Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւն` ծանօթանալու 2017 թուականի գերակայ խնդիրներու կատարման եւ ձեռնարկներու իրականացման արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ 2018 թուականին կատարուելիք աշխատանքներուն:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան զեկուցած է, որ 2017-ին նախարարութեան առջեւ դրուած է ռազմավարական երեք խնդիր` նպաստել հայապահպանութեան` համագործակցելով սփիւռքի կազմակերպութիւններուն եւ հոգեւոր կառոյցներուն հետ, նպաստել հայկական ներուժի յայտնաբերման եւ համախմբման` Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական զարգացման նպատակով եւ մշակել հայրենադարձութիւնը խթանող ծրագիրներ:
Այս նպատակով աշխատանք իրականացած է 138 երկիրներու մէջ գործող համայնքներու հետ, եւ յուշագիրներ ու համաձայնագիրներ կնքուած են 43 համահայկական կազմակերպութիւններու հետ: Աշխարհի 21 երկիրներու մէջ ձեւաւորուած են առեւտրական ցանցեր, եւ սփիւռքահայ համայնքներու մէջ մասնագիտական գործարարական կառոյցներու ստեղծումը կը շարունակուի: Հայրենադարձութեան բաժինով մշակուած է ռազմավարութիւն, ծրագիր, գործողութիւններու ծրագիր եւ օրէնքի նախագիծ:
Սփիւռքի նախարարին համաձայն, կառավարութեան ծրագիրով նախատեսուած 6 գերակայ խնդիրներու ուղղութեամբ իրականացուած է 26 ծրագիր, որոնց մասնակիցներուն թիւը կը հասնի 7000-ի: 2017-ին շարունակուած են աշխատանքները Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած հայերու համարկումի, կեցութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի տեղաւորման հարցերու լուծման ուղղութեամբ: Կը գործեն միջնախարարական յանձնախումբ, աշխատանքային խումբ, արագ արձագանգման խումբ եւ թէժ գիծ: Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ կազմակերպուած է 5 գործարաններու բացում, օժանդակութիւն ցուցաբերուած է գործարարական ծրագիրներու մշակման:
Հայապահպանութեան եւ սփիւռքի երիտասարդութեան հետ աշխատանքի առնչութեամբ, հայերէնի իմացութեան մակարդակի բարձրացման ծրագիրներու ծիրին մէջ 2017-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացներուն մասնակցած է 266 սփիւռքահայ 30 երկիրներէ, 2016-ի հետ բաղդատելով մասնակիցներուն թիւը աւելցած է 100-ով: Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը իրականացած է 9 փուլով, մասնակցած է 1055 սփիւռքահայ երիտասարդ` 36 երկիրներէ: Միացեալ Նահանգներու հայկական կրթօճախներու մէջ Երեւանէն ուղարկուած մասնագէտի ուժերով կազմակերպուած է 27 կրթօճախի 50 ուսուցիչի վերապատրաստման դասընթացք: 37 երկիրներէ աւելի քան 200 սփիւռքի հայկական կրթօճախի առաքուած են 87.000 կտոր դասագիրք եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր: Նախարարութեան աջակցութեամբ սփիւռքի մէջ ստեղծուած է 16 նոր միօրեայ դպրոց: Իրականացուած են նաեւ շրջանային կրթամշակութային ծրագիրներ: Նախարարին համաձայն, 2018-ի գերակայ խնդիրներէն է սփիւռքի մէջ մշակութային կեանքի զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկներու իրականացումը:
Նախարար Յակոբեան զեկուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներդրումային ծրագիրներուն սփիւռքահայերու մասնակցութեան ապահովման գործին մէջ մեքանիզմներու ներդրման նպատակով` 2017-ին ստեղծուած են աշխատանքային խումբ եւ «Մէկ պատուհան» կառուցակարգը, նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ բացուած է «Ներդրումներ Հայաստանի մէջ» բաժին, որուն մէջ ներկայացուած են իրաւական հարցեր, ներդրումային ծրագիրներ եւ այլ տեղեկատուական նիւթեր:
Կայքին մէջ տեղադրուած է 180 ներդրումային ծրագիր եւ սփիւռքի գործարարներուն եւ հայկական առեւտրական-արդիւնաբերական պալատներուն ուղարկուած են գործարարական ծրագիրներ եւ տեղեկատուութիւն Հայաստանի մէջ ներդրումներ իրականացնելու հարթակներու մասին: 290 գործարար ներդրում կատարած է Հայաստանի մէջ, շուրջ 700 հոգիի հետ նախարարութիւնը կը շարունակէ աշխատանքը այդ ուղղութեամբ: Գործարարական ծրագիրներու տարածման եւ ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի տեսաժողովներու եւ առցանց քննարկումներու միջոցով: Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի համաձայն, սփիւռքահայ գործարարները գոհ են մաքսային համակարգի աշխատանքէն, իսկ խնդիրներու շարքին կը նշեն շինարարական կանոններու կարգաւորումը, դատական համակարգի բարեփոխումը, այլ լեզուներով Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան թարգմանութիւնը եւ այլն: Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը նշած է, որ կառավարութիւնը բարեփոխումներ կ՛իրականացնէ այս մարզերուն մէջ եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած է:
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է հայապահպանութեան, սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման սփիւռքահայ երիտասարդութեան շրջագիծին մէջ պատմական յիշողութեան ամրապնդման ուղղութիւններով տարուող շարունակական աշխատանքին եւ յանձնարարած շարունակել աշխուժ աշխատանքը: Վարչապետը անդրադարձած է Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան տնտեսական օրակարգի ձեւաւորման հարցին` կարեւոր նկատելով ներդրումներու ներգրաւման, հայրենադարձութեան խթանման եւ մասնագիտական ներուժի համախմբման ուղղուած ծրագիրները: «Ի դէմս սփիւռքի նախարարութեան` մենք ունինք լաւ առիթ մեր տնտեսական ծրագիրներուն մէջ ներգրաւելու մեր հայրենակիցները, քարոզելու այն ձեռքբերումները, որոնք այսօր ունինք: Մենք կ՛ըսենք, որ Հայաստանը, փոքր երկիր ըլլալով, լաւ հարթակ է Եւրասիական տնտեսական միութիւն, Եւրոպական Միութիւն եւ իրանական շուկայ մտնելու համար: Այս առումով պէտք է յստակօրէն ձեւակերպուած ըլլայ պետական իւրաքանչիւր օղակի եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ շփման կանոնակարգը:
Երկրորդը հայրենադարձութեան խնդիրն է. սփիւռքահայութեան հայրենադարձութեան առումով սուրիահայերու փորձառութիւնը ունինք, հիմա պէտք է ձեւակերպենք` ինչպէս պիտի ներգրաւենք: Երրորդը մասնագիտական ներուժի համախմբումն է` նպատակ ունենալով սփիւռքի միջոցով աւելցնել արտաքին աշխարհի հետ շփման կարելիութիւնները` ժամանակակից քաղաքացի ունենալու համար: 2018 թուականին այս խնդիրներուն ուղղութեամբ ձեզմէ կ՛ակնկալեմ որոշակի գործնապաշտ լուծումներ», ըսած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան:
Վարչապետը յանձնարարած է յստակ ձեւակերպել եւ ներկայացնել Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան հաստատութենական զարգացման վերաբերեալ առաջարկները: Վարչապետը կարեւոր նկատած է նաեւ սփիւռքահայութեան ներուժի օգտագործումը Հայաստանը` իբրեւ զբօսաշրջային երկիր ներկայացնելու եւ քարոզելու գործին մէջ, եւ յանձնարարած միասնաբար աշխատիլ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին հետ:


