Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանին Մէջ. Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Անդամ Յակոբ Թերզեանի Արտասանած Խօսքը

February 16, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկման խորհրդարանի նիստին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շնորհաւորեց լիբանանցիները նոր կառավարութեան կազմութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք դիւրացուցին կառավարութեան կազմութիւնը` վերջ տալով կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող բոլոր արգելքներուն:

Կառավարութեան «Դէպի աշխատանք» անուանումը գնահատելի է եւ իբրեւ այդպիսին կարելի չէ զայն «սպասումի» կառավարութեան վերածել, որովհետեւ լիբանանցի քաղաքացին կը փափաքի հանգիստ եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ:

«Մեկնելով այս դիտանկիւնէն` նորակազմ այս կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ լիբանանցիներու տառապանքին վերջ մը դնող կառավարութիւն: Կազմ մը, որ լիբանանցիներու տառապանքներուն մասին չի խօսիր, այլ` կ՛որոշէ, կը գործադրէ եւ վերջ կու տայ անոնց տառապանքներուն», ըսաւ ան:

Յ. Թերզեան ընդգծեց, որ երկրին ընկերային իրավիճակը աղէտալի կացութեան մը վերածուած է` շեշտելով, որ լիբանանցի քաղաքացիին իրաւունքն է ծրագրել ապագայ մը, ուր ուրախ եւ գոհունակ կ՛ապրի` հեռու մտահոգութիւններէ, յուսախաբութենէ եւ տխրութենէ:

Այս առումով, Յ. Թերզեան կարեւոր նկատեց լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնիլը` անոնց բժշկութիւնը երաշխաւորելով եւ բոլորին դեղորայք ապահովելով, յատկապէս` ծանր հիւանդութիւններու համապատասխան դեղորայքը:

Ան կոչ ուղղեց պետական վարժարանները վերակազմաւորելու, բարգաւաճեցնելու եւ անոնց կրթական մակարդակը բարելաւելու աշխատանքի նախաձեռնելու:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան հարցին` Յ. Թերզեան հաստատեց, որ ամօթ է 2019-ին, երբ այլ երկիրներ սկսած են դէպի լուսին զբօսաշրջական այցելութիւններ կազմակերպել, Լիբանանը տակաւին կը ջանայ 12, 15 կամ 24 ժամ ելեկտրականութիւն ապահովել երկրին: Ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան հոսանքին վերաբերող կացութիւնը` ընդգծելով, որ անոր լուծումը յստակ է, եւ այդ իմաստով արդիւնքները շօշափելի կը դառնան այն պահուն, երբ որոշում կը տրուի հանրութեան շահերու ապահովումը արգելակող խոչընդոտները վերացնել:

Յ. Թերզեան կոչ ուղղեց նաեւ դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնը ապահովելու` նկատել տալով, որ դատական իշխանութիւնները, իբրեւ Լիբանանի սահմանադրական երեք իշխանութիւններէն մէկը` օրէնսդրական եւ գործադիր իշխանութեան կողքին, անկախ իշխանութիւններ են: Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքական անձնաւորութիւն պէտք է յարգէ դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան կողքին, պէտք է զանոնք հեռու պահել քաղաքական ամէն տեսակի լարուածութիւններէ` ապահովելու համար իսկական արդարութիւնը:

Յ. Թերզեան շեշտեց նաեւ հանրային մարզը վերակազմաւորելու եւ արդիականացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքացիներուն կարիքներն ու առօրեայ ծառայութիւնները լաւագոյնս ապահովել:

Յ. Թերզեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ կիներու դերակատարութիւնը գնահատել եւ առիթ տալու անոնց, որ իրենց կարողութիւնները ի սպաս դնեն վարչական, կազմակերպական եւ երկրի ղեկավարութեան մարզերուն մէջ:

Անդրադառնալով երիտասարդութեան` Յ. Թերզեան կառավարութենէն պահանջեց նկատի ունենալ երիտասարդութեան կարիքները, յատկապէս անոնց ուսում եւ աշխատանք ապահովելու կարելիութիւնները, որպէսզի լիբանանեան պետութեան նկատմամբ անոնց վստահութիւնը վերահաստատուի:

Ան նշեց, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ երիտասարդներուն անտեսումը, զանոնք մղած է իյնալու բազմաթիւ ախտերու գիրկը, ինչպէս` թմրամոլութիւն, զարտուղի միջոցներու դիմում եւ այլն: «Այս բոլորը ցուցանիշներ են, թէ լիբանանցի երիտասարդը յուսալքուած է, որովհետեւ կը զգայ, թէ իր ձգտումները նկատի ունեցող պետութիւն չկայ: Այս բոլորէն մեկնելով` մենք մեր երիտասարդներուն պէտք է գուրգուրանք, անոնց ընկերային ապահովութիւն շնորհենք, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ ապագայ ունենալու յոյս տանք, որպէսզի իրենց հայրենիքին մէջ մնան եւ իրենց կարողութիւնները ի սպաս դնեն Լիբանանին` առանց արտագաղթի մասին մտածելու:

Երեսփոխան Թերզեան անդրադարձաւ նաեւ երկրին հնութիւններուն եւ մշակոյթին` հաստատելով, որ իր հնութիւնները յարգող եւ զանոնք պաշտպանող պետութիւնը այն պետութիւնն է, որ կը յարգէ իր ինքնութիւնը եւ վստահութիւն կը ներշնչէ իր ժողովուրդին ու միջազգային ընտանիքին:

«Հետեւաբար մենք կը փափաքինք, որ Լիբանան միւս երկիրներէն աւելի իւրայատուկ ըլլայ` պահպանելով իր հնութիւններն ու մշակոյթը: Այդ պահպանումը միայն հնութիւններն ու պատմական կառոյցները պաշտպանելով կարելի չէ իրականացնել, այլ մշակոյթը վերածելով լիբանանցիի կենցաղին: Այս բոլորը կարելի է իրականացնել մշակութային գիտելիքները ներառելով կրթական ծրագիրին մէջ եւ դպրոցներուն մէջ դասաւանդութեան միջոցով նոր սերունդներուն ներարկելով այդ բոլորը: Դպրոցներուն կողքին, այդ մասին պէտք է մնայուն յայտագիրներ ընդգրկել նաեւ տեղեկատուութեան մարզին մէջ` մամուլ թէ լսատեսողական լրատուամիջոցներ, որպէսզի լիբանանցին աւելի իրազեկ դառնայ իր մշակոյթին` առանց տարուելու ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն անոր հրամցուած օտարներուն փառքերով, որոնք զինք կը հեռացնեն իր հայրենիքէն», ըսաւ ան:

Յ. Թերզեան ընդգծեց Պէյրութի մէջ Օփերա մը եւ մարզական համալիր մը ունենալու կարեւորութիւնը:

Յ. Թերզեան կոչ ուղղեց նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի մասին յայտարարութիւնները աշխատանքի վերածելու, ընտրական օրէնքը բարեփոխելու, ինչպէս նաեւ մարզական կեանքին յաւելեալ կարեւորութիւն ընծայելու:

Իր խօսքին աւարտին, Յ. Թերզեան Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան անունով վստահութեան քուէ շնորհեց Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան:

 

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Կ՛ողջունէ Սէուտցի Քաղաքացիներուն Լիբանան Այցելութեան Արգելքը Վերացնելու Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Յաջորդը

Խորհրդարանը Վաւերացուց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը, Այլ Խօսքով` Կառավարութեան Շնորհեց Իր Վստահութեան Քուէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.