Եւրոպական խորհրդարանը կողմ քուէարկած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրին եւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Աշոտեան: Պատգամաւորը գրած է. «Եւրոպական Միութիւն- Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւին կողմ քուէարկած է 598, դէմ` 52, ձեռնպահ` 27 պատգամաւոր»:
Եւրոպական խորհրդարանը 3 յուլիսի նիստին քննարկած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրին համաձայնութիւն տալու հարցը, կը յայտնէ Աշոտեան` աւելցնելով. «Համաձայնագիրը գնահատուած է իբրեւ յաջողութեան պատմութիւն եւ պատմական կարելիութիւն, ընդգծուած է, որ անիկա կազմուած, աշխատցուած եւ ստորագրուած է նախորդ կառավարութեան օրերուն:
«Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, վերջին զարգացումներուն, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իշխանափոխութեան խաղաղ եւ սահմանադրական բնոյթը, կարեւոր նկատուած է Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ներառական ընթացակարգի ապահովումը, ընդդիմութեան ներգրաւուածութիւնը բարեփոխումներու հոլովոյթին եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի յանձնարարականներու կատարումը: Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է հաւանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն ուղարկել»:
Բարձրացուած է նաեւ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հարցը:
Կարեւոր նկատուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ արագ լուծումը:



