Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Իր Գոհունակութիւնը Յայտնած Է ՀՅԴ-ի Կեցուածքին Նկատմամբ

Նոյեմբեր 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3 նոյեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայրենի պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, ազգային-եկեղեցական կեանքին, հայկական իրականութիւնը յուզող խնդիրներուն, ազգային ինքնութեան եւ արժեհամակարգի պահպանման վերաբերող քայլերուն: Խօսուեցաւ նաեւ ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել աշխուժացման առնչուող ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն մասին:

Յատկապէս անդրադառնալով վերջին շրջանին հայոց եկեղեցւոյ դէմ եղած յարձակումներուն` Հրանդ Մարգարեան վերահաստատեց կուսակցութեան դիրքորոշումը` ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին եւ ամենայն հայոց հայրապետին:

Վերջինս ընդգծեց, որ կուսակցութիւնը, գիտակից հայ եկեղեցւոյ ազգապահպանման եւ հոգեւոր առաքելութեան կարեւորութեան, պիտի շարունակէ զօրավիգ եւ նեցուկ ըլլալ անոր:

Իր հայրական օրհնութիւնը տալով հայորդիներուն` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ կուսակցութեան կեցուածքին` գնահատելով անոր դրսեւորած ոգին եւ գիտակցութիւնը: Վեհափառ հայրապետը արձանագրեց, որ ժողովուրդին զօրակցութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը մայր եկեղեցւոյ եւ իրենց սրբազան հաւատքին նկատմամբ արտայայտութիւնն են այն իրողութեան, որ հայոց եկեղեցին մեր ազգի ինքնութեան եւ գոյութեան հիմնական երաշխաւորներէն է:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հաստատեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, եկեղեցին եւ հոգեւոր դասը անշեղօրէն  պիտի շարունակեն իրենց փրկչական եւ  ազգապահպան առաքելութիւնը` ի նպաստ հայոց կեանքի պայծառութեան եւ բարօրութեան:

Վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ նաեւ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին` նշելով, որ ազգի հոգեւոր զօրութեամբ եւ միասնականութեամբ կարելի եղած է դարեր շարունակ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ արձանագրել յաղթանակները:  Անոր համաձայն, այսօր եւս, դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու դիմակայման ճամբուն վրայ մեր ազգը պէտք է հետեւողը դառնայ նախնեաց որդեգրած այս կեցուածքին եւ փորձառութեան:

 

Նախորդը

Արսէն Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ն Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Նախընտրական Ցուցակին Վերաբերեալ Տակաւին Որոշում Չունի»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ` Յաղթական

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?