5 յուլիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Սիւնիքի մարզ, ուր շրջագայած է Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիին մէջ, ծանօթացած է ստեղծուած ենթակառուցուածքային պայմաններուն եւ յառաջիկային նախատեսուող աշխատանքներուն:
Նշուած է, որ գօտիի կառուցման առաջին փուլով ստեղծուած են նուազագոյն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներ եւ նախապայմաններ` ազատ տնտեսական գօտիի աշխատանքները սկսելու եւ հոն գործունէութիւն ծաւալելու հետաքրքրութիւն ունեցող ընկերութիւններուն հետ տեղւոյն վրայ աշխատանքներ կազմակերպելու համար: Տեղեկութիւն փոխանցուած է այն մասին, որ այժմ կան արտերկրեայ քանի մը ընկերութիւններ, որոնք դիմում ներկայացուցած են գօտիին մէջ գործունէութիւն ծաւալելու համար:
Պատասխանատուները դիտել տուած են, որ ազատ տնտեսական գօտիի տարածքը ունի ընդարձակուելու հարց, որուն գծով կը կատարուին համապատասխան քննարկումներ: Կ՛ակնկալուի, որ Իրանի հետ սահմանակից տարածքին մէջ ստեղծուող ազատ տնտեսական գօտին, հաշուի առնելով աշխարհագրական դիրքը, առեւտրական եւ գումակային կարելիութիւնները, կրնայ կամուրջ դառնալ Իրանի, Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն միջեւ:
Ապա, կառավարութեան ղեկավարը այցելած է Սիւնիքի շրջանային մաքսատան «Մեղրի» կէտը: Պատասխանատուները վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուցած են մաքսատան աշխատանքը եւ մատուցուող ծառայութիւնները. զեկուցուած է, որ մաքսատունը կը գործէ շուրջօրեայ դրութեամբ, անհրաժեշտ գործընթացը կը կատարուի շատ կարճ ժամանակամիջոցին:
Վարչապետը մաքսատան տարածքին մէջ նկատած է քանի մը խնդիրներ եւ յանձնարարած սեղմ ժամկէտի մէջ վերացնել զանոնք: Նիկոլ Փաշինեան զրուցած է նաեւ մաքսատան մէջ ապրանքներ մաքսազերծող քաղաքացիներու հետ` գիտնալու համար անոնց ունեցած հարցերը: Անոնք գոհունակութիւն յայտնած են մատուցուող ծառայութիւններէն եւ նշած, որ մաքսազերծման աշխատանքներուն տեւողութիւնը զգալի կերպով նուազած է:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է պատասխանատուներուն` շարունակել մաքսակէտին մէջ մատուցուող ծառայութիւններու բարելաւման աշխատանքները` սահմանահատումը աւելի սահուն ու արագ կազմակերպելու եւ մատուցուող ծառայութիւններուն որակը բարձրացնելու ուղղութեամբ:
Սիսիանի հրապարակին վրայ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է բնակիչներուն հետ: Իր խօսքին մէջ ան խօսած է իր այցելութեան նպատակներուն մասին. «Առաջինը այն է, որ ձեր դիմաց պէտք է արձանագրել, որ տարուած յաղթանակը ձեզմէ իւրաքանչիւրինն է: Մեր խնդիրն է ձեր մէջ պաշտպանել այդ յաղթանակածի զգացողութիւնը` ոչ թէ մէկ ամիս, մէկ տարի, այլ մնայուն: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ դուք պիտի ըլլաք ձեր յաղթանակին տէրը: Երբեք ոեւէ մէկուն թոյլ չտաք ձեր յաղթանակը ձեր ձեռքէն առնել, որովհետեւ դուք յաղթած ժողովուրդ էք եւ պէտք է մնաք յաղթած ժողովուրդ»:
Փաշինեան աւելցուցած է, որ այցելութիւնը ունի գործնական նպատակ` տեղւոյն վրայ ծանօթանալ հարցերուն, լսել, հասկնալ առաջնահերթութիւնները, քննարկել, փնտռել եւ գտնել լուծման ուղիները:
Նոյն օրը ան խորհրդակցութիւն ունեցած է «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի կառուցման ծրագիրին առնչութեամբ` Քաջարանի մէջ բնակիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին: «Բազմիցս հարց բարձրացուած է, թէ ինչո՛ւ մայրուղիի շինարարութիւնը սկսաւ Երեւան-Արտաշատ եւ ոչ թէ Մեղրի-Կապան հատուածէն: Ասիկա անհեթեթ մօտեցման արդիւնք է», յայտնած է ան` աւելցնելով, որ շինուած հատուածները արդէն կառուցուած են բազմաթիւ թերութիւններով:
Ն. Փաշինեան դիտել տուած է, որ ներկայիս կան ներդրումային առաջարկներ, ըստ որոնց, պիտի կառուցուի փապուղի` Սիսիանէն դէպի Լիճք: Վարչապետը խոստացած է, որ այդ ծրագիրները դառնան քննարկման առարկայ, ուսումնասիրուին նաեւ կարեւորութիւն ունեցող մայրուղիներու կառուցման հետագայ ընթացքին վերաբերող հարցերը: «Ես նաեւ իրաւապահներուն յանձնարարած եմ, որ այդ ուղիին աւելի ուշադրութեամբ հետեւին: Եթէ կան չարաշահումներ, բոլոր մեղաւորները պէտք է բացայայտուին ու պատասխանատուութեան ենթարկուին: Յոյս ունիմ, նկատած էք` Հայաստանի մէջ ամենաթողութեան դարը աւարտած է: Ոեւէ մէկը չի կրնար յանցանքը գործել եւ մնալ անպատիժ», եզրափակած է ան:
Միւս կողմէ, ըստ «Արմէնփրես»-ի, Մեղրիի մէջ բնակիչներու հետ հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ «Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողականօրէն պիտի երթայ ժողովուրդէն գողցուած իւրաքանչիւր լումայի ետեւէն»:
«Բոլորը չենք կրնար ձերբակալել, բայց հերթով անոնց, որոնք ժողովուրդէն գողցած են, պէտք է ձերբակալել: Ինծի համար խայտառակութիւն պիտի ըլլայ, որ իմ իշխանութեանս օրով որեւէ մէկը քաղաքական բանտարկեալ ըլլայ, մեզի համար կարեւորը արժէքներն են, օրինականութիւնն է, մենք չենք պատրաստուիր ուրիշի թալանը մեր թալանով փոխարինելու, մենաշնորհը` մեր մենաշնորհով փոխարինելու: Մենք կը պատրաստուինք օրէնքի տառին համապատասխան ժողովուրդէն գողցուած ամէն լումայի ետեւէն երթալու, եւ համոզուած եղէք, որ պիտի երթանք», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Անոր համաձայն, կառավարութիւնը ամէն ջանք պիտի գործադրէ, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն գողցուած ամէն լումայ վերադարձուի պետական պիւտճէ, եւ ասիկա ընելու համար իշխանութիւնները ունին ժողովուրդի աջակցութեան կարիքը: «Որքան պինդ կանգնած մնաք այս գործընթացին կողմը` մենք հետեւողականօրէն պիտի երթանք յառաջ, ոչինչի առջեւ պիտի չկանգնինք: Ձեզմէ իւրաքանչիւրին առջեւ ունինք պարտաւորութիւններ, որ մենք թալանուածը պիտի վերադարձնենք հետեւողականօրէն, անկախ թալանողի անուն ազգանունէն», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:




