Երէկ առաւօտ, նախագահական պալատին մէջ, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս ընդունեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանէ, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանէ եւ կոմիտէի անդամներ Վահան Այնէճեանէ եւ Րաֆֆի Մահտեսեանէ: Ներկայ էր նաեւ կառավարական բանբեր Պրոտրոմոս Պրոտրոմու:
Նախագահ Անասթասիատիս, ողջունելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին ներկայութիւնը Կիպրոսի մէջ, վստահեցուց, որ կիպրական կառավարութիւնը զօրավիգ կը կանգնի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին, եւ վստահեցուց, որ միջազգային հաստատութիւններու մէջ, ըլլայ ան ՄԱԿ-ի կամ Եւրոպական Միութեան, Կիպրոս մեծ ջանք կը թափէ օգտակար հանդիսանալու Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դատին: Հանրապետութեան նախագահը վստահեցուց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, որ Կիպրոս Եւրոպական Միութեան մէջ արդէն իսկ յառաջ կը քշէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ առնչուող հարցեր: Նախագահ Անասթասիատիս յիշեցուց, որ իր յարաբերութիւնները պետական ներկայացուցիչին հետ եղած են միշտ սահուն եւ ան միշտ դրական կերպով անդրադարձած է պետական ներկայացուցիչի խնդրանքներուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց կիպրական կառավարութեան` կիպրահայ համայնքին հանդէպ իր ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքին համար եւ վստահեցուց նախագահ Անասթասիատիսին, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կազմակերպական կառոյցով Կիպրոսի կառավարութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի` յառաջ քշելու կիպրական դատը եւ օգտակար հանդիսանալու կիպրական հարցի լուծման ջանքերուն: Ան աւելցուց, որ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին միջոցով վերջին տարիներուն տարուած է հսկայական աշխատանք, ամրապնդուած է կիպրական կառավարութեան եւ կիպրահայ համայնքի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը: Ան արտայայտեց այն համոզումը, որ ապագային ալ այդ յարաբերութիւնները պիտի մնան հաստատ եւ պիտի խորանան:
Տէր Խաչատուրեան յիշեցուց նախագահ Անասթասիատիսին, որ սփիւռքի զանազան երկիրներուն մէջ, ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ունին Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ` պայքարելով ի նպաստ կիպրական եւ հայկական դատերուն:
ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան յայտնեց նախագահ Անասթասիատիսին, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, իր այցելութեան ընթացքին, հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ նաեւ Կիպրոսի նորընտիր եւրոերեսփոխաններուն հետ` վստահեցնելով, որ այդ կապը պիտի շարունակուի այս հանդիպումներէն ետք, եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը Պրիւքսելի մէջ ցարդ գործակցած է Կիպրոսի եւրոերեսփոխաններու հետ եւ պիտի գործակցի նաեւ նորընտիր եւրոերեսփոխաններուն հետ` միասին յառաջ քշելու կիպրացի եւ հայ ժողովուրդներու շահերը: Հանդիպումը տեւեց կէս ժամ եւ անոր աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հանդիպում Ունեցած Է Կիպրոսի Ընկերվարական Կուսակցութեան Նախագահին Հետ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շարունակելով հանդիպումները Կիպրոսի կառավարական եւ կուսակցական շրջանակներուն հետ 12 յունիսին հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի ԷԹԵՔ ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Մարինոս Սիզոպոուլոսի հետ: Նշենք, որ երկու կուսակցութիւններն ալ Ընկերվար միջազգայնական կազմակերպութեան անդամ են:
Հանդիպումին Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անդամ Սիմոն Այնէճեան: