Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Սահակեան Եւ Փաշինեան Կ՛աեյցելեն Սահմանագիծի Շարք Մը Հատուածներ

Նոյեմբեր 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 5 նոյեմբերին քննարկած են պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, Արցախի եւ Հայաստանի զինուորական փոխադարձ գործակցութեան, սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին, երկու հայկական պետութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ այս ուղղութիւններուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի գլխաւոր վարչութիւնը:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան,  պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան,  արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար  Զոհրապ Մնացականեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան, Հայաստանի զինուած ուժերու հրամանատար Արտակ Դաւթեան, Արցախի Հանրապետութեան համապատասխան նախարարութիւններու ղեկավարները, պաշտօնատար այլ անձեր:

Նշենք, որ Բակօ Սահակեան եւ Նիկոլ Փաշինեան 4 նոյեմբերին այցելած են Արցախի արեւելեան սահմանագիծի շարք մը հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ նկար հրապարակած է Արցախէն` բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ զինուորներու հետ:

Ան նկարին տակ գրած է. «Եւ մեր անունն է հայկական բանակ»:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Արցախի արեւելեան սահմանագիծ այցելութեան ընթացքին յայտարարած է. «Պէտք է արձանագրենք, որ զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերը նուազագոյնն  են, հիմնականին մէջ նպատակային չեն»:

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքին, Փաշինեանն ու Սահակեանը ծանօթացած են զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ սահմանագիծին մէջ առկայ իրավիճակին:

«Պէտք է արձանագրենք, որ զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերը նուազագոյնն են, հիմնականին մէջ նպատակային չեն, եւ ըստ էութեան, ընդհանուր առմամբ կրնամ ըսել, որ պայմանաւորուածութիւնները ոչ ամբողջութեամբ կը պահպանուին: Ամէն պարագայի պէտք է պատրաստ ըլլանք իրադարձութիւններու  որեւէ զարգացման: Խնդիրներ կան, որոնք կը թուի, թէ լուծուած են, բայց մենք զինուորէն պէտք է գիտնանք` անոնք լուծուա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Եթէ  խնդիրները բաց չքննարկենք, լուծումներու հարցով կը դժուարանանք»,  նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարը եւ Արցախի նախագահը զրուցած են զինուորներուն հետ` լսած  հրամանատարներու եւ շարքային կազմի կարծիքը տարբեր հարցերու շուրջ: Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ ամէն ինչ պիտի կատարուի նախ եւ առաջ զինուորներու յարմարաւէտութեան համար:

«Կը քննարկենք սնունդի ապահովման հետ կապուած խնդիրները եւ յոյս ունինք, որ այն մեքանիզմները, որոնք կ՛առաջարկուին` պիտի իրականացնենք փորձառական ծրագիրի միջոցով` հասկնալու համար, թէ անոնք որքանո՛վ արդիւնաւէտ են: Պարզ է, որ գործող համակարգը ոչ ոքի կը գոհացնէ` ո՛չ հրամանատարական կազմին, ո՛չ զինուորներուն, ո՛չ ծնողներուն: Նաեւ կենցաղային հարցերու  լուծման գործով  հրամանատարութեան ներգրաւուածութիւնը անոնց անպատեհօրէն կը շեղէ զուտ մարտական պատրաստուածութեան խնդիրներու լուծումէն, եւ մենք խնդիր ունինք, որ զինուորականութիւնը զբաղի բացառապէս զինուորական գործով, իսկ կենցաղային ապահովման հարցերուն  այդքան շատ ժամանակ չտայ», նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

 

 

Նախորդը

Ստեփանակերտը Կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Նոր Քալետոնիոյ Հանրաքուէն

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Խըրխըզիստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?