Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբայեան. «Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Քննարկեն Հետաքննական Մեքանիզմներու Ներդրման Հարցը»

February 7, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` Ստեփանակերտ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի հանդիպում Արցախի նախագահին հետ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին  նշեց Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան, այսպիսի այցելութիւններու ժամանակ սովորաբար անոնք առիթ կ՛ունենան հանդիպելու նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու` արտաքին գործոց նախարարին, խորհրդարանի ղեկավարին եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ: «Պիտի քննարկուին շարք մը հարցեր:

Անդրադարձ պիտի կատարուի ընթացիկ եւ տագնապի լուծման վերաբերող հարցերուն: Քանի որ հիմնական շեշտը կը դրուի սահմանին զինադադարի խախտումներու հետաքննական մեքանիզմներու ներդրման վրայ, որ զինադադարի դրութեան խախտումները ձեւով մը չէզոքանան, բնական է, որ յատուկ ուշադրութիւն պիտի տրուի այդ հարցերուն», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան: Ան նշեց, որ որեւէ նման այցելութիւն Արցախը կարեւոր կը նկատէ: Կ՛ակնկալուի, որ այդ հարցերու քննարկումը նպաստէ տագնապի խաղաղ լուծման  հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ շրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) 8-9 փետրուարին Հայաստան պիտի այցելեն: Եռանախագահները պիտի այցելեն նաեւ Արցախ` հանդիպելու տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ: Նախատեսուած է համանախագահներու այցելութիւնը նաեւ Ազրպէյճան:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Տարածքային, Վարկանշային Ընտրակարգէն Պէտք Է Հրաժարիլ, Անիկա Արդար Չէ»

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Պիտի Բարձրացնէ Ռոնալտոյի Աշխատավարձը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.