Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Չփակելո՛ւ Համար Արցախի Էջը

February 27, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ երէկ նշուեցաւ Արցախի ազատամարտի 38-ամեակը: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի մասնակցութիւնը այս ձեռնարկին` իր ներկայացուցիչին ճամբով, քաղաքական յստակ ուղերձ կը պարունակէ իր մէջ:

Նախ, անշուշտ Արցախի էջը փակուած չնկատելու հաւաքական կեցուածքի արտայայտութիւնն էր նախաձեռնութիւնը: Հակառակ հայաթափումին, բռնի տեղահանումին, բռնագրաւումին եւ հակառակ` Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու պաշտօնական որոշումներուն, Արցախի հայապատկանելիութեան վերադարձի երթը փաստօրէն կը շարունակուի:

Կարեւորագոյն խորհուրդ ունի նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի մասնակցութեան երեւոյթը: Նախ անհրաժեշտ է շեշտել, որ Արցախի ժամանակաւոր կորուստը որեւէ ձեւով պատճառ չեղաւ, որ մեր կազմակերպութիւնը չշարունակէ իր գործունէութիւնը Արցախի մէջ: Արցախի էջը փակած չըլլալու ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ կը տեղադրուի այս իրականութիւնը:

Արցախի էջը չփակելու  եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու առաջադրանքը նաեւ պետական մակարդակի  վրայ է, ինչ որ հեռանկարային նշանակութիւն ունի: Պետական կառոյցներու օրինական շարունակութեան ապահովումը խիստ կենսական է ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ընտրուած կառավարման համակարգի գոյութիւնը պահպանելու առումով:  Եւ այնպէս չէ, որ Արցախի բռնագրաւումի այսօրուան իրականութիւնը աւելորդ կը դարձնէ այդ կառոյցներու գործունէութեան շարունակութիւնը: Զուիցերիոյ երկպալատ խորհրդարանը բանաձեւ կ՛որդեգրէր եւ կոչ կ՛ընէր Ազրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւն կազմակերպելու, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի առաջադրանքով:

Արցախի ներկայացուցիչները Արցախի պետական մարմիններն են` խորհրդարանով եւ կառավարութեամբ: Երեւանը այս հեռանկարը նկատի ունենալով պարտէր աջակցիլ այս կառոյցներու եւ հաստատութիւններու գործունէութեան շարունակութեան:

Արցախի ներկայացուցիչներն են, որոնք նաեւ միջազգային ատեաններուն մօտ պիտի աշխատին կասեցնել քաղաքակրթութեան բնաջնջման արշաւը: Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան քանդումի, խեղաթիւրման պետական քաղաքականութեան ծալքերը  բացայայտելու եւ այդ ժառանգութեան իրաւատիրոջ կարգավիճակով միջազգային կառոյցներուն մօտ աշխատանք տանելու համար անհրաժեշտ են այդ ներկայացուցիչները: Այս առաջադրանքներուն ընդառաջ իրաւական կարգավիճակի պահպանման  նախանձախնդրութեամբ է նաեւ, որ Արցախի թեմի պահպանումը յատուկ նշանակութիւն ստացաւ:

Արցախի պետական-հոգեւոր-կուսակցական կառոյցներու շարունակութիւնը  հրամայական է ամէնէն առաջ գիտակցելու, որ Արցախի բռնագրաւումը ժամանակաւոր երեւոյթ է: Արցախի վերադարձը հայութեան անհպելի տեսլական է եւ անոր ընդառաջ նպատակուղղուած աշխատիլը ամէնէն ճիշդ ուղին:

Այսօր Երեւանը կը յայտարարէ, որ այս եռաուղղութիւն գործունէութիւն պարփակող կառոյցներու առկայութիւնը կամ շարունակականութիւնը խոչընդոտող տարր է առաջ մղուող խաղաղութեան օրակարգին համար:

Հետեւաբար սփիւռքը Արցախի պաշտօնական կառոյցներու գործունէութեան շարունակութեան համար ունի առնուելիք քայլերու ծրագիրի մշակման խնդիր: Նաեւ այդ ծրագրի գործադրութեան համար աջակցող գործիքակազմերու ձեւաւորումի օրակարգ: Համահայկական օրակարգ:

Երէկուան ձեռնարկը այս խորհուրդները կ՛ամփոփէր իր մէջ եւ հերթական անգամ կ՛ընդգծէր, որ լիբանանահայութիւնը Արցախը հայութեան վերադարձնելու գործին առաջին գաղափարակիրներէն է:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Յաւերժական Արցախ» Խորագիրով` Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 38-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Յաջորդը

Չինացիները Նոր Տարին Կը Տօնեն 15 Օրեր Շարունակ

RelatedPosts

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը
Գաղութային

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը

March 13, 2026
Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական  Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ,  Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»

March 13, 2026
Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին  Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.