Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշոտեան. «Յաջորդ Շաբթուան Ընթացքին Ժընեւի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներուն Միջեւ Հանդիպումը»

October 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը: Նիստի աւարտէն ետք ՀՀԿ-ի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ քննարկուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՀԿ-ի մասնակցութեան հարցերը` ակնկալելով աշխուժ քարոզարշաւ:

«ՀՀԿ-ն կազմակերպուած մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն: Կ՛ուզեմ ճշդենք, որ քաղաքական յաջողութիւնները օդէն չեն իյնար, եւ յատկապէս խորհրդարանական կառավարման համակարգին մէջ կուսակցութիւնները պէտք է աշխուժ մասնակցութիւն ունենան ընտրութիւններուն` ունենալով հաստատութենական համակարգ»,  ըսաւ Աշոտեան: Ան նշեց, որ հպանցիկ անդրադարձ կատարուած է յաջորդ շաբթուան ընթացքին Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին մասին, որ նախաձեռնած են Մինսքի խմբակի համանախագահները:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն նախատեսուած հանդիպումին անդրադառնալով` Արմէն Աշոտեան նշեց. «Նման հարց Գերագոյն մարմինի նիստին չէ քննարկուած, կրնամ իմ անձնական տեսակէտս արտայայտել: Բանակցային սեղանին վրայ են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ընդունուած սկզբունքները` իբրեւ  բանակցային հոլովոյթի եւ վստահութեան մթնոլորտի վերականգնման սկզբունք: Բանակցային հոլովոյթը կը շարունակուի, անոր մէջ առաջնային պիտի ըլլայ վստահութեան մթնոլորտի վերականգնումը»:

Նոյն ծիրին մէջ,  լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի  արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան ըսած է, որ  Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման ժամկէտներուն մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ, եթէ ըլլայ` պիտի յայտարարուի:

«Ակնյայտօրէն այդ հանդիպման բովանդակութիւնը Պաքուին ձեռնտու չէ: Այդ տեսակէտէն, պատահական չէ Ալիեւի սադրիչ յայտարարութիւնը, երբ կը փորձէ խեղաթիւրել բովանդակութիւնն ու այլ բան ներկայացնել: Բայց, այնուամենայնիւ, չեմ կարծեր, որ ինք կարենայ խուսափիլ այդ հանդիպումէն», ըսած է Շաւարշ Քոչարեան:

Հանդիպման կազմակերպման կողմերուն պատրաստակամութեան մասին յայտարարած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները` չնշելով յստակ ժամկէտ:

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Բարերար Էտուարտօ Էռնեկեանին Յանձնած Է Հայրենիքի Շքանշան

Յաջորդը

Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստ . ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Նշանակուեցան Տնտեսական – Ընկերային Խորհուրդի Անդամներ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.