Աշխատանքային այցելութեամբ Գերմանիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 փետրուարի երեկոյեան մասնակցած է Միւնիխի Ապահովութեան վերաժողովին, որուն ընթացքին «Նե՞րս, թէ՞ դուրս. Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ ինկած երկիրները» խորագիրով քննարկման ատեն խօսք առնելով` հաստատած է. «Հայ-թրքական արձանագրութիւններու բանակցութիւնը կատարուած էր` մեկնելով եղած պայմաններէն: Եթէ Թուրքիան կ’ուզէ սպասել այլ պայմաններու, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, ան չարաչար կը սխալի: Նոր պայմաններու լոյսին տակ պէտք է բանակցութիւն ընթանայ նոր փաստաթուղթի շուրջ»:
Նախագահական պաշտօնական կայքին համաձայն, նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան, համարկման հոլովոյթներու ծիրին մէջ Հայաստանի արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան հետ, անվտանգութեան առումով շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, այդ պարունակին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ Արցախի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:
«Արցախի տագնապի հանգուցալուծման վերաբերեալ ջանքերը կրնան օրինակ ծառայել, թէ ինչպէս Ռուսիան, Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կրնան դրական կերպով համադրել իրենց դիրքորոշումները` յանուն միջազգային խաղաղութեան ու ապահովութեան: Մեր փափաքն է, որ նման ընդհանրութիւններ առաւել յաճախ դրսեւորուին», դիտել տուած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը խօսած է նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրին մէջ Հայաստանի ստանձնած եւ բանակցութեան ենթակայ եղած յանձնառութիւններուն մասին` ընդգծելով, որ տակաւին նախորդ դարու 70-ական թուականներուն սկիզբ առած Հելսինքեան գործընթացին նպատակը Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդումն էր` ապահովելով ժողովուրդներու համերաշխութիւնը, արժանապատիւ եւ իրաւահաւասար համակեցութիւնը, որ, Սարգսեանի համաձայն, այսօր ալ կը շարունակէ արդիական մնալ:
Հայաստանի նախագահը շեշտած է, որ Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին տասը սկզբունքները մէկ միասնական ընդհանրութիւն են, եւ անոնցմէ որեւէ մէկը պէտք չէ տարանջատուի կամ հակադրուի միւսներուն. «Ազրպէյճանի դիրքորոշումը Հելսինքիի ոգիի աղաղակող ոտնահարում է Արցախի հարցին շուրջ: Ատիկա յատկապէս ակնառու է դրացի երկրին մէջ սկսած նախընտրական շրջանին: Նախագահ Ալիեւ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս տարածքային նկրտումներ կը յայտարարէ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի հանդէպ` անուանելով զայն պատմական Ազրպէյճանի տարածք: Զառանցանք է, ի հարկէ, բայց Եւրոպայի լռութեան լոյսին տակ այդպիսի անհեթեթութիւնները կրնան շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալ», դիտել տուած է Սարգսեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի` ԵՏՄ-ի անդամակցութեան, նախագահ Սարգսեան յայտարարած է, որ Հայաստան այդ կառոյցին միացած է «յստակ կերպով գիտակցելով, որ անիկա լաւագոյնս պիտի ծառայէ տնտեսութեան զարգացման, երկրի ապագային»: Ըստ անոր, ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը խոչընդոտէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան: «Եւրոպական Միութեան հետ մեր համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացաւ վերջերս ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով: Այժմ կարեւոր է, որ այդ փաստաթուղթի վաւերացման գործընթացը ընթանայ պատշաճ արագութեամբ: Մենք մնայուն կերպով պիտի ձգտինք համագործակցիլ այն բոլոր ուժերուն հետ, որոնք արդէն իսկ հասած են մեծ յաջողութիւններու եւ կրնան նպաստել մեր երկրի զարգացման: Նշուած քաղաքականութիւնը կը դիւրացնէ Հայաստանի փոխադարձ գործակցութիւնը թէ՛ ԵՏՄ-ի, թէ՛ Եւրոպական Միութեան հետ: Ասիկա նաեւ կարելիութեան դուռ կը բանայ բոլոր այն անձերուն համար, որոնք կ’ուզեն Հայաստանի միջոցով ընդլայնել գործարար կապերը այս երկու կառոյցներուն միջեւ», ըսած է նախագահը:
Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն` ընդգծելով, որ Թուրքիան կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը, եւ «ժամանակը այստեղ կարծես կանգ առած է»: Սերժ Սարգսեան ըսած է, թէ Հայաստանը ամէն ինչ ըրած է իրավիճակը յաղթահարելու համար, սակայն 2009-ին Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ կնքուած հաշտեցման արձանագրութիւնները այդպէս ալ մնացած են թուղթի վրայ:
«Թուրքիան ո՛չ միայն չվաւերացուց զանոնք, այլեւ առաջադրեց արձանագրութիւններուն հետ որեւէ կապ չունեցող նախապայմաններ: Ասիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պատմական կարելիութեան տապալում: Արդեօք Ազրպէյճա՞ն կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցին մէջ, ինչպէս մեզ շատեր կը փորձեն համոզել: Ո՛չ, հիմնական խոչընդոտը Թուրքիոյ առաջնորդներուն մօտ քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է», ըսած է նախագահ Սարգսեան` եզրափակելով. «Մենք չենք կրնար սպասել Թուրքիոյ պատասխան քայլերուն: Արձանագրութիւններուն շուրջ բանակցութիւններ կատարուած են` մեկնած օրուան պայմաններէն: Եթէ Թուրքիան կ’ուզէ սպասել այլ պայմաններու, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, ան չարաչար կը սխալի: Նոր պայմաններու լոյսին տակ նոր փաստաթուղթի բանակցութիւն պէտք է ըլլայ: Հայաստան նախապայմաններու լեզուով չի խօսիր, միեւնոյն ատեն չ’ընդունիր որեւէ մէկուն կողմէ նախապայմաններու առաջադրում»:



