Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քոնկրեսին մէջ «Միութեան իրավիճակը» տարեկան ուղերձի ընթացքին յայտնեց, որ ինք մաքսատուրքեր օգտագործած է եւ միլիառաւոր տոլարներով եկամուտ ապահոված, ինչպէս նաեւ շարք մը գործարքներ կնքած` նշելով. «Պիտի գայ ժամանակ, երբ մաքսատուրքերը պիտի փոխարինեն տուրքերը, որոնք ամերիկացի քաղաքացիին բեռը կը ծանրացնեն»:
«Մեր երկիրը որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ, լաւ, հարուստ եւ հզօր դարձաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Մենք կը սիրենք կրօնը, կը սիրենք անոր վերակենդանացումը, եւ անիկա կը վերադառնայ այնպիսի ուժով, որ ոչ ոք կը սպասէր», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Մենք պէտք է ամբողջովին մերժենք որեւէ ձեւի քաղաքական բռնութիւն»:
Անդրադառնալով Իրանին` Թրամփ յայտնեց. «Կը թուի, թէ Իրան 32 հազար ցուցարար սպաննած է»:
«Մենք Իրանի հետ կը բանակցինք, եւ անոնք կ՛ուզեն համաձայնութեան հասնիլ», ըսաւ ան` շեշտելով. «Կը նախընտրեմ Իրանի հետ խնդիրը դիւանագիտութեան ճամբով լուծել, եւ աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան մեծագոյն ֆինանսաւորողին երբեք պիտի չարտօնենք հիւլէական զէնք ձեռք բերել»:
«Կարելի չէ Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք բերել արտօնել, եւ ուժի ճամբով խաղաղութիւնը ազդու մնաց», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Իրան զարգացուց հրթիռներ, որոնք կարող են Եւրոպան եւ Ծոցի շրջանի մեր ռազմակայանները վտանգել», ըսաւ ան` նշելով. «Իրան ներկայիս աշխատանք կը քանի զարգացնելու հրթիռներ, որոնք մօտ օրէն Միացեալ Նահանգներ պիտի հասնին»:
«Անցեալ ամառ ուղղուած հարուածներէն ետք, Իրանը զգուշացուցինք իր զէնքերու, մասնաւորաբար հիւլէական զէնքի ծրագիրը վերականգնելու որեւէ փորձէ», յայտնեց Թրամփ` աւելցնելով. «Իրան կ՛ուզէ անգամ մը եւս իր հիւլէական ծրագիրը զարգացնելու սկսիլ, եւ անոնք այժմ աշխատանք կը տանին իրենց չարամիտ ախորժակներուն վրայ»:
«Պաշտօնավարութեանս առաջին տասը ամիսներուն ընթացքին վերջ տուի ութ պատերազմներու, որոնց շարքին` Կազայինը: Բոլոր ողջ եւ մահացած գերիները վերադարձուեցան Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ, որուն շուրջ բանակցեցանք», ըսաւ ան:
«Համասը Իսրայէլի հետ կողք-կողքի աշխատեցաւ Կազայի մէջ մահացած գերիներու դիակներու վերադարձման համար», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Աշխուժ կերպով կը գործենք Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու, եւ մեր ամբողջ կարողութեամբ պիտի աշխատինք խաղաղութեան հաստատման համար, ուր որ անհրաժեշտ ըլլայ, երբեք պիտի չտատամսինք դիմակայելու Ամերիկայի դիմագրաւած սպառնալիքները», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Յունուարէն ի վեր աշխատեցանք Վենեզուելայի նոր ղեկավարութեան հետ, որ հարիւրաւոր քաղաքական բանտարկեալներ ազատ արձակեց», ըսաւ Թրամփ:
«Վենեզուելայի մէջ մեր գործողութիւնը Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան համար մեծ յաղթանակ էր, ինչպէս նաեւ Վենեզուելայի ժողովուրդին համար լուսաւոր նոր հորիզոններ կը բանայ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Սերտ կերպով կ՛աշխատինք Վենեզուելայի նոր նախագահին հետ` երկու երկիրներուն համար տնտեսական հսկայական շահեր ապահովելու նպատակով», շեշտեց Թրամփ:
Իրան Կը Հերքէ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց իր հրթիռային ծրագիրին վերաբերեալ Թրամփի յայտարարութիւնները` զանոնք կոչելով «մեծ սուտեր»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Անոնք Իրանի հիւլէական ծրագիրի, Իրանի թեւաւոր հրթիռներու եւ յունուարին տեղի ունեցած անկարգութիւններուն ժամանակ զոհերու թիւին վերաբերեալ ինչ որ ալ կը պնդեն պարզապէս «մեծ սուտերու» կրկնութիւն է»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի այս ամսուան սկիզբը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած էր, որ Թեհրան չունի Միացեալ Նահանգները հարուածելու կարողութիւն, սակայն պիտի հարուածէ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանները, եթէ Ուաշինկթըն յարձակումի սկսի:


