Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապու Տապիի Մէջ. Դաւիթ Տօնոյեան Ներկայացուցած Է Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Առաքելութեան Խնդիրներն Ու Նպատակները

February 19, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տրուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մասնակցած է Ապու Տապիի Պաշտպանութեան միջազգային ժողովին, ինչպէս նաեւ «ԻՏԵՔՍ-2019» միջազգային ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսին: Դաւիթ Տօնոյեանը եղած է նաեւ «ԻՏԵՔՍ-2019» ցուցահանդէսին հայկական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու արտադրանքը ներկայացնող տաղաւարին մէջ:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ 17 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հանդիպած է Ապու Տապիի էմիրութեան թագաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահեանի, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ, վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար, Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Մաքթումի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են երկու պետութիւններուն միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:

Խօսելով երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն մասին` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր նկատած է համագործակցութիւնը ծրագրային եւ պայմանագրային հիմքերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը: Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուցած է նաեւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան խնդիրներն ու նպատակները:

Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպած է նաեւ Յունաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Էվանքելոս Ափոսթոլաքիսի հետ: Դաւիթ Տօնոյեան շնորհաւորած է գործընկերոջը պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ հրաւիրած Հայաստան: Հանդիպման ընթացքին երկու նախարարները քննարկած են հայ-յունական զինուորական համագործակցութեան հարցերու լայն շրջանակ: Կարեւոր նկատելով այս ոլորտին մէջ ունեցած նշանակալի ձեռքբերումները, նախարարները երկուստեք պատրաստակամութիւն  յայտնած են  խորացնելու զինուորական համագործակցութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի ընդհանուր քարտուղար Վահագն Մելիքեանը Ապու Տապիի մէջ տեղակայուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան տարածքին մէջ կատարած են  ծառատունկ:

 

Նախորդը

Զուիցերիոյ Բարձրագոյն Դատարանը Մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանի Տեղադրման Դէմ Բողոքը

Յաջորդը

Յարգանքի Տուրք` Արթուր Մկրտչեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.