Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ առաւօտեան աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Տաւուշի մարզ, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապի վարչութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը այցելած է հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիի մարտական դիրքերէն մէկը` շրջագայած է մարտական յենակէտի մէջ եւ ծանօթացած ծառայութեան ու զինուորներու կենցաղային պայմաններուն, երկրաչափական եւ ամրաշինական կառոյցներու, մարտական պատրաստականութեան վիճակին: Հանրապետութեան նախագահը նուէրներով խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած խումբ մը սպաներ եւ զինուորներ: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքի պաշտպաններուն, մաղթած անոնց յաջողութիւն, բարի ծառայութիւն եւ ընդգծած, որ անոնց բարեխիղճ ծառայութիւնը կը գնահատուի եւ անոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը կրնայ հանգիստ ապրիլ, աշխատիլ եւ զարգացնել մեր հայրենիքը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ մասնակցած է Իջեւանի մէջ տեղակայուած զօրամասի նոր մնայուն տեղակայման վայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են պաշտպանութեան նախարարը, զօրամասի հրամանատարը, զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդը, պարտադիր ժամկէտային զինուորներէն մէկը: Նորակառոյց զինաւանի բացման նուիրուած հանդիպումէն եւ հանդիսաւոր երթէն ետք հանրապետութեան նախագահը շրջագայած է զօրանոցին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն, զրուցած անձնակազմին հետ եւ զինուորական ճաշարանին մէջ ճաշած զինուորներուն ու հրամանատարներուն հետ:
Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարութեան Դիլիջանի «Լեռնային Հայաստան» առողջարանին մէջ նախագահը հարցազրոյց տուած է «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանի «Ռ-էւոլիւցիա» հաղորդաշարին: