Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Մասնակցեցաւ Քուէարկողներուն 43,65 Առ Հարիւրը «Իմ Քայլը» Դաշինքը Յառաջատար 80,66 Առ Հարիւրով

Սեպտեմբեր 24, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան երէկ Երեւանի մէջ քուէարկութեան կեդրոններու փակումէն կարճ ժամանակ ետք հրապարակեց Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու  մասնակցութեան նախնական տուեալները: Ըստ այդմ, քուէարկութեան  մասնակցած է 370.323 ընտրող, կամ ընտրողներու ընդհանուր թիւի` 848.343-ի 43,65 առ հարիւրը:

Նախնական տուեալներու համաձայն, նախքան թերթին տպուիլը, իւրաքանչիւր կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքի ստացած քուէներուն պատկերը հետեւեալն էր. «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինք` 229.409 լուէ (80,78 առ հարիւր), Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն` 19,989 քուէ (7,04 առ հարիւր), «Լոյս» կուսակցութիւններու դաշինք` 14,395 քուէ (5,07 առ հարիւր), Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն` 4.769 քուէ (1,68 առ հարիւր), Երկիր ծիրանի կուսակցութիւն` 4.070 քուէ (1,43 առ հարիւր), Օրինաց երկիր կուսակցութիւն` 3.030 քուէ (1,07 առ հարիւր), «Երեւանցիներ» դաշինք` 2.433 քուէ (0,86 առ հարիւր), Ժառանգութիւն կուսակցութիւն` 2110 քուէ (0,74 առ հարիւր), «Երեւանի հանրութիւն» դաշինք` 2017 քուէ (0,71 առ հարիւր), Ժողովրդավարական ուղի կուսակցութիւն` 652 քուէ (0,23 առ հարիւր), Ռեֆորմիստներու կուսակցութիւն` 581 քուէ (0,20 առ հարիւր), Հայք (Հայկազուններ) կուսակցութիւն` 537 քուէ (0,19 առ հարիւր):

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահին համաձայն, Երեւանի աւագանիի նախորդ` 14 մայիս 2017-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն համեմատ մասնակցած է 25.097 ընտրողով աւելի: Նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցած էր 345.226 մարդ, որ կը կազմէր ընտրողներու ընդհանուր թիւի 40,99 առ հարիւրը:

Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Ամփոփած Է
Ընտրութիւններուն Արձանագրուած Դէպքերը

23 սեպտեմբերին` Երեւանի աւագանիի ընտրութեան օրը, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի թէժ գիծին ժամը 15:00 ի դրութեամբ ստացուած է ընտրական գործընթացին վերաբերող 23 ահազանգ:

Պաշտպանի հրամանով ստեղծուած աշխատանքային խումբը  ուսումնասիրած է լրատուամիջոցներոով եւ ընկերային ցանցերուն մէջ տեղ գտած աւելի քան 600 հրապարակում:

Աշխատակազմի թէժ գիծին ստացուած ահազանգերը կը վերաբերէին հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համար տեղամասերու  անմատչելիութեան, նոյնականացման քարտով ընտրելու կարելիութեան, իրազեկման թերթիկ չստանալուն եւ այլն:

Լրատուամիջոցներով եւ ընկերային ցանցերուն մէջ արձանագրուած հրապարակումները կը վերաբերէին տեղամասերու կահաւորման, յանձնախումբերու անդամներու վարքագիծին եւ այլն: Արձանագրուած են քուէարկութեան գաղտնիութեան ապահովման խնդիրներ, յատկապէս` քուէաթերթիկներու լուսանկարահանման եւ տարածման դէպքեր: Արձանագրուած են նաեւ տեղամասերու մօտակայքին  կուտակումներու եւ ընտրողներու ուղղորդման դէպքերու վերաբերեալ հրապարակումներ:

Առանձին ուշադրութիւն դարձուած է լրագրողներու եւ դիտորդներու  աշխատանքի հաւանական խոչընդոտներու մասին տեղեկութիւններուն:

Բաբլոյեան. «Ազգային Ժողովի Ինքնալուծարման Մասին Խօսիլը Կանուխ Է»

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան Ազգային ժողովի ինքնալուծարման մասին խօսիլը կանուխ կը նկատէ:  Այս մասին ան յայտարարեց լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն քուէարկելէ ետք:

Ըստ Բաբլոյեանի, ատիկա գործընթաց մըն է, որ կապուած է այն բանին հետ, որ քաղաքական ուժերը պէտք է աշխատին: «Արդէն ստեղծուած են աշխատանքային խումբեր, որոնք պէտք է աշխատին օրէնսդրական փոփոխութիւններու վրայ: Երբ իրականացուի այդ աշխատանքը, հետագային նոյն քաղաքական ուժերը պիտի անդրադառնան այդ հարցին եւ իրենց որոշումը տան: Այսօր տակաւին կանուխ է խօսիլ այդ մասին, որովհետեւ գործընթացը կը շարունակուի», նշեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս ընտրութիւնները աւելի լա՞ւ կ՛անցնին, քան նախորդները, Ազգային ժողովի նախագահը ըսաւ. «Մենք ուրախ կ՛ըլլանք, երբ ընտրութիւնները ամէն անգամ աւելի լաւ կը  կազմակերպուին: Ամփոփենք արդիւնքները, վաղը կ՛անդրադառնանք հարցին, թէ ինչպէ՛ս աւարտած են ընտրութիւնները եւ արդիւնքները  ինչպէ՛ս ամփոփուած են»:

Փաշինեան. «Պէտք Է Ամէն Ձայնի Համար Պայքարիլ»

Երէկ Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն, Երեւանի Շենգաւիթի շրջանի թիւ 8/16 ընտրատեղամասին մէջ իր ընտրութիւնը կատարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ քուէարկելէ անմիջապէս ետք մեկնեցաւ  Միացեալ Նահանգներ:

Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետը նշեց, որ մարդիկ պէտք է սովոր դառնան իրական քարոզարշաւի եւ իրական ընտրութիւններուն: Անոր համաձայն, բոլոր ուժերը կը հասկնան, որ պէտք է պայքարին ամէն քուէի համար եւ իշխանութիւնը պէտք է վերցնեն:

«Մենք նոյնպէս կը հասկնանք, որ պէտք է ամէն ձայնի համար պայքարիլ: Եւ որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ ընտրարշաւի ժամանակ կիրքեր կը բորբոքին, եւ անկէ ետք ընտրարշաւի ժամանակ կիրքեր պիտի բորբոքին, որովհետեւ ընտրութիւնները պիտի ըլլան իրական», ընդգծեց վարչապետը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նկատմամբ քաղաքական հետապնդում կա՞յ, ան նշեց. «Այնպիսի հարցեր կու տաք, որ անյարմար է պատասխանել»:

Ինչ կը վերաբերի նախանցեալ օր Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ընտրական գրասենեակին մէջ ոստիկանութեան կատարած խուզարկութեան, վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ եթէ ըլլայ ապացոյց, որ ոստիկաններու գործողութիւններուն մէջ անօրինականութիւն կայ, ատիկա կը քննարկուի: «Բայց ես կը կարծեմ, որ ոստիկանութեան գործողութիւնները եղած են օրինաչափ», շեշտեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ քաղաքական ուժերու հետ լարուածութեան խորապատկերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումը վտանգուա՞ծ է, վարչապետը յայտնեց. «Արտահերթ ընտրութիւններու ճակատագիրը պիտի որոշէ ժողովուրդը»:

Միքայէլ Մանուկեան. «Արդեօ՞ք Վարչական Լծակի Օգտագործում Չէ
Վարչապետի Այդ Տարողութեամբ Մասնակցութիւնը Ընտրութիւններուն»

ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեան  այցելեց Խնկօ Ապոր անուան գրադարանին մէջ տեղակայուած ընտրատեղամաս եւ կատարեց իր ընտրութիւնը` յանուն բարեկեցիկ, կանաչապատ, միասնական ու համերաշխ Երեւանի:

Մանուկեանի համաձայն, քարոզարշաւի ընթացքը բաւարար էր, քանի որ  քիչ մը աւելի շատ քաղաքականացուեցաւ ընտրութիւններու ընթացքը: «Վարչապետի մասնակցութիւնը քարոզարշաւին աւելի քաղաքական բնոյթ հաղորդեց եւ քիչ մը շեղեց ընտրութիւններու ընթացքը: Վարչապետը արտայայտուեցաւ, որ, ընտրելով իր խումբի առաջադրած թեկնածուին, իրեն վստահութեան քուէ կը յայտնեն, ինչ որ, կը կարծեմ, վարչական լծակի օգտագործում էր», ըսաւ ան: «Եթէ կը խօսինք, որ վարչական լծակներ պէտք չէ օգտագործուին, արդեօք վարչական լծակի օգտագործում չէ՞ վարչապետի այդ տարողութեամբ մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն», ըսած է Մանուկեան:

Ըստ Մանուկեանի, քարոզարշաւի մեկնարկին թիրախաւորումներ եղան, յիշեցին իր անձի հետ կապուած ինչ որ պատմութիւններ, որոնք իրականութեան մէջ որեւէ կապ չունէին իրեն հետ, նոյնիսկ գրեցին, որ դուրս եկած է ընտրապայքարէն:

ՀՅԴ քաղաքապետի թեկնածուին կարծիքով` քաղաքացին այսօր բարձր իրաւագիտակցութիւն ունի: «Շատ լաւ մթնոլորտ կը տիրէ  ընտրատեղամասերուն մէջ, ոչ մէկ խնդիր եղած է մինչեւ հիմա: Ամէն ինչ իր բնականոն հունով կ՛ընթանայ», ըսաւ ան:

Մանուկեան պատրաստակամութիւն յայտնեց, որ անկախ ընտրութիւններու արդիւնքէն, պատրաստ է համագործակցելու յաղթող ուժին հետ:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն. Մեր Անկախ Պետականութիւնը Մեր Արժանապատուութիւնն Է Ու Մեր Հպարտութիւնը

Յաջորդը

Վեցերորդ Տարին Ըլլալով` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?