Նախանցեալ օրուան կառավարութեան նիստէն ետք արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւններու հրապարակած զեկուցումին, որուն մէջ նշուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութիւնը կրնայ վերածուիլ զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու, քանի որ չի նկատուիր երկու կողմերու` փոխզիջումներ կատարելու պատրաստակամութիւնը:
«Այն հանգամանքը, որ պայթիւնավտանգ է իրավիճակը, բոլորիս համար ակնյայտ է, անոր վկայութիւնն են 2016-ի ապրիլեան դէպքերը: Բաւական է յիշատակել Ազրպէյճանի նախագահի վերջին ելոյթը, որ ցոյց կու տայ, թէ ան ինչի՛ պատրաստ է, եւ որ Ազրպէյճանը պատրաստ չէ բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթացի: Իր այդպիսի ելոյթով Ազրպէյճանի նախագահը փայլուն ձեւով անհերքելիօրէն ապացուցեց, որ Ղարաբաղը երբեք չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ, եւ որ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը անխուսափելի է», ըսաւ Քոչարեան:



