Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տեառնընդառաջի Տօնը Հրաւէր Մըն Է Ուղղուած Մեզմէ Իւրաքանչիւրին` Մեր Անձերը Ընծայելու Աստուծոյ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

February 14, 2019
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 13 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը` հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ: Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Անդաստան, մանուկներու տաճար ընծայում եւ աւանդական հրավառութիւն:

Արարողութեան աւարտին իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց կաթողիկոսը: Կեդրոնանալով տօնին խորհուրդին վրայ` ան ըսաւ, որ, թէեւ Քրիստոսի ծնունդէն քառասուն օր ետք Անոր տաճար ընծայման տօնն է, սակայն ան չի սահմանափակուիր միայն մանուկներու ընծայումով, այլ բոլորս կոչուած ենք մեր անձերը ընծայելու Աստուծոյ: «Առանց Աստուծոյ ներկայութեան մեր կեանքը իմաստազուրկ կը դառնայ, հետեւաբար, իւրաքանչիւր անձ, մեծ թէ փոքր, հոգեւորական թէ աշխարհական, պարտի իր անձը ընծայել ու վերընծայել Աստուծոյ», ընդգծեց հայրապետը ու աւելցուց. «Երբ կը նայինք Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան, կը տեսնենք, թէ Ան իր կեանքի ամէն մէկ րոպէին ապրեցաւ Աստուծոյ ներկայութիւնը ու Անոր ապաւինեցաւ»:

Արամ Ա. կաթողիկոս շարունակեց իր պատգամը` նշելով, թէ կեանքի ներկայ պայմաններուն դիմաց մարդը շրջապատուած է այնպիսի պարագաներով, որ կամայ թէ ակամայ զինք մեղքի ճամբան կը տանին, սակայն, շնորհիւ հաւատքին, հարկ է միշտ վերադառնալ Աստուծոյ ու դառնալ քրիստոնեայ, որ կ՛ընդգրկէ դառնալ Քրիստոսի խորհրդական մարմինին անդամ ու ապրիլ Անոր ներկայութեամբ: Հայրապետը եզրափակեց, որ Տեառնընդառաջի տօնը անգամ մը եւս մեզ կը հրաւիրէ մեր անձերը վերընծայելու Աստուծոյ:

Ապա, լուսարարապետ սրբազանը խորանէն բերաւ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող մոմը ու յանձնեց վեհափառ հայրապետին, որ զայն բաշխեց ներկայ հաւատացեալներուն: Հուսկ, Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ մայրավանքին շրջափակը ու Ս. Խորանէն բերուած լոյսով աւանդական հրավառութիւն տեղի ունեցաւ:

Աւարտին, դպրեվանեցիներ հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը, իսկ հաւատացեալներ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող մոմէն իրենց ճրագները վառած` վերադարձան իրենց տուները:

 

 

Նախորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Փրկիչը Ամէն Տեղ Է, Պէտք Է Հոգիի Աչք Ունենալ Տեսնելու Զայն» Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Յաջորդը

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ` 185 Համալսարանականներու, 200 Դպրոցականներու, Հայկական Վարժարաններուն Եւ Հաստատութիւններուն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.