Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 1 փետրուարին աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրած է շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներու եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետին մասնակցութեամբ:
Քննարկուած են շրջաններու եւ մայրաքաղաքին մէջ իրականացուելիք աշխատանքներու ընթացքին վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան եւ ընկերային ապահովութեան մարզերուն:
Նախագահը յանձնարարականներ տուած է աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին պետական նախարար Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձեր:



