Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպում Ունեցած Է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին Հետ

September 25, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ  Կութիերեսի հետ: Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի միջեւ սերտ եւ ամուր համագործակցութիւնը` ՄԱԿ-ի հռչակած արժէքներու  պաշտպանութեան եւ ամրապնդման գործին մէջ: Վարչապետը ընդգծած է, որ երկկողմանի արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւնը կը նպաստէ մեր երկրի տարբեր ոլորտներուն մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ յոյս յայտնած, որ այդ ծրագիրները ո՛չ միայն կրեն շարունակական բնոյթ, այլեւ ստանան նոր ազդակներ: Վարչապետը նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է ՄԱԿ-ի ու անոր կառոյցներու  աշխատանքներուն մէջ եւ աւելցուցած, որ ՄԱԿ-ի թիրախային հետագայ  աջակցութիւնը Հայաստանին պիտի խթանէ եւ ամրապնդէ Հայաստանի զարգացման ներուժը:

Անթոնիօ Կութիերես համոզում յայտնած է, որ Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուի եւ զարգանայ: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը խաղաղօրէն փոխանցելու հոլովոյթը փայլուն օրինակ է եւ յոյս յայտնած, որ մեր երկիրը կ՛ընթանայ վերընթաց զարգացման ճամբով` իրականացնելով նորանոր բարեփոխումներ տարբեր ուղղութիւններով:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու շուրջ եւ կարեւոր նկատած այնպիսի բարեփոխումներու իրականացումը, որոնք նոյնիսկ թեքնիք առումով կը բացառեն ընտրախախտումներու  հաւանականութիւնները: Այդ շրջագիծին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է ՄԱԿ-ի կողմէ թեքնիք աջակցութեան շարունակական անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդհանուր քարտուղարին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի ջանքերուն լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Նշենք, որ Նիւ Եորքի մէջ հայ համայնքին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ խնդրած էր այս ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքի օգտին քուէարկելով` քուէարկել նաեւ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու օգտին կամ անոնց դէմ: Ան ըսած էր, թէ մտադիր է յառաջիկային  բանակցութիւններ կատարել խորհրդարանական եւ ոչ խորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ` քննարկելու խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակացոյցն ու պայմանները:

 

 

Նախորդը

Արսէն Համբարձումեան Կ՛անդրադառնայ Արտահերթ Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Տիրոյթ Եւ Փոխարինման Փորձեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Տիրոյթ Եւ Փոխարինման Փորձեր

September 23, 2026
Սաղաթէլեան. «Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խեղաթիւրել Իրականութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խեղաթիւրել Իրականութիւնը»

September 23, 2026
Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.