Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հրաւէրով լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք հոգեւոր պետերուն` Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի, արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ու ներկայութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու կեդրոնական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, հինգշաբթի, 21 դեկտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը: Ժողովականները քննարկեցին 1918 մայիսի 28-ին հռչակուած անկախութեան համազգային պանծալի իրագործումը համագաղութային տարողութեամբ նշելու օրակարգը: Այս իմաստով անհրաժեշտ նկատուեցաւ Հայաստանի Ա....

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Բացառիկ Համար Եւ Արխիւի Թուայնացում

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Բացառիկ Համար Եւ Արխիւի Թուայնացում

Աւանդութիւն դարձած տարեփակի խոհերու կարգով, անգամ մը եւս այս սիւնակներուն մէջ կը տեղաւորենք «Ազդակ»-ի միամեայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, իրագործումները, բացթողումները եւ յառաջիկայ տարուան կարեւորագոյն ծրագիրներու նախանիշերը: «Ազդակ»-ի 90-ամեակի նշումը յոբելենական հանդիսութիւններէն աւելի, մեզ մղեց մնայուն հետք ձգելիք որոշ ծրագիրներ իրականացնելու հրամայականին ուղղութեամբ աշխատելու: Մեր առաջին առաջադրանքը եղաւ հրատարակել յատուկ բացառիկ հատոր մը, որ կարելիի սահմաններուն մէջ պիտի հաւաքէր «Ազդակ»-ի պատմութեան...

Սերժ Սարգսեան. «Կը Կարծեմ, Թէ 6 Առ Հարիւրէն  Աւելի Տնտեսական Աճ Պիտի Ունենանք 2018-ին»

Սերժ Սարգսեան. «Կը Կարծեմ, Թէ 6 Առ Հարիւրէն Աւելի Տնտեսական Աճ Պիտի Ունենանք 2018-ին»

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով 21 դեկտեմբերին Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի գործարարներուն յատկացուած ընդունելութիւն, որուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան յղած է իր շնորհաւորական խօսքը, անդրադարձած է 2017-ի տնտեսական պատկերին եւ 2018-էն եղած ակնկալութիւններուն: Ան յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ մաղթած է գործարարներուն` դիտել տալով, որ անոնց յառաջդիմութեան շնորհիւ երկրին մէջ կ՛արձանագրուի տնտեսական աճ, կը բացուին նոր աշխատատեղեր...

Արցախի 2018 Թուականի Պետական Պիւտճէն  Վաւերացուեցաւ. Դաշնակցութիւնը Թեր Քուէարկեց

Արցախի 2018 Թուականի Պետական Պիւտճէն Վաւերացուեցաւ. Դաշնակցութիւնը Թեր Քուէարկեց

21 դեկտեմբերին Արցախի Ազգային ժողովը գումարած է 6-րդ նստաշրջանի եզրափակիչ նիստը, որուն ընթացքին նախատեսուած պիւտճէական քննարկումներուն մասնակցած է Արցախի կառավարութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ: Ողջունելով ներկաները` Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդգծած է պիւտճէի նախագիծի քննարկումներուն ծիրին մէջ իշխանութեան օրէնսդիր եւ գործադիր թեւերուն միջեւ գործնական ու վստահելի համագործակցութեան իրողութիւնը` իբրեւ սահմանադրական մշակոյթի շարունակական ձեւաւորման վկայութիւն: Խորհրդարանը շարունակած է...

Թուրքիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը Փորձած Է  Յարձակիլ Կարօ Փայլանին Վրայ

Թուրքիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը Փորձած Է Յարձակիլ Կարօ Փայլանին Վրայ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան թրքական խորհրդարանին մէջ դարձեալ յարձակումի ենթարկուած է իշխանական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը: Փայլան իր արտասանած խօսքին ընթացքին Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Նաճի Աղպալին կոչ ուղղած է` յատուկ քննութեան սկսելու նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի ընտանիքի անդամներուն` Մեն կղզիի վրայ անդրծովեան ընկերութիւններուն հետ կապին...

Հրապարակուեցան Պաղեստինեան Գաղթակայաններու  Եւ Պաղեստինցի Գաղթականներու  Ընդհանուր Հաշուարկին Արդիւնքները

Հրապարակուեցան Պաղեստինեան Գաղթակայաններու Եւ Պաղեստինցի Գաղթականներու Ընդհանուր Հաշուարկին Արդիւնքները

Երէկ` հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ, Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբը` ներկայութեամբ երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրիին, յայտարարեց Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններու եւ պաղեստինցի գաղթականներու ընդհանուր հաշուարկին արդիւնքները: Ձեռնարկին ներկայ էին նախարարներ, երեսփոխաններ, դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, դեսպաններ եւ հիւրեր: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Պաղեստինի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հասան Մնայմնէ: Ան ըսաւ, որ տարի...

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական Խորհրդարանին Հետ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Բնականոն Կերպով Կը Զարգանան»

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական Խորհրդարանին Հետ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Բնականոն Կերպով Կը Զարգանան»

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 դեկտեմբերին ընդունած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի պատուիրակութիւնը` յանձնախումբի համանախագահ Սաճատ Քարիմի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութիւնը Երեւան կը գտնուի յանձնախումբի հերթական` 17-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով: Ողջունելով հիւրերը` նախագահը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ Եւրոպական խորհրդարանին հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները բնականոն կերպով կը զարգանան եւ կ՛ընդարձակուին` թէ՛ երկկողմանի, եւ թէ՛ բազմակողմանի հարթութիւններու վրայ: Նախագահը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ շատ...

Արձանագրութիւններուն Վերաբերող Սերժ Սարգսեանի Յայտարարութիւնը Ճնշում Էր Թուրքիոյ Համար

Արձանագրութիւններուն Վերաբերող Սերժ Սարգսեանի Յայտարարութիւնը Ճնշում Էր Թուրքիոյ Համար

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` խօսելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան մասին, որ` Հայաստանի կողմէ հայ-թուրքական արձանագրութիւններու չեղեալ յայտարարուիլը ոչ մէկ իմաստ պիտի ունենայ իրենց համար` ըսած է. «Հայ-թրքական արձանագրութիւնները առ ոչինչ կը յայտարարուին, եթէ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր յայտարարութիւնը կեանքի կոչէ»: Չաւուշօղլու ըսած...

ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Վետիի Մէջ

ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Վետիի Մէջ

ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը կազմակերպուած է Արարատի մարզի Վետի քաղաքին մէջ: Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ան ըսած է, թէ հարիւր տարի առաջ Դաշնակցութիւնը որոշեց ամէն տարի նշել իր օրը. նշել` ո՛չ միայն ներկայացնելու, թէ անցեալին ինք ի՛նչ  կատարած է, այլ նաեւ, նախ եւ առաջ հաշիւ...

Միջազգային Համաժողով Մոսկուայի Մէջ` ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի Գրասենեակին Նախաձեռնութեամբ

Միջազգային Համաժողով Մոսկուայի Մէջ` ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի Գրասենեակին Նախաձեռնութեամբ

ՀՅԴ Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ 15 դեկտեմբերին Մոսկուայի «Փրեզիտենթըլ» պանդոկի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է միջազգային համաժողով` «Հայ-ռուսական համագործակցութիւն. հեռանկարներն ու հիմնական մարտահրաւէրները» խորագիրով: Անոր կը մասնակցէին երկու երկիրներու  պաշտօնական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ, լրագրողներ եւ հասարակական-քաղաքական  գործիչներ: Համաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեան, Արցախի Հանրապետութեան դեսպանորդ Ռուբէն Զարգարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական...

Աղուան Վարդանեան. «Մեր Ծրագրային Նպատակներէն Է Եւրոպական Արժեչափերուն Համապատասխանող Պետութիւն Կառուցել»

Աղուան Վարդանեան. «Մեր Ծրագրային Նպատակներէն Է Եւրոպական Արժեչափերուն Համապատասխանող Պետութիւն Կառուցել»

Հայաստանի խորհրդարանին մէջ երկու օր առաջ սկսած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի 17-րդ նիստին ելոյթ ունեցած է նաեւ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան` իբրեւ նիւթ ունենալով «Տարածաշրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրները»: Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր արտասանած խօսքը` ամբողջութեամբ: Հայաստանի խորհրդարանում ես ներկայացնում եմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը: Մեզ համար բարձրագոյն արժէք են անկախ պետականութիւնը, երկրի հնարաւոր առաւելագոյն...

«Ազրպէյճան Կը Մերժէ Վերահաստատել  Իր Յանձնառութիւնը` Մինսքի Խմբակի  Համանախագահներուն Առաջարկած Սկզբունքներուն»  Հաստատեց Նախարար Նալբանդեան

«Ազրպէյճան Կը Մերժէ Վերահաստատել Իր Յանձնառութիւնը` Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Առաջարկած Սկզբունքներուն» Հաստատեց Նախարար Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախորդ շաբաթ Յունաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հարցազրոյց մը տուած է յունական «Էթնոս» թերթին: Իր այցելութեան նպատակին մասին խօսելով` նախարար Նալբանդեան դիտել տուած է, որ հայերն ու յոյները եղբայր ժողովուրդներ են, անոնք կապուած են դարաւոր ջերմ յարաբերութիւններով, փոխադարձ մեծ յարգանքով, փոխադարձ աջակցութեամբ եւ համերաշխութեամբ: Անոր համաձայն, ինք եւ յոյն պաշտօնակիցը կանոնաւոր դրութեամբ հանդիպումներ...

Հայաստանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ  Ստորագրուած Համաձայնագիրը Պիտի Օգնէ  Ընդլայնելու Համագործակցութեան Ծիրը

Հայաստանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Ստորագրուած Համաձայնագիրը Պիտի Օգնէ Ընդլայնելու Համագործակցութեան Ծիրը

Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի 17-րդ նիստին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան նշեց, որ քանի մը օր առաջ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած համապարփակ եւ ընդլայնուած համաձայնագիրը յաւակնոտ փաստաթուղթ է, որ նոր էջ կը բանայ երկկողմանի յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ: Ըստ անոր, Հայաստան անկախութենէն ի վեր յայտարարած է, որ երկրին հիմնական ուղղութիւններէն մէկն է Եւրոպայի հետ սերտ...

Մոկերինիի Այցելութեամբ` Միջազգային  Զօրակցութեան Մթնոլորտի Մէջ.  Կառավարութիւնը Վերահաստատեց Իր Յանձնառութիւնը`  Երկրի Առկախ Հարցերու Լուծման  Եւ Վստահութեան Ամրագրման Խոստումով

Մոկերինիի Այցելութեամբ` Միջազգային Զօրակցութեան Մթնոլորտի Մէջ. Կառավարութիւնը Վերահաստատեց Իր Յանձնառութիւնը` Երկրի Առկախ Հարցերու Լուծման Եւ Վստահութեան Ամրագրման Խոստումով

Լիբանանի կայունութեան եւ անդորրութեան ամրապնդման գծով արտաքին, յատկապէս` միջազգային երաշխիքներու եւ յանձնառութեան իբրեւ ցուցանիշ, Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան յանձնակատար Ֆրետերիքա Մոկերինի երէկ` Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, վերահաստատեց միջազգային այս կազմակերպութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման ճիգերուն: Մոկերինի, որուն կ՛ընկերանար Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիստինա Լասըն, իր գլխաւորած պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ երկրի երեք իշխանութեանց եւ արտաքին գործոց նախարարին...

750.000 Տոլարի Գումարով Հիմնադրամ`  Կաթողիկոսարանին Մէջ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»  Շքանշանով Պարգեւատրեց Վերոնիք Կարեւորեանը

750.000 Տոլարի Գումարով Հիմնադրամ` Կաթողիկոսարանին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Վերոնիք Կարեւորեանը

19 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ, միաբան հայրերու ու հիւրերու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Վերոնիք Կարեւորեանը: Նախքան պարգեւատրումը, ֆրանսերէնով կարդացուեցաւ Վերոնիքի ողբացեալ ամուսնոյն` տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի կենսագրութիւնը եւ յատկապէս իր բերած նպաստը հայ գրականութեան ու մշակոյթին: Ապա, ֆրանսերէնով խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը նշեց, թէ հայ մշակոյթը տիրական ներկայութիւն եղած...

Ակնարկ.  Պաղեստինեան Երուսաղէմի Ճանաչման  Թրքական Նախաձեռնութիւնը

Ակնարկ. Պաղեստինեան Երուսաղէմի Ճանաչման Թրքական Նախաձեռնութիւնը

Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի կամ Պաղեստինի մէջ դեսպանատուն բանալու, կարելի է բնական շարունակութիւնը նկատել Անգարայի կողմէ նախաձեռնուած եւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ ժողովին ընթացքին Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումին: Անգարան այս հարցին մէջ գերաշխուժ վարքագիծ կը դրսեւորէ: Շարժառիթային քանի մը հանգամանքներ կարելի է մտաբերել այս յայտարարութիւններուն առիթով: Նախ, բնականաբար Անգարան պահը պիտի փորձէր լիարժէքօրէն շահարկել...

Նախագահ Սարգսեան. «ՕԹԱՆ-ի Հետ  Հայաստանի Համագործակցութիւնը  Բնականոն Կը Զարգանայ»

Նախագահ Սարգսեան. «ՕԹԱՆ-ի Հետ Հայաստանի Համագործակցութիւնը Բնականոն Կը Զարգանայ»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէօլլըրը, որ Հայաստան կը գտնուի  մասնակցելու «ՕԹԱՆ-ի շաբաթ» նախաձեռնութիւններուն: Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է Հայաստանի մէջ աւանդաբար կազմակերպուող «ՕԹԱՆ-ի շաբաթ» ձեռնարկներու շարքը` լայն հասարակութեան Հայաստան-ՕԹԱՆ յարաբերութիւններու մասին պարբերաբար իրազեկելու տեսանկիւնէն: Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ ՕԹԱՆ-ի  հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը բնականոն կը զարգանայ եւ շնորհակալութիւն յայտնած է...

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի  «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան  Պատգամաւորներու Հերթական Հանդիպումը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Պատգամաւորներու Հերթական Հանդիպումը

15 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներու հերթական հանդիպումը` այս անգամ Ասկերան շրջանային կեդրոնի Էտմոն Բարսեղեանի անունը կրող միջնակարգ դպրոցի ուսուցչական անձնակազմին հետ: Հանդիպումին սկիզբը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեան ներկայացուց Իրանի «Թեւանիկ»  խումբի կրթութեան մարզին առնչուող ծրագիրները: «Արցախի համալսարաններուն եւ ուսումնարաններուն մէջ գիւղատնտեսական եւ զինուորական մասնագիտութիւն ընտրած ուսանողները գերազանց յառաջդիմութեան պարագային պիտի...

Տոն Պոյաճեան Մտադիր Է Առաջադրել  Իր Թեկնածութիւնը Քոնկրեսի  Ընտրութիւններուն

Տոն Պոյաճեան Մտադիր Է Առաջադրել Իր Թեկնածութիւնը Քոնկրեսի Ընտրութիւններուն

Օլպանի Հայ դատի յանձնախումբը իր աջակցութիւնը յայտնած է Նիւ Եորք նահանգէն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը ներկայացնող Տոն Պոյաճեանի թեկնածութեան առաջադրումին: «Տոնը բազմիցս ցոյց տուած է այս աշխատանքին համար մեզի  անհրաժեշտ թեկնածուն ըլլալու համար պահանջուող կարողութիւնները, իր առաջնորդական հմտութիւնները», ըստ «Արմինիըն Ուիքլի»-ին` յայտարարած է յանձնախումբի նախագահ Անդրանիկ Գարակէօզեան: Պոյաճեան նախ պէտք է մասնակցի նախնական ընտրութեան` իր կուսակցութեան կողմէ առաջադրուելու...

Ուաշինկթըն Վեթոյի Կ ՛ենթարկէ  Երուսաղէմի Վերաբերեալ Բանաձեւը

Ուաշինկթըն Վեթոյի Կ ՛ենթարկէ Երուսաղէմի Վերաբերեալ Բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներ իրենց վեթոյի իրաւունքը կիրարկեցին Երուսաղէմի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած եգիպտական բանաձեւին դէմ: 14 երկիրներ բանաձեւին թեր քուէարկեցին: ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի մերժեց այն ամբաստանութիւնները, թէ Ուաշինկթըն կը հեռանայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթէն` նշելով. «Պաղեստինցի ղեկավարներուն յայտարարութիւնները իրենց չեն նպաստեր, եւ Ուաշինկթըն շատ բան տուաւ պաղեստինցի ժողովուրդին»: Ըստ անոր, ՄԱԿ-ը անգամ մը եւս...

Page 588 of 796 1 … 587 588 589 … 796

Արխիւներ