Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Նախագիծը Հրապարակուեցաւ

October 14, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովը հրապարակած է Հայաստանի հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի բնագիրը: Փաստաթուղթը բաղկացած է 357 էջերէ:

Համաձայնագիրի նախաբանին մէջ անդրադարձ կայ ղարաբաղեան տագնապին: Անոր մէջ նշուած է, որ նկատի կ՛առնուի ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ եւ տեւական լուծման Հայաստանի Հանրապետութեան հաւատարմութեան կարեւորութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջոցով բանակցութիւններու  շրջագիծին մէջ ըստ կարելւոյն շուտ լուծման հասնելու անհրաժեշտութիւնը:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ անհրաժեշտ է խաղաղ լուծման հասնիլ ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքներուն, ԵԱՀԿ-ի Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին` յատկապէս ուժի կիրարկումէն կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքէն զերծ մնալու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հաւասար իրաւունքներու հիման վրայ:

Փաստաթուղթի 2-րդ գլուխը կը վերաբերի ուժանիւթի մարզին: 42-րդ յօդուածին մէջ նշուած է, որ հիւլէական ուժանիւթի մարզին մէջ  համագործակցութիւնը կը ներառէ արհեստագիտութիւններու, փորձի փոխանակում եւ վարժանքներու իրականացում անվտանգութեան եւ  թափօններու կառավարման մարզերուն մէջ, որպէսզի ապահովուի ատոմակայանի անվտանգ շահագործումը:

Ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ Մեծամօրի ատոմակայանի փակում եւ անոր փոխարինում Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթի անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ նոր հզօրութեամբ:

Տնտեսական համագործակցութեան մասին գլուխին մէջ նշուած է, որ Հայաստանը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ իր տնտեսական եւ  ֆինանսական կարգաւորումներն ու քաղաքականութիւնը  աստիճանաբար Եւրոպական Միութեան կարգաւորումներուն մօտեցնելու համար, իսկ Եւրոպական Միութիւնը պիտի աջակցի  Հայաստանին յուսալի մաքրոտնտեսական քաղաքականութեան հարցով:

Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն փաստաթուղթի 15-րդ յօդուածը կը վերաբերի շարժունակութեան: Նշուած է, որ կողմերը պարտաւոր են կատարելու Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած արտայանձնման եւ մուտքի արտօնագիրներու  դիւրացման համաձայնագիրները, որոնք ուժի մէջ մտած են 1 յունուար 2014-էն: Նշուած է, որ կողմերը երկխօսութեան պիտի սկսին մուտքի արտօնագիրի ազատականացման շուրջ:

 

Նախորդը

Արթուր Աղաբեկեան Նշանակուած Է Նախագահ Բակօ Սահակեանի Խորհրդական

Յաջորդը

Մպափէի Վրայ Յարձակած Սկովտիացի Համակիրը 4 Տարիով Կախակայուեցաւ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.