Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան. «Ժամանակաւոր Դժուար Իրավիճակէն Դուրս Գալու Ելքերը Արդէն Կ՛երեւին»

Յուլիս 14, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան հերթական այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութիւն աննախադէպ ձեւաչափով էր` բոլոր մնայուն յանձնախումբերու ղեկավարներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ», այս մասին «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Աղուան Վարդանեան: «Իւրաքանչիւր յանձնախումբ իր զուգահեռ յանձնախումբին հետ աշխատանք կատարեց, ծրագրեց հետագայ աշխատանքները, խմբակցութիւնները  առանձին ձեւաչափով հանդիպումներ ունեցան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին հետ, այնուհետեւ Արցախի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովներու խմբակցութիւններու ղեկավարները առանձին հանդիպումներ ունեցան: Տեղի ունեցաւ հանդիպում նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հետ», նշեց Աղուան Վարդանեանն ու աւելցուց, որ բոլորին առաջնահերթ խնդիրը Արցախի անվտանգութիւնը, կենսունակութիւնն է եւ բնական է, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու Ազգային ժողովները պէտք է կարենան շատ սերտ համագործակցութեան մէջ ըլլալ` ներքին հարցերը միասնաբար քննարկելու եւ յատկապէս արտաքին ճակատին վրայ միասնական դիրքորոշումներով հանդէս գալու առումով:

Անդրադառնալով երկու հայկական պետութիւններու կառավարման համակարգերու տարբերութեան մասին հարցումին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ կառավարման համակարգերու որոշակի տարբերութիւնները բացարձակ խոչընդոտ չեն կրնար ըլլալ երկու Ազգային ժողովներուն համագործակցութեան համար` «մանաւանդ Արցախի պարագային, երբ ունինք համաժողովրդական վստահութիւն վայելող նախագահ, որուն ե՛ւ անկեղծ, ե՛ւ անմիջական, ե՛ւ շատ ազգային մտածողութիւնը միշտ նպաստած է, որ տարբեր հարթակներու վրայ, տարբեր ձեւաչափերով  Հայաստանը եւ Արցախը միասնական ըլլան»:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՅԴ-ՀՀԿ  իշխանական համախմբական դաշինքը կազմուելէ ետք սպասելիքներուն, Աղուան Վարդանեանի համաձայն Դաշնակցութեան համար հիմնականը ոչ թէ ընդդիմութեան կամ իշխանութեան մէջ ըլլալն է, այլ իր առաջադրած խնդիրներու լուծումը: Ըստ անոր, Հայաստանի կառավարութեան նոր ծրագիրը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ Դաշնակցութեան մօտեցումներուն: «Արդէն իսկ որոշակի դրական փոփոխութիւններ կը նկատեմ կառավարութեան գործունէութեան, տնտեսութեան մէջ, հակափտածութիւն պայքարի, ստուերային տնտեսութեան դէմ պայքարի, պետական համակարգի անաչառ դառնալուն առումով: Այս ժամանակաւոր դժուար իրավիճակէն դուրս գալու ելքերը արդէն կ՛երեւին: Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը միայն մէկ նպատակ ունի` Հայաստանի զարգացման ամուր հիմքեր դնելը, եւ այստեղ մեր համագործակցութիւնը շատ արդիւնաւէտ է», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

 

 

Նախորդը

Հանդիպում ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակին Մէջ

Յաջորդը

Արագածոտնը Նոր Մարզպետ Ունի

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?