Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Չեխիոյ Միջեւ Ռազմական-Արհեստագիտական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրուեցաւ

April 10, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ Չեխիոյ կարեւոր գործընկերն է. Երեւանի մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Չեխիոյ  պաշտպանութեան նախարար Լիւպոմիր Մեթնար` տեղեկացնելով, որ այցելութեան շրջագիծին մէջ օրակարգի կարեւոր կէտը ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան շրջանակի մշակումն է:

Ըստ անոր, երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ստորագրուած ռազմական-արհեստագիտական համաձայնագիրը կարեւոր ազդակ է: «Չեխական արդիւնաբերութիւնը կրնայ շատ բան առաջարկել ինչպէս ռազմական ոլորտին, նոյնպէս ալ ամբողջ Հայաստանի համար: Կրնան առաջարկուիլ ամէնէն ժամանակակից արտադրատեսակները: Մենք տրամադրուած ենք խորացնելու զինուորական-քաղաքական համագործակցութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ Չեխիան հայ ռազմական բժիշկներուն կ՛առաջարկէ վերապատրաստում` երկրի զինուորական-բժշկական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ: Չեխիոյ տարածքին  գտնուող ռազմական ուսումնական կեդրոնին մէջ արդէն վերապատրաստուած են Հայաստանի աւելի քան 300 զինուորներ», յայտնեց նախարարը:

«Քննարկեցինք ղարաբաղեան տագնապին հետ կապուած զգայուն եւ բարդ իրավիճակը: Չեխիան կ՛աջակցի տագնապի խաղաղ լուծման», խօսքը ամփոփեց Չեխիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան իր չեխ գործընկերոջ հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած միացեալ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-չեխական երկկողմանի համագործակցութիւնը սկսած է 2010-էն, երբ ստորագրուած է զինուորական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը, որ  հիմնուած է բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններու, բարեկամութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ:

«Քիչ առաջ ստորագրուած համաձայնագիրով կը սահմանուին համագործակցութեան` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերը, ձեւաչափը եւ ընթացակարգերը: Այս երկար սպասուած համաձայնագիրէն ետք համագործակցութեան համար կը ստեղծուին նոր հեռանկարներ ռազմական-արհեստագիտական եւ ռազմական արդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ», նշեց նախարարը:

Դաւիթ Տօնոյեան տեղեկացուց, որ Չեխիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ զրոյցի ընթացքին քննարկած են նաեւ շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

 

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Փոխնախարար. «Հայաստանը Գրոհային Ստորաբաժանումները Աւելցնելու Փուլին Մէջ Է»

Յաջորդը

Արամ Աւագեան Կը Մենամարտի` «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի Միջազգային Արծաթ Գօտին Պաշտպանելու Համար

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.