Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է Ֆետերիքա Մոկերինիի Հետ

February 22, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 փետրուարին աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսել գտնուող Էդուարդ Նալբանդեանը հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիին հետ:

Ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւելեան գործընկերութեան պրիւքսելեան վեհաժողովին Հայաստանի դրական ներգրաւուածութեան համար:

Էդուարդ Նալբանդեանն ու Ֆետերիքա Մոկերինին գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն բարձր մակարդակի պարբերական յարաբերութիւններուն առնչութեամբ:

Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի Հայաստանի կողմէ վաւերացումէն ետք փաստաթուղթի շարք մը դրոյթներու իրականացման:

Նախարար Նալբանդեան ու բարձր ներկայացուցիչ Մոկերինի արծարծեցին Գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստի նախապատրաստութեան վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումին քննարկուեցան Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, Եւրոպական Միութեան զանազան, յատկապէս` COSME եւ «ՀՈՐԻԶՈՆ 2020» ծրագիրներուն Հայաստանի մասնակցութեան, Ընդհանուր օդանաւորդական գօտիի մասին համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն առնչուող հարցեր: Երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ յաջորդ ամիս «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագիրին Հայաստանի միանալուն առնչութեամբ:

Արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան` անկախութենէն ի վեր Հայաստանի զարգացման  ցուցաբերած օժանդակութեան համար, ինչ որ, նախարարին բնորոշումով, նշանակալի դեր խաղացած է Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու  իրականացման եւ հաստատութենական կարողութիւններու զարգացման համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Եւրոպական Միութեան  արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան միջեւ փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցին Եւրոպական Միութեան աջակցութեան հարցերուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ու Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը մտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ շրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ: Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ֆետերիքա Մոկերինիին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու միացեալ ջանքերը:

Հանդիպման աւարտին Էդուարդ Նալբանդեանն ու Ֆետերիքա Մոկերինին, իբրեւ Հայաստան -Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի համանախագահներ, ստորագրեցին Հայաստան – Եւրոպական միութիւն գործընկերութեան առաջահերթութիւններու իրագործման մասին փաստաթուղթը:

 

Նախորդը

Ֆրանսա Յանձնառու Կը Մնայ Բանակցութիւններու Ճամբով Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման

Յաջորդը

Հոլանտայի Խորհրդարանը Այսօր Կը Քննարկէ 2 Օրինագիծերը. «Անոնք Ցոյց Պիտի Տան, Թէ Մեր Երկրին Հետ Յարաբերութիւնները Բարելաւելու Ցանկութիւն Ունի՞ն, Թէ՞ Ոչ» Կ՛ըսէ Աքսոյ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.