Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ. Վարչապետ Փաշինեան. «Մեծ Պատիւ Է Ողջոյնի Խօսքով Դիմել Նելսոն Մանտելային Նուիրուած Խաղաղութեան Վեհաժողովին»

September 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի մէջ մասնակցած է «Թմրանիւթերու համաշխարհային խնդիրի լուծման ուղղուած գործունէութեան միջազգային կոչ» նիւթով վեհաժողովին:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուած է Նելսոն Մանտելային նուիրուած խաղաղութեան վեհաժողովի բացումին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի աշխատանքային քննարկումներուն մասնակցող բազմաթիւ պետութիւններու  առաջնորդներն ու կառավարութիւններու ղեկավարները:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան նշած է.

«Ինծի համար մեծ պատիւ է ողջոյնի խօսքով դիմել Նելսոն Մանտելային նուիրուած խաղաղութեան վեհաժողովին, որ կ՛ոգեկոչէ այդ սրբադաս քաղաքական առաջնորդի 100-րդ տարեդարձը: Մանտելայի կերպարը կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն եւ մարդկային արժանապատուութիւն, միաժամանակ մարմնաւորելով աննկուն պայքար եւ կարեկցանք:

Անոր անունը խորապէս արմատաւորուած է մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ` իբրեւ ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յառաջամարտիկ, արդարութեան եւ հաւասարութեան ջատագով:

Տիկնայք եւ պարոնայք, միայն կէս տարի առաջ Հայաստանի ժողովուրդը մերժեց վախը, ընդվզեցաւ անարդարութեան դէմ եւ դուրս եկաւ փողոց` պահանջելու իր հիմնարար իրաւունքները, ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Երբ Երեւանի փողոցներուն մէջ կը ծաւալէին բախտորոշ իրադարձութիւններ, ինծի հարցուցին, թէ արդեօք ես ունէի՞ առաջնորդի իմ տեսլականը, որ կ՛ոգեշնչէր զիս իմ ժողովուրդիս ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն բերելու ջանքերուն մէջ, ես պատասխանեցի` այո, կայ այդպիսի առաջնորդ:

Իսկ այդ առաջնորդը Նելսոն Մանտելան է: Ըլլալով նախկին քաղաքական բանտարկեալ` ես մտովի կը վերարծարծէի եւ կը վերապրէի այդ նշանաւոր քաղաքական բանտարկեալի քաղաքական ուղին եւ կեանքին  պատմութիւնը, որ պիտի փոխէր իր երկիրը եւ իրագործէր միլիոնաւոր մարդոց ձգտումները: Ինչպէս Մանտելան առիթով մը ըսած է. «Ես յանկարծ հասկցայ, որ քաջութիւնը ոչ թէ վախի բացակայութիւնն է, այլ յաղթանակը անոր նկատմամբ: Քաջ մարդը ոչ թէ ան է, որ չի վախնար, այլ ան, որ կը յաղթահարէ այդ վախը»: Այս խօսքերը, որ ազդեցութիւն ունեցած են իմ գիտակցութեանս վրայ, նպաստած են իմ քաղաքական ինքնութեան եւ տեսլականի ձեւաւորումին, զիս կ՛ոգեշնչէին սկսելու իմ սեփական «քայլարշաւը յանուն ազատութեան»` իմ երկրի քաղաքներուն եւ այլ բնակավայրերու մէջ:

Տոգորուած Մանտելայի իտէալներուն ճշմարիտ ոգիով` մեր շարժումը  աշխարհին յայտնի դարձաւ իբրեւ «Հայկական սիրոյ եւ համերաշխութեան ոչ բռնի թաւշեայ յեղափոխութիւն»: Եւ հիմա, մեր ժողովուրդի յաջողութիւններէն քանի մը ամիս ետք, ես այս վեհաժողովի բարձր ամպիոնին կանգնած եմ իբրեւ ժամանակակից Հայաստանի կառավարութեան ղեկավար` արժեւորելու այդ մեծ մարդուն  ժառանգութիւնը, որուն քաջութիւնը եւ վճռականութիւնը օրինակ կը  ծառայեն բովանդակ մարդկութեան:

Տիկնայք եւ պարոնայք,

Ես կու գամ շրջանէ մը, ուր, ցաւօք սրտի, արիւնոտ տագնապները, կառավարման փտած համակարգը եւ մարդոց միջեւ թշնամանքը յաճախ կը ստուերեն սիրոյ իմաստութիւնն ու խաղաղ գոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Կ՛ըսեն, թէ ժողովրդավար ազգերը իրար դէմ չեն պատերազմիր: Յոյս ունիմ, որ օր մը մեր շրջանի ժողովրդավարական զարգացումը կը բացառէ զինուորական գործողութիւնները, պատերազմներու եւ ատելութեան վտանգները: Հայաստանը հաստատապէս կ՛ընթանայ այս ճամբով եւ անվերապահօրէն կողմ է շրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ հաշտեցման:

Տիկնայք եւ պարոնայք,

Այս տարի մենք պիտի նշենք Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի եւ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ դատապարտման ՄԱԿ-ի ուխտի ընդունման 70-րդ տարեդարձը:

Ասիկա մեզի կարելիութիւն մը եւս կու տայ խորհելու այն մասին, թէ ինչո՛ւ մինչեւ այսօր մարդկութիւնը պաշտպանուած չէ խտրականութենէ, անհանդուրժողականութենէ, այլատեացութենէ, հալածանքէ եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած այլ յանցագործութիւններէ:

Նելսոն Մանտելայի կեանքն ու պայքարը մեզի կը յուշեն, թէ ի՛նչ քայլեր  անհրաժեշտ են եւ ի՛նչ կարելի է ընել, որովհետեւ ան կը քարոզէր, որ «ոչ ոք կը ծնի ուրիշը ատելու համար … եւ եթէ մարդիկ կրնան ատել սորվիլ, ուրեմն անոնց կարելի է նաեւ զիրար սիրել սորվեցնել:

Շնորհակալութիւն»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ հայկական պատուիրակութեան անդամները եղած են նաեւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղադրուած 12-13-րդ դարու հայկական խաչքարին մօտ:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Փոփոխութիւնները Մեծ Յառաջընթաց Կը Նկատուին Եւրոպական Միութեան Կողմէ

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Նախագահ Միշել Աուն Քննարկած Են Հայ-Լիբանանեան Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.