով եւ շարք մը այլ դրոյթներով: Հայկական կողմերը կը ստանային անվտանգութեան կասկածելի երաշխիքներ եւ տագնապի քաղաքական լուծման ոչ պակաս կասկածելի ու անորոշ հեռանկար` փոխարէնը կատարելով անհամաչափ զիջումներ»:

Ապա նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ իշխանութեան հասցէին հնչող այն մեղադրանքներուն, թէ իրենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանման կողմնակիցներ են եւ հակադարձելով ըսաւ, թէ իրենք չեն ուզեր սթաթիւս քոյի պահպանում ոչ մէկ օր աւելի, չեն ուզեր յաջորդ սերունդներու ուսերուն դնել հիմնահարցի լուծման ծանրութիւնը: «Երբ Պաքուն կը կեղծէ, ըսելով, թէ մենք կ՛ուզենք ամէն գնով պահպանել սթաթիւս քոն, ատիկա թերեւս կայ հակառակորդի տրամաբանութեան շրջագիծին մէջ, բայց Հայաստանէն հնչող այդպիսի տեսակէտ չի կրնար ընդունելի ըլլալ:

Սթաթիւս քոյի փոփոխութիւնը մեզի համար ընդունելի է, բայց միայն ու միայն տագնապի համապարփակ լուծման պարագային: Հայաստանը բազմիցս կողմ արտայայտուած է փոխզիջման հիման վրայ  հանգուցալուծման երթալու օգտին, որուն էութիւնը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն ու գործադրումն է: Այս մօտեցումը արտացոլուած էր Քազանի փաստաթուղթին մէջ: Թէեւ անիկա մերժուեցաւ  Ազրպէյճանի կողմէ, բայց նախորդ փաստաթուղթերուն նման ի պահ չյանձնուեցաւ ԵԱՀԿ-ի քարտուղարութիւն, այսինքն` կը շարունակէ մնալ իբրեւ վերջին աշխատանքային փաստաթուղթ: Այո՛, փոխզիջման հիման վրայ, այլ ոչ թէ միակողմանի զիջումներու` տեղի տալով ազրպէյճանական սպառնալիքներուն, թէ հակառակ պարագային  պատերազմը անխուսափելի է», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ան աւելցուց, որ  տագնապը մինչեւ այժմ չէ լուծուած ոչ թէ Հայաստանի, կամ միջազգային միջնորդներուն պատճառով, այլ Ազրպէյճանի, որ կը խաթարէ բանակցային գործընթացը, որ սթաթիւս քոյի պահպանման ջատագովն է:

Իր ելոյթին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան խօսեցաւ նաեւ երկարաժամկէտ տնտեսական աճի եւ մինչեւ 2040 թուականի թիրախային ցուցանիշները ապահովելու կարեւորութեան մասին: Երկրին ղեկավարը շեշտեց, թէ անընդունելի է ունենալ աղքատութեան բարձր ցուցանիշ, քանի որ հայերը յայտնի են իրենց բացառիկ ձեռնարկատիրական ունակութիւններով:

Ապա Սարգսեան նշեց, որ աղքատութեան կրճատման ինչպիսի՛ ցուցանիշներ մտադիր են ապահովել. յառաջիկայ 5 տարիներուն` 18 տոկոս, իսկ 2040-ին` 7-8 տոկոս աղքատութիւն: Սարգսեան ըսաւ. թէ ակնկալիքներ ունի նաեւ բնակչութեան թուաքանակի աճին հետ կապուած: «2040-ին պէտք է հասնիլ առնուազն 4 միլիոն բնակիչի», ըսաւ  նախագահը:

Նշենք, թէ ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորները նիստերու դահլիճ մտան նախագահի ելոյթէն ետք:

ՀՅԴ-ն Պաշտպանեց Արա Բաբլոյեանի Թեկնածութիւնը

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութենէն Արմէն Ռուստամեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ, որ կը շնորհաւորէ բոլորը նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստին առիթով: «Կարեւոր ուղերձներ լսեցինք: Կ՛ողջունեմ, որ «Ելք»-ը իր թեկնածուն առաջարկեց: Ասիկա կարելիութիւն մըն է, որ իրենց տեսլականը ներկայացնեն», ըսաւ ան:

«Ազգային ժողովը պէտք է ներկայացնէ մեծամասնութիւն ունեցող ուժը: Ճիշդ ընտրութիւն կատարած է մեծամասնութիւնը, երբ առաջարկած է Բաբլոյեանը: Մարդուն կենսագրութիւնը շատ կարեւոր է: Ես վստահ եմ, որ Բաբլոյեանը այն անձն է, որ պէտք է ըլլայ Ազգային ժողովի նախագահ: Ասիկա ես կը նկատեմ 4-րդ հանրապետութեան հիմնադիր խորհրդարան եւ կը կարծեմ, որ Արա Բաբլոյեանը պէտք է ղեկավարէ այս խորհրդարանը», յայտարարեց ան:

Ազգային Ժողովի Նախագահի Ընտրութիւն

Ազգային Ժողովի նախագահի ընտրութեան գաղտնի քուէարկութեան 105 պատգամաւորէն մասնակցած է 100-ը: Քուէատուփին մէջ առկայ 100  քուէաթերթիկէն որեւէ մէկը անվաւեր  չէ ճանչցուած, յայտարարած է Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մելիքեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ ձայները բաշխուած են հետեւեալ ձեւով. Արա Բաբլոյեան` կողմ 88, դէմ 12, Էտմոն Մարուքեան` 12 կողմ, 88 դէմ:

«Այսպիսով, Ազգային ժողովի նախագահ կ՛ընտրուի Արա Բաբլոյեան: Կը շնորհաւորենք», ըսած է Գագիկ Մելիքեան:

Իր ելոյթին մէջ Արա Բաբլոյեան ըսած է. «Մեծ պատասխանատուութեամբ կ՛ընդունիմ ինծի տրուած բարձր վստահութիւնը: Ստանձնելով Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը`  յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճամ` կ՛երդնում` բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերու պահպանման, ընել ամէն ինչ քաղաքացիական համերաշխութեան, ազգային ու համամարդկային արժէքներու պահպանման համար»:

Նշենք, որ Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու Արա Բաբլոյեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Հանրապետական կուսակցութիւնը, էտմոն Մարուքեանին` «Ելք» դաշինքը:

Հայաստանի Կառավարութեան Հրաժարական Եւ Վարչապետի Վերանշանակում

Երէկ Հայաստանի կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ եւ նախագահը ընդունեց զայն:

Այս առնչութեամբ, Հայաստանի նախագահը ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն մէջ կ՛ընդունի կառավարութեան հրաժարականը:

Նշենք, որ ըստ օրէնսդրութեան, Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին, երէկ կառավարութիւնը վար դրաւ իր լիազօրութիւնները, որմէ ետք 10 օրուան ընթացքին Հայաստանի նախագահը պիտի նշանակէ նոր վարչապետ: Վարչապետի նշանակումէն ետք 20 օրուան մէջ պիտի նշանակուին կառավարութեան անդամները, իսկ ատկէ եւս 20 օրուան ընթացքին պիտի հաստատուի կառավարութեան ծրագիրը:

Միւս կողմէ, նախագահի այլ հրամանագիրով մը Կարէն Կարապետեան երէկ վերանշանակուեցաւ Հայաստանի վարչապետ:

Նախորդը

Զախարովա. «Ըստ Տարբեր Աղբիւրներու, Ազրպէյճանի Տարածքէն Հարուածած Են Հակառակ Կողմը Գտնուող Զինուորական Համակարգեր»

Յաջորդը

Տըրք Քիւյթ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?