Երէկ Արցախի քաղաքական եւ պետական գործիչ, Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, ազգագրագէտ Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան օրն էր. ան պիտի դառնար 59 տարեկան:
Օրուան առիթով Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, պետական պաշտօնեաներ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի պատասխանատուներ, արցախեան շարժման մասնակիցներ, անոր ընտանիքին անդամներն ու հարազատները այցելեցին Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր, ծաղիկներ խոնարհեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին:
Այնուհետեւ, արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան (ՀՅԴ) նախաձեռնութեամբ Ազգային ժողովին մէջ կազմակերպուած է «Արթուր Մկրտչեան մարդ-գիտնականը, պետական-քաղաքական գործիչը եւ արցախեան շարժման առաջամարտիկներէն մէկը» նիւթով քննարկում:
Ձեռնարկին ներկայ էին Արթուր Մկրտչեանի հետ անմիջական առնչութիւն ունեցած մարդիկ:
Մասնակիցները ներկայացուցած են Ա. Մկրտչեան անհատը, հայրենասէրը, կիսուած յիշողութիւններով, միտքեր փոխանակած, հանդէս եկած են հարցադրումներով:
Իր խօսքին մէջ արժեւորելով Ա. Մկրտչեանի դերակատարութիւնը` արցախեան շարժման առաջամարտիկ Համլեթ Գրիգորեան նշած է, որ իր կարծիքով` Արթուր Մկրտչեանի առեղծուածային մահուան մէջ քաղաքական դրդապատճառներ կային:
Ըստ «Արցախփրես»-ի, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան ըսած է, որ արցախեան շարժումը քաղաքական եւ ռազմական ասպարէզ հանած է առաջամարտիկներ. անոնցմէ մէկն ալ Արթուր Մկրտչեանն էր: «Ան բիւրեղեայ մաքրութեան տէր անձնաւորութիւն էր: Ա. Մկրտչեան կրցաւ իր արդարամտութեամբ, անկեղծութեամբ եւ նուիրուածութեամբ իր շուրջը համախմբել շարժման գործիչները: Այդպիսի անհատները միշտ կը մնան իրենց բարձրութեան վրայ եւ կրնան իրենց ետեւէն սերունդներ տանիլ: Այսօր ալ մեր սերունդը կը շարունակէ հայրենասիրութեան եւ հերոսութեան դասեր քաղել Ա. Մկրտչեան քաղաքական գործիչէն», նշած է Վ. Բալայեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «Խօսելով արցախեան շարժման 30-ամեակի մասին, պէտք է անդրադարձ կատարենք այն մարդոց, որոնք խորհրդանշական կերպով այդ շարժման բովանդակութիւնն են: Արցախեան շարժման առաջամարտիկ Արթուր Մկրտչեան այն կերպարներէն է, որ այսօր կրնանք ներկայացնել եւ որուն ձգած հետքը ուսանելի պիտի ըլլայ նաեւ նորօրեայ սերունդին համար»:
Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ալեոշա Գաբրիէլեան, կիսուելով Ա. Մկրտչեանի մասին յիշողութիւններով, պատմած է, որ իր առաջին հանդիպումը անոր հետ եղած է 1988 թուականին Երեւանի մէջ: «Բաւական տպաւորուած էի. ան կիրթ, զարգացած, նուիրեալ անձնաւորութիւն էր: Հետագային անոր հետ յարաբերած եմ իբրեւ պատգամաւոր: Մարդ էր մեծատառով, հայրենասէր, ունէր ղեկավարի հմտութիւն: Այդպիսի ղեկավար-անհատներ մենք շատ քիչ ունինք», մասնաւորապէս ըսած է Ա. Գաբրիէլեան:
Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գէորգի Պետրոսեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս յիշած է այն դրուագը, երբ Ա. Մկրտչեան պիտի դառնար Գերագոյն խորհուրդի նախագահ: «Ան համաձայն չէր նախագահ ընտրուելուն, եւ համեստօրէն ըսած է, թէ ինք տակաւին պատրաստ չէ ստանձնելու նման լուրջ պատասխանատուութիւն», նշած է Գ. Պետրոսեան:
Նշենք, որ Արթուր Մկրտչեան ծնած է 1959 թուականին Հատրութի շրջանի Ուխտաձոր գիւղը: Արթուր Մկրտչեան ընդամէնը 32 տարեկան էր, երբ ընտրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեան երկրորդ հայկական պետութիւնը ղեկավարած է միայն 97 օր: 33 տարեկանին մահացած է իր դէմ արձակուած կրակոցէն:



