Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պատժամիջոցները Կը Չէզոքացնեն Անգարայի Եւ Պաքուի Առաձգականութիւնը

November 7, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի որոշումը` իրանեան քարիւղի ներմուծումը  կասեցնելու, նախ եւ առաջ պէտք է դիտարկել Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի` Կովկաս այցելութեան անմիջական հետեւանքներու շրջանակներուն մէջ:

Այս պարագային այլընտրանքային շուկան Ռուսիան է, ինչ որ նաեւ կը խթանէ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու յաւելեալ խորացման միտումները:

Պաքուի արագ արձագանգումը համոզիչ կը դարձնէ, որ Պոլթընի այցելութիւնը տարածաշրջան իբրեւ անմիջական թիրախ ունէր Պաքուն` Իրանի մեկուսացման Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր շրջագիծին մէջ:

Պաքուն մէկ կողմէ կը բաւարարէ ամերիկեան պատժամիջոցային պահանջները, միւս կողմէ «Կազփրոմ»-ի ճամբով տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ դէպի Մոսկուա քայլի կը ձեռնարկէ:

Անգարայի դիրքորոշումը` ամերիկեան պատժամիջոցները ճիշդ չնկատելու, կը ներառէ շեշտի մեղմացում Ուաշինկթընի նկատմամբ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններու հռետորաբանութեան բարձր աստիճանաչափերուն: Անգարան այս պարագային եւս կը բաւարարուի ճիշդ չնկատելով Իրանի դէմ կիրարկուող տնտեսական մեկուսացման քաղաքականութիւնը, միւս կողմէ Ուաշինկթընի հետ չեղեալ կը նկատէ փոխադարձաբար երկու երկիրներուն միջեւ Պրանսըն-Կիւլեն տագնապին պատճառով ստեղծուած համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն դէմ կայացած արգելք-որոշումները:

Թէ՛ Անգարան եւ թէ՛ Պաքուն երկակի խաղեր կը խաղան Իրանի եւ Ռուսիոյ ուղղութեամբ եւ Ուաշինկթընի առած քայլերուն արագօրէն կ՛արձագանգեն:

Պաշտօնական Երեւանը խոհեմ պահուածք կը դրսեւորէ: Նկատի ունենալով հարցի խիստ կարեւորութիւնը մեր երկրին վրայ ձգելիք հետեւանքներու կշռադատումով, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը պարզեց, որ գերատեսչութիւնը հաղորդակցութեան մէջ է առնչուող բոլոր կողմերուն հետ եւ թէ` Իրանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները կենսական նշանակութիւն ունին: Աւելցնելով, որ իրականացման ընթացքի մէջ է Թեհրանի դէմ կիրարկուող պատժամիջոցներուն Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ հաւանական ազդեցութիւնները կանխատեսող փորձագիտական ուսումնասիրութիւն:

Այդ քննարկումները բնականաբար նկատի կ՛ունենան Իրանի ճամբով Հայաստան ներմուծուող թուրքմենական կազի, ջրելեկտրակայանի կամ քարիւղի վերամշակման համատեղ ծրագիրներու եւ ընդհանրապէս առեւտրական եւ ֆինանսական  ոլորտներու բոլոր ուղղութիւնները:

Պատժամիջոցներու կիրարկման նոյն անմիջականութեամբ եւ հրատապութեամբ հարց չենք դիմագրաւեր մեր երկրին մէջ ըստ երեւոյթին:

Այս հանգամանքներն ու իրադարձութիւններու զարգացումները նկատի ունենալով, կարելի է մտածել, որ Իրանի դէմ  Ուաշինկթընի սանձազերծած պատժամիջոցներով յատկանշուող տնտեսական մեկուսացման քաղաքականութիւնն ու սպառնական պահանջները առնչակից երկիրներուն միանալու ամէնէն շատ կը չէզոքացնեն Անգարայի եւ Պաքուի առաձգականութիւնը` դէպի Թեհրան-Ուաշինկթըն խուսանաւումներ կատարելու: Ճգնաժամային իրադրութիւններու խորացման պարագային այս ուղղութիւններով կը սպասուին խուսանաւաբեկումներ:

«Ա.»

Նախորդը

Շուէտի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Նախագահ Սարգսեանին

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ռեփթըրզի 10-րդ Յաղթանակը, Քաւալիրզի 9-րդ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.