Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Կ՛առաջարկէ Ընտրութիւններուն Երթալ Բաց Համամասնական Ցուցակներով

July 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ-ն կ՛առաջարկէ հրաժարիլ վարկանշային-տարածքային ընտրակարգէն եւ անցնիլ բաց ցուցակներով համապետական համամասնական ընտրութիւններու: Այս մասին երէկ` 4 յուլիսին, Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխման հարցին շուրջ ձեւաւորուած Ազգային ժողովի աշխատանքային խումբի առաջին նիստի ընթացքին նշեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն  ունի 10 առաջարկ:

Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, տարածքային ցուցակներով ընտրութիւններու պարագային շատ ձայն ստացածը կրնայ պատգամաւորական աթոռ չստանալ, իսկ քիչ ձայն ստացածը` ստանալ, որուն ականատեսը եղած ենք անցեալ ընտրութիւններուն ընթացքին:

«Փակ ցուցակներով ընտրութիւնը նոյնպէս համամասնական է, բայց աւելի պակաս ժողովրդավարական է, քանի որ ընտրողը կ՛ընտրէ միայն կուսակցութիւնը: Այսինքն, եթէ կուսակցութիւնը ստացաւ 10 պատգամաւորական աթոռ, կուսակցութիւնը կ՛որոշէ, թէ յատկապէս ո՛ր 10 հոգին պիտի ըլլան պատգամաւորները: Բաց ցանկերու պարագային  ընտրողին առիթ կը տրուի ո՛չ միայն ընտրել կուսակցութիւնը, այլեւ ինք կ՛որոշէ, թէ յատկապէս որո՞ւ կ՛ուզէ, որ պատգամաւորական աթոռ ստանայ այդ կուսակցութենէն: Ասիկա ժողովրդավարութիւն կ՛ապահովէ  նաեւ կուսակցութիւններուն մէջ», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:

Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան յանձնախումբերը պէտք է ըլլան այն ձեւաչափերը, որոնք կ՛որոշեն, թէ ո՞ր նախագիծը պիտի մտնէ Ազգային ժողով, եւ ասիկա պէտք է իբրեւ  ելակէտ ընդունիլ:

«Առանձին քննարկումներէ ետք տուեալները կ՛ամփոփենք, ինչ որ  ընդունելի է, կ՛ընդունինք, ինչ որ ընդունելի չէ, չենք ընդունիր, ապա կ՛ուղարկենք Վենետիկի յանձնաժողով, ուր եզրակացութիւնը կը յղկեն, եւ  վերջնականը կը ներկայացնենք Ազգային ժողովին` շրջանառութեան մէջ դնելով», ըսաւ ան:

Ռուստամեան նշեց, որ այս ձեւաչափով համաձայնեցուած աշխատելով, բոլոր շահագրգիռ ուժերուն կարելիութիւն կը տրուի  առաջարկներ ներկայացնելու:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Տասը Առաջարկները` Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Վերաբերեալ

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Կողմ Քուէարկեց Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Ընդլայնուած Համագործակցութեան Համաձայնագիրին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.