Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննարկում Ստեփանակերտի Մէջ` «Ապրիլեան Պատերազմի Դասերը Եւ Մեր Ընելիքները» Նիւթով

Ապրիլ 11, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է քննարկում «Ապրիլեան պատերազմի դասերը եւ մեր ընելիքները» նիւթով: Քննարկումի հրաւիրման նախաձեռնութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեանն էր: Բացման խօսքին մէջ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան նշած է, որ ապրիլեան պատերազմին վերաբերեալ տարբեր կարծիքներ ու չվերլուծուած հարցեր կան, որոնց պարզաբանումին եւ մեր հետագայ ընելիքներու քննարկման համար կազմակերպուած է տուեալ հանդիպումը:

«Ի՞նչը յանգեցուց աշխուժ մարտական գործողութիւններուն», «Պատրա՞ստ էր արդեօք հայկական բանակը այդ յարձակումին», «Ի՞նչ հետեւութիւններու յանգեցուց ապրիլեան պատերազմը», «Որո՞նք են մեր այսօրուան ընելիքները», «Արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքը կրնա՞յ դառնալ անվտանգութեան երաշխիք». այս եւ նմանատիպ այլ հարցեր քննարկեցին մասնակիցները:

Քննարկումին ներկայ էին զանազան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք արտայայտեցին իրենց տեսակէտները  առաջադրուած զանազան հարցերու վերաբերեալ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան նշած է, որ ապրիլեան մարտական գործողութիւնները  իրենց հետ բազմաթիւ առեղծուածներ, ապատեղեկատուութեան հսկայական հոսքեր բերին, գլխաւորապէս մամուլին մէջ. «Հիմնական հարցադրումները ուղղուած են պաշտպանութեան նախարարութեան, սակայն ապրիլեան մարտական գործողութիւնները ամբողջութեամբ վերլուծելու, հետագայ մեր գործողութիւնները կառուցելու համար պէտք է նկատի ունենալ այն հանգամանքը, որ պատերազմը միայն պաշտպանութեան նախարարութեան չի վերաբերիր, այլ նաեւ բոլորին», նշած է Տիգրան Աբրահամեան: Անդրադառնալով 2016-ի պատերազմի սանձազերծման պատճառներուն` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականը ընդգծեց տարիներ շարունակ Ազրպէյճանի մէջ տարուող ռազմական գործողութիւններու վերսկսման քարոզչութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ երկխօսութեան բացակայութեան նիւթին: Նոյնիսկ հասարակական մակարդակով երկու պետութիւններու քաղաքացիներու միջեւ հանդիպումներուն Ազրպէյճանը կը խոչընդոտէր, իսկ այդպիսի պայմաններու մէջ կը մեծնայ բռնութեան հաւանականութիւնը:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան խօսած է Ազրպէյճանի մէջ տարուող ատելութեան քարոզին մասին:

Պաշտպանութեան բանակի Բարոյահոգեբանական ապահովման բաժինի պետ Նորայր Մկրտչեան նշած է, որ ինչպէս երեք տարի առաջ, նոյնպէս ալ հիմա, բանակը պատուով կը կատարէ իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները, որովհետեւ բանակին մէջ ծառայող իւրաքանչիւր զինուոր ու սպայ իր պարտքը լիովին կը գիտակցի. «Պէտք է պատկերացնենք, թէ ի՛նչ  կը նշանակէ 25 տարի շարունակ գտնուիլ խրամատի մէջ, վարել խրամատային պատերազմ` միշտ գտնուելով պաշտպանութեան մէջ»: Ան աւելցուցած է, որ պատերազմը անխուսափելի է մեր աշխարհագրական դիրքին պատճառով, մենք դատապարտուած ենք միշտ գտնուիլ պատերազմական վտանգի տակ, փոքր տարածքով պետութիւն ենք, առաջնագիծին վրայ կատարուողը անմիջապէս կը հաղորդուի թիկունքին եւ ընդհակառակը: Այստեղէն ծագած է ազգ-բանակ հայեցակարգը, որուն  շուրջ աշխատանքներ կը կատարուին:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան նշած է, որ այժմ զինադադարի մէջ ենք, պատերազմը չէ  աւարտած, իսկ տարածքային կորուստը չի նշանակեր պարտութիւն, որովհետեւ այդ օրերուն Նախիջեւանի սահմաններուն վրայ մեր բանակը դիրքային յառաջխաղացում ունեցած է:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատած է նման ձեւաչափով հանրային քննարկումները եւ աւելցուցած, որ ապրիլեան պատերազմէն դասեր  քաղած ենք եւ հիմա աւելի պատրաստ ենք նման զարգացումներու: Ազրպէյճանը իր քայլերով ցոյց տուաւ, որ ոչինչ փոխուած է, առիթ կը փնտռէ ո՛չ միայն Արցախը, այլեւ Սիւնիքը, Երեւանը գրաւելու համար. «Մենք պէտք է հասկնանք, որ տարածքներու վերաբերեալ քննարկումները այն ուղին չեն, որով մենք պէտք է յառաջ շարժինք, որովհետեւ եթէ  նմանատիպ ինչ որ զիջումներու երթանք, կը նշանակէ, որ ճամբայ կը բանանք դէպի Երեւան»:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն ռազմաքաղաքական դաշինքի մասին հարցին` Արցախի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ նման դաշինքի անհրաժեշտութիւնը կայ: «Չեմ կարծեր, որ այդ ձեւով մեր անվտանգութեան մակարդակը պիտի բարձրացնենք, բայց անիկա կը կարգաւորէ երկու հայկական պետութիւններու յարաբերութիւնները իրաւական առումով», ըսած է Մասիս Մայիլեան:

Մասնակիցներուն միջեւ աշխուժ քննարկում ծաւալած է մեր ընելիքներուն, 2016-ի սխալներէն ու բացթողումներէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութեան մասին:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակուտականներ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Բանաձեւ Ներկայացուցած Են

Յաջորդը

Իտալիոյ Խորհրդարանը Կառավարութեան Կոչ Ուղղեց` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?