Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Աւագանիի Դէպքը Եւ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի Անդրադարձը

February 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է  13 փետրուարի 2018-ին Երեւան քաղաքի աւագանիի նիստին տեղի ունեցած դէպքին առնչութեամբ: Աւագանիի «Երկիր ծիրանի» խմբակցութեան անդամները «Նուպարաշէն»-ի քրէակատարողական հիմնարկի շրջակայքէն իրենց հետ բերած էին կոյուղաջուրի նմուշներ, որոնք պիտի յանձնէին քաղաքապետի ուշադրութեան, սակայն աւագանիի Հանրապետական խմբակցութեան անդամները դէմ կեցած էին անոնց այս քայլին: Տեղի ունեցած էր ծեծկռտուք եւ ֆիզիքական բռնութեան դրսեւորում:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն, հաղորդագրութեամբ մը անդրադառնալով դէպքին, նշած է, որ անթոյլատրելի է Երեւան քաղաքին մէջ բազմաթիւ կենցաղային խնդիրներու առկայութիւնը եւ անոնց նկատմամբ քաղաքապետարանի շարունակական անտարբերութիւնը, երբ այդ խնդիրները բազմիցս բարձրացուած են քաղաքացիներու կողմէ, իսկ անոնց լուծման ուղղութեամբ որեւէ տեսանելի քայլ չէ առնուած:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն իր հաղորդագրութեան մէջ ընդգծած է, որ «Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան կողմէ կատարուած քայլին ձեւը կարելի է քննարկել եւ չհամաձայնիլ. «Ամէն պարագայի  աննպատակայարմար է քաղաքին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու  բեմականացուած ներկայացումը աւագանիի նիստին: Խնդիրները ներկայացնելու աւելի ընդունելի տարբերակներ կան, եւ կը կարծենք` այդ տարբերակները սպառած չեն: Սակայն ատիկա ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնէր աւագանիի մեծամասնութեան կողմէ ոչ քաղաքակիրթ եւ մարդու իրաւունքներու բոլոր չափանիշները խախտող վարքի դրսեւորումները, որոնց ականատես եղանք բոլորս», շեշտուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն դատապարտած է տեղի ունեցած բռնութիւնը քաղաքի աւագանիի նիստին ընթացքին եւ կոչ ուղղած` հարցերու լուծումները գտնելու քաղաքակիրթ ձեւով` չնսեմացնելով քաղաքի կառավարման բարձրագոյն մարմինի հիմնարկը:

Անդրադառնալով Երեւան քաղաքի կառավարման խնդիրներուն` ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն ըսած է, որ անոնց լուծման համար առնուած քայլերը եւ խոչընդոտները պէտք է հրապարակուին, որպէսզի քաղաքին մէջ գործող բոլոր կառոյցները կարելիութիւն ունենան իրենց ներդրումը բերելու, եւ քաղաքացիները իրազեկ ըլլան խնդիրներու լուծման ամբողջ գործընթացին: «Մեզի համար առաջնահերթ է երեւանցիին պատշաճ ապրելու իրաւունքը եւ բարձրացած հարցերուն նկատմամբ Երեւանի քաղաքապետարանի կատարած առարկայական քայլերն ու իրազեկումը: Միայն այդ ձեւով մենք կրնանք խուսափիլ խնդիրներու բարձրացման բեմականացուած տարբերակէն: Քաղաքապետարանի աւագանին պարտաւոր է ստանձնել այդ դերը, որուն համար ստացած է քաղաքացիներու վստահութեան քուէն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Թուրքիոյ Կողմէ Բռնագրաւումը Կը Յանգեցնէ Անմեղներու Մահուան

Յաջորդը

«Վի. Այ. Փի.»-ի Յատուկ Բաժիններ` «Ալիանց Արենա»-ի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.