Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սէուտցի քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութեան արգելքը վերացնելու Սէուտական Արաբիոյ որոշումին պիտի հետեւին Ծոցի երկիրներ:
Ան բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ որոշումը` զայն նկատելով շատ կարեւոր որոշում մը:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, թէ ինչպէս որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը լիբանանցիներուն վրայ դրական արդիւնքներ ունեցած է, Սէուտական Արաբիոյ որոշումը դրական արդիւնքներ պիտի ունենայ, «եւ մենք տնտեսական մակարդակի վրայ դրական փոփոխութիւններ պիտի նշմարենք», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի եւ հարեւան երկիրներուն, յատկապէս` Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումին շնորհիւ Լիբանանի մէջ պիտի արձանագրուին զբօսաշրջական, տնտեսական եւ ներդրումի մարզերուն վերաբերող դրական ազդեցութիւններ, որոնք պիտի բնականոնացնեն երկրին ընթացքը:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ երկրին զբօսաշրջական մարզը կը հիմնուի Ծոցի երկիրներէն եկող զբօսաշրջիկներուն վրայ, եւ այդ պատճառով ալ զբօսաշրջական մակարդակի վրայ մեծ տարբերութիւն պիտի շօշափենք:
Ան նշեց, որ այս որոշումին լոյսին տակ ե՛ւ Լիբանանը ե՛ւ Սէուտական Արաբիան համապատասխան միջոցառումներ պիտի որդեգրեն: «Սէուտցի կամ Ծոցի երկիրներէն եկող զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելելու իմաստով քաջալերականներու կարիք չկայ, որովհետեւ անոնց սրտերուն մէջ Լիբանան իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ», ընդգծեց ան:
Նախարար Կիտանեան ցաւ յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներու քաղաքացիներ որոշ մտավախութիւններ ունեցած են Լիբանան այցելութենէ, որովհետեւ կարգ մը զբօսաշրջական հաստատութիւններ չարաշահումներ կատարած են` անոնց վրայ սուղ սակեր պարտադրելով:
«Այս իմաստով Ծոցի երկիրներուն դեսպաններէն իմացանք շարք մը մտահոգութիւններու մասին, եւ իբրեւ գործնական քայլ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հաստատեց 1735 թէժ գիծը, որուն կապուելով կարելի էր բողոքներ ներկայացնել: Նախարարութիւնը դիմեց նաեւ զբօսաշրջական հաստատութիւններու դռներուն վրայ թռուցիկներ փակցնելու ձեւին` զգուշացնելով զանոնք օրէնքը խախտելէ», շեշտեց ան:
Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ այս հարցը արմատական լուծում պիտի գտնէ, եւ Ծոցի երկիրներէն եկող զբօսաշրջիկը Լիբանանի մէջ պիտի արժանանայ բացառիկ հիւրընկալումի:



