Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց. «Իրան տակաւին պատրաստ չէ նախագահ Թրամփի ճշդած կարգ մը կարմիր գիծերը ընդունելու»:
Անդրադառնալով երեքշաբթի օր Ժընեւի մէջ քանի մը ժամ տեւած Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու երկրորդ փուլին` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը ըսաւ. «Որոշ առումներով հարցերը դէպի լաւ ուղղուեցան, եւ կողմերը համաձայն գտնուեցան յառաջիկային հանդիպելու: Սակայն այլ առումներով, յստակ է, թէ նախագահը ճշդեց կարգ մը կարմիր գիծեր, որոնք իրանցիները տակաւին պատրաստ չեն ընդունելու եւ կարգաւորելու»:
Նախքան այդ, ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ Իրան յայտնած է, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին մանրամասն առաջարկներ պիտի ներկայացնէ` բանակցութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բացերը գոցելու համար:
Անդրադառնալով բանակցութիւններուն` պաշտօնատարը նշեց. «Յառաջընթաց արձանագրեցինք, սակայն տակաւին գոյութիւն ունին բազմաթիւ մանրամասնութիւններ, որոնք քննարկումի կարիք ունին»:
Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականը «Աքսիոս» կայքին յայտնած է. «Թրամփի շրջապատը զինք կը զգուշացնէ Իրանի դէմ պատերազմէ, եւ կը կարծեմ, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն ականատես պիտի դառնանք զինուորական գործողութեան մը»:


