Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն.  Խորհրդածութիւն Ֆրանսայի Մէջ Գործող  Միութիւններու Ապագային Վերաբերեալ

Հաղորդագրութիւն. Խորհրդածութիւն Ֆրանսայի Մէջ Գործող Միութիւններու Ապագային Վերաբերեալ

Կիրակի, 10 դեկտեմբերին, ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ խորհրդածութեան եւ միտքերու փոխանակման միօրեայ հանդիպում` Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան մէջ: Հանդիպումին մասնակցեցան Ֆրանսայի տարբեր շրջաններու միութիւններու շուրջ քառասուն ներկայացուցիչներ. ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբ, Ֆրանսահայ կապոյտ խաչ, Համազգային, ՀՄԸՄ եւ ՀՅԴ «Նոր սերունդ»: Մասնակիցները քննարկեցին միութենական կառոյցներու գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւէտ եւ արդիական դարձնելու, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ համագործակցութեան նոր միջոցներ ստեղծելու կարելիութիւնները: Շեշտը...

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի  Նոր Ատեանի Սրբանկարներու Օծում  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ասպետ»-ի  Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Նազարէթ  Եւ Պետիկ Սապունճեան Եղբայրները

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Նոր Ատեանի Սրբանկարներու Օծում Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ասպետ»-ի Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Նազարէթ Եւ Պետիկ Սապունճեան Եղբայրները

Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2017-ին, յընթացս սուրբ պատարագին, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի նոր ատեանին սրբանկարներուն օծումը: Նոր ատեանի շինութեան ծրագիրը իրագործուեցաւ բարերարութեամբ Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեան եղբայրներուն` ի յիշատակ իրենց ծնողքին` Ճորճի եւ Անժել Սապունճեաններուն: Ս. Երրորդութեան, Ս. Պօղոս առաքեալի, Ս. Պետրոս առաքեալի, Ս. Յակոբ Մծբնացիի, Հռիփսիմէ...

Արտաքուստ Բարեզարդուած Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ.  «Պէտք Է Հաւատքի Արտայայտութեամբ Լսել  Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին`  Մեր Հոգիներուն Մէջ Արձագանգող Պատգամը»  Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Արտաքուստ Բարեզարդուած Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ. «Պէտք Է Հաւատքի Արտայայտութեամբ Լսել Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին` Մեր Հոգիներուն Մէջ Արձագանգող Պատգամը» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնին եւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ արտաքուստ բարեզարդման առիթով, անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 16 դեկտեմբերին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աղօրհնէք, որուն յաջորդեց ոչխարներու զենում եւ մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն: Կիրակի, 17 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ժեհթաուի փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ...

Ս. Ծննդեան Համերգ` Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան Համերգ` Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հովանաւորութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեաններուն կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ  տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեանի, մասնակցութեամբ «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» երգչախումբերուն, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ...

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան  Կեդրոնի Աւանդական Ցուցահանդէս

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Աւանդական Ցուցահանդէս

Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին կազմակերպութեամբ, հովանաւորութեամբ Լիւսի Ադամեանին, շաբաթ, 16 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ աւանդական տօնավաճառին: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, Պերճ վրդ. Սապան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր...

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Գլխաւորութեամբ  Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Գլխաւորութեամբ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

Հանրապետութեան նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, ուր քննարկուած են ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարի իրաւական ու կառուցակարգային նախադրեալներու ամրապնդման հիմնախնդիրները: Առաջին հարցը խորհուրդի անդամներուն զեկուցած է պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեան, իսկ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բնագաւառին մէջ Հայաստանի ձեռնարկած միջոցառումներու, հիմնախնդիրներու եւ...

Մանոյեան. «Վտանգաւոր Է Պաքուի Առաջարկը,  Թէ Եկէք Բանակցինք Այն Կէտերուն  Հարցով, Ուր Համաձայնութիւն Կայ»

Մանոյեան. «Վտանգաւոր Է Պաքուի Առաջարկը, Թէ Եկէք Բանակցինք Այն Կէտերուն Հարցով, Ուր Համաձայնութիւն Կայ»

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, 15 դեկտեմբեր 2017-ին հրաւիրուած ասուլիսին ամփոփելով 2017 թուականը, նկատեց, որ տարին Հայաստանի Հանրապետութեան համար եղած է որոշ ձեռքբերումներու տարի, բայց գլխաւոր ձեռքբերումը Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան համաձայնագիրն է: «Հիմնական նուաճումը եւ ձեռքբերումը Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրի ձեռքբերումն է, բան մը, որ կարելի էր 4 տարի առաջ ալ ընել, եթէ...

Արա Յարութիւնեան Ընդունեց  ՀՅԴ Արցախի Ներկայացուցիչները

Արա Յարութիւնեան Ընդունեց ՀՅԴ Արցախի Ներկայացուցիչները

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան 14 դեկտեմբերին ընդունած է ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական եւ շրջանային կոմիտէներու պատասխանատուները` քննարկելու գիւղատնտեսութեան զարգացման հայեցակարգին հետ կապուած որոշ հարցեր: Ողջունելով հանդիպումին մասնակիցները` Յարութիւնեան նշած է, որ մշակուող հայեցակարգին նպատակն է կանոնակարգել գիւղատնտեսութեան զարգացման ուղղուած պետական քաղաքականութիւնը: «Արդէն բաւական ժամանակ է, որ կ՛իրականացնենք քննարկումներ հայեցակարգի մշակման ուղղութեամբ, եւ յառաջիկային անիկա ընդունուելէն ետք պիտի սկսինք կիրարկման...

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցած Է  Հայ-Յունա-Կիպրական Եռակողմանի Հանդիպում

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայ-Յունա-Կիպրական Եռակողմանի Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը 14 դեկտեմբերին ընդունեց Կիպրոսի նախագահի մարդասիրական եւ արտերկրի հարցերով յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիուն եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թերենս Նիքոլաոս Քուիքը: Եռակողմանի հանդիպումին ընթացքին  քննարկուեցան միացեալ համագործակցութեան շարք մը հարցեր: Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ողջունելով հիւրերը նշեց. «Ուրախ եմ, որ եռակողմանի համագործակցութիւնը կը շարունակուի: Կարեւոր է, որ մենք կ՛իրականացնենք այն ծրագիրները, որոնց մասին ձեռք բերուած...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահ.  Երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի  Ալպոմի Շնորհահանդէս

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի Ալպոմի Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի ալպոմի շնորհահանդէսը: Ցուցասրահի անձնակազմին անունով խօսք առաւ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան նկատել տուաւ, որ յետեղեռնեան շրջանին, երբ հայութիւնը` տարագրուած իր հայրենի օճախէն, հասաւ Սուրիա եւ Լիբանան ու փորձեց վերակերտել իր կեանքը, վստահաբար ոչ ոք կը յուսար, որ ան շուտով ո՛չ միայն պիտի վերագտնէ...

«Վերջին Տարիներուն Որոշակիօրէն  Աշխուժացած Են Լիբանանեան Ներդրումները  Հայաստանի Տնտեսութեան Մէջ»

«Վերջին Տարիներուն Որոշակիօրէն Աշխուժացած Են Լիբանանեան Ներդրումները Հայաստանի Տնտեսութեան Մէջ»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ  Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարունը, որ աւարտած է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ: Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին, նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է դեսպանին գործունէութիւնը պաշտօնավարման շուրջ չորսուկէս տարիներուն` ընդգծելով, որ ան, իբրեւ բարեկամ երկրի գործուն դեսպան, մեծ ջանք ներդրած է հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ...

Արմէն Ռուստամեան. «Ակնյայտ Է,  Որ Պայմանաւորուածութիւնները  Ազրպէյճանի Համար Ինքնանպատակ Են»

Ռուստամեան. «Երուսաղէմի Շուրջ Զարգացումները Կը Սրեն Լարուածութիւնը Շրջանին Մէջ»

«Ասիկա կը բանայ փանտորայի յայտնի արկղը, որ պիտի ունենայ շատ լուրջ հետեւանքներ: Ի վերջոյ, ասիկա իսրայէլեան-պաղեստինեան ծրարին մէկ մասն էր, եւ ասիկա լարուածութիւն պիտի յառաջացնէ, քանի որ անոր հետ կապուած է ո՛չ միայն Պաղեստինը, այլեւ ամբողջ շրջանը»: «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նման կարծիք յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի  ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով Թրամփի կողմէ...

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով.  «Երուսաղէմի Մասին Ամերիկեան Որոշումը  Ընդվզեցուցիչ Մարտահրաւէր Մըն Է»

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով. «Երուսաղէմի Մասին Ամերիկեան Որոշումը Ընդվզեցուցիչ Մարտահրաւէր Մըն Է»

Երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ...

«Մեր Առաքելութիւնը Վերանորոգ Հաւատքով,  Յոյսով Ու Տեսիլքով Պիտի Շարունակենք»  Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը`  Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Աւարտին

«Մեր Առաքելութիւնը Վերանորոգ Հաւատքով, Յոյսով Ու Տեսիլքով Պիտի Շարունակենք» Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը` Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Աւարտին

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Ազգային ընդհանուր ժողովը 2017 դեկտեմբերին իր յարկին տակ առաւ շուրջ 100 պատգամաւորներ, թեմակալ առաջնորդներ եւ հիւրեր, որոնք չորս օրուան վրայ քննեցին ու քննարկեցին Ազգային ընդհանուր ժողովի Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն քառամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ զեկուցաբերներու միջոցով ներկայացուցին կաթողիկոսութեան  հիմնախնդիրներէն քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, պահանջատիրութեան, եւ սփիւռքի վերակազմակերպումին վերաբերող...

Ներդրումային Աշխուժացման  Համաձայնագիրի  Ստորագրութիւն` Հայ Եւ Լիբանանցի  Գործարարներու Միջեւ

Ներդրումային Աշխուժացման Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն` Հայ Եւ Լիբանանցի Գործարարներու Միջեւ

Հաղորդագրութիւն` «Ար.Տի.Սի.Էլ»-ի` Աշխարհի լիբանանցի գործարարներու համախմբումին եւ  հայկական առեւտրական եւ տնտեսական պատուիրակութեան հետ փորձառութիւններու փոխանակման եւ ներդրումային աշխուժացման համաձայնագիրի մը ստորագրման շուրջ: «Ար.Տի.Սի.Էլ»-ը` Աշխարհի լիբանանցի գործարարներու համախմբումը Ֆուատ Զմքհլի եւ վարչական անդամներու նախագահութեամբ, հայկական առեւտրական պատուիրակութեան հետ փորձառութիւններու փոխանակման եւ ներդրումային աշխուժացման համաձայնագիր մը ստորագրեց: Այս համաձայնութեան ստորագրումը եւ հաւաքը կազմակերպուած էին Ֆուատ Զմքհլի հրաւէրով` երեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2017-ին: Լիբանանեան...

Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Մը  Ունեցած Է Քոցիասի Հետ

Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Մը Ունեցած Է Քոցիասի Հետ

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018-ի Գարունը Պիտի Դիմաւորէ Առանց Հայաստան - Թուրքիա Արձանագրութիւններուն» Դեկտեմբեր 12-ին պաշտօնական այցելութեամբ Աթէնք գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում մը ունեցած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիասի հետ: Հանդիպումէն ետք` նախարար Քոցիասի ընկերակցութեամբ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաժողովներու սրահին մէջ նախարար Նալբանդեան հանդէս եկած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, միջազգային եւ շրջանային հրատապ հիմնախնդիրներուն եւ...

Կիպրոսի Նախագահ. «Հայ Եւ Կիպրացի  Ժողովուրդները Դարձած Են Միեւնոյն  Յարձակողապաշտին Զոհերը»

Կիպրոսի Նախագահ. «Հայ Եւ Կիպրացի Ժողովուրդները Դարձած Են Միեւնոյն Յարձակողապաշտին Զոհերը»

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես յայտարարած է, որ հպարտ է կղզիի քաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական կեանքին մէջ հայ համայնքին աւանդով: Կիպրոսի հայերուն նուիրուած ձեռնարկին իր ունեցած ելոյթին ընթացքին նախագահ Անասթասիատես յիշեցուցած է, որ երկու ժողովուրդները զոհուած են նոյն թշնամիին  պատճառով` նշելով, որ իրենք չեն յանձնուած, պայքարած են եւ կը շարունակեն պայքարիլ, որպէսզի միջազգային ասպարէզի մէջ գերակշռէ մեծ արդարութեան սկզբունքը: Ան ըսած...

Նախագահ Աուն. «Թրամփի Քայլը Կը Ջլատէ  Միացեալ Նահանգներու Մեծ Պետութիւն  Ըլլալու Իրականութիւնը»

Նախագահ Աուն. «Թրամփի Քայլը Կը Ջլատէ Միացեալ Նահանգներու Մեծ Պետութիւն Ըլլալու Իրականութիւնը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ուղղուեցաւ Պոլիս, ուր մասնակցեցաւ Երուսաղէմի նուիրուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ վեհաժողովին` ներկայացնելով Լիբանանը: Նախագահ Աունի ընկերակցեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչ մասնակցեցաւ վեհաժողովը կանխող նախարարական նիստին: Պասիլ ընդգծեց վեհաժողովէն յստակ ու քաջ որոշումներով դուրս գալու կարեւորութիւնը` լաւապէս ըմբռնելով Երուսաղէմին հասած վտանգին չափն ու կշիռը: Իր կարգին, նախագահ Աուն նշեց, որ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի  Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան  Յանձնախումբի Նախագահը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Նախագահը

Չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հարես Շեհապը` ընկերակցութեամբ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեանի: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահել վերջին շրջանին Երուսաղէմի հարցին գծով յանձնախումբին կատարած հանդիպումներէն, ինչպէս նաեւ հրաւիրել վեհափառ հայրապետը քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու ժողովին: Արամ Ա. կաթողիկոս անգամ մը եւս շեշտեց Երուսաղէմի պատմական...

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի  37-րդ Հատորի Շնորհահանդէս` Սփիւռքի  Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 37-րդ Հատորի Շնորհահանդէս` Սփիւռքի Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին նախաձեռնութեամբ չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 37-րդ հատորի շնորհահանդէսը: Ողջունելով ներկաները` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ Հայկազեան համալսարանը 2 տարի առաջ բոլորեց իր 60-ամեակը, եւ անիկա այդ տարիներուն ընթացքին կրցած է Միջին Արեւելքի մէջ գիտակրթական, դաստիարակչական գործունէութիւն իրականացնել: Նախարարը կարեւոր նկատեց սերտ համագործակցութեան...

Page 589 of 796 1 … 588 589 590 … 796

Արխիւներ