Արագածոտնի մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեան իր դիմումին հիման վրայ ազատ կացուցուած է իր պաշտօնէն: Դիմումը ընդունուած է կառավարութեան նիստին:
Հաստատուած է նաեւ Աշոտ Սիմոնեանին` Արագածոտնի մարզպետ նշանակելու հարցը: Դիմելով Սիմոնեանին` վարչապետը անոր յաջողութիւն մաղթած է` ըսելով. «Մեր ակնկալիքները գիտէք, ձեր գործառոյթները գիտէք»: