Ցեղասպանութենէն Վերապրած Հայերու Օգնութեան Կոչ Ուղղող` Շերիֆ Հիւսէյնի Ֆաթուայի 100-ամեակ
Կլոր Սեղանին Մասնակիցները Շեշտեցին Հիւսէյն Պըն Ալիի Մարդկայնական Արժէքները Եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Համակեցութեան Կարեւորութիւնը Իւրայատուկ կարեւորութիւն ունեցող ձեռնարկ մըն էր ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կազմակերպած կլոր սեղանը` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներուն ապաստան տալու գծով Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալի Հաշեմիի հրապարակած ֆաթուայի 100-ամեակին առիթով: Կլոր սեղանը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 11 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին...




















