Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յառաջիկային Փաստաբանները Պիտի Աշխատին Կրկին Օրակարգ Բերել Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Հարցը Ֆրանսայի Մէջ

February 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, համերգներ, քննարկումներ. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին առիթով Ֆրանսայի մէջ բազմաթիւ  ձեռնարկներ նախատեսուած են: «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան նշեց, որ ձեռնարկները պիտի ընդգրկեն Ֆրանսայի տարբեր քաղաքները:

«Այս տարին նշանակալի է Հայաստանի համար, երկու կարեւոր իրադարձութիւններու 100-ամեակն է: Շատ լաւ առիթ է տեղեկատուական աշխատանք տանելու, որ միջազգային հանրութիւնը  իրազեկ ըլլայ մեր պատմութեան այդ կարեւոր էջերուն մասին, թէ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդը 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք կրցաւ 1918-ին ստեղծել պետականութիւն: Ես վստահ եմ, որ այդ տարիներու մեր պատմութեան էջերուն մասին Հայաստանի մէջ ալ շատ քաղաքացիներ անտեղեակ են, հետեւաբար լաւ առիթ է ներկայացնելու», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Ան տեղեկացուց, որ աշխուժօրէն պիտի մասնակցին նաեւ նշուած առիթներով Հայաստանի մէջ սպասուող ձեռնարկներուն: Մայիս ամսուան աւարտին այդ առիթով Ֆրանսայէն Հայաստան պիտի հասնի մեծաթիւ ներկայացուցչական պատուիրակութիւն` Ֆրանսայի արտաքին գործոց  նախարարին գլխաւորութեամբ:

Յառաջիկային փաստաբանները պիտի սկսին աշխատիլ` Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու հարցը կրկին օրակարգ բերելու համար, նշեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Մեր փաստաբանները տակաւին չեն սկսած աշխատանքը կառավարութեան փաստաբաններուն հետ: Ինչպէս գիտէք, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին կազմակերպած տարեկան ընթրիքին նախագահ Մաքրոնը կողմ արտայայտուեցաւ, որ այս գործընթացին նոր ընթացք տրուի: Նախագահը նաեւ իր համաձայնութիւնը տուաւ, որ ապրիլ 24-ը օրացոյցին մէջ ամրագրուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան օր: Մենք պէտք է կրկին երթանք այս պայքարին, բայց արդէն պէտք է այլ անկիւն մը գտնենք», ըսաւ Մուրատ  Փափազեան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, քանի որ ընտրութիւններէն ետք Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխաններուն զգալի մասը փոխուած է, հետեւաբար կ՛ենթադրուի աշխուժ աշխատանք խորհրդարանականներու հետ: Ան տեղեկացուց, որ հայ համայնքը  արդէն սկսած է կապեր հաստատել անոնց հետ:

Տարուան ընթացքին այլ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի կազմակերպումը, որուն պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահը:

«Մենք` իբրեւ սփիւռք, իբրեւ ֆրանսահայութիւն, պէտք է մեր դերակատարութիւնը ունենանք: Կը կարծեմ, որ այդ ձեռնարկին նաեւ քաղաքական բնոյթ պէտք է տալ, օգտագործել այդ առիթը եւ նոր դաշնակիցներ ունենալ: Յիշեցնենք, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը չեն մասնակցիր», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Արմէն Ամիրեանը

Յաջորդը

«Մեր մարտահրաւէրները բազում են ու կը կարօտին հայ ժողովուրդի ուժերու ամբողջական լարումին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.