Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցչին Հանդիպումները Կիպրոսի Մէջ

June 13, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիպրոս այցելութեան շրջագիծին մէջ, 11 յունիսին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի պետական-կուսակցական ներկայացուցիչներուն հետ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի խորհրդարանի նախկին նախագահ, նորաստեղծ ՏԵՓԱ կուսակցութեան նախագահ Մարիոս Կարոյեանի հետ:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՏԵՓԱ-ի անդամ Հրաչ Գազանճեանը եւ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անդամներ Րաֆֆի Մահտեսեանը եւ Նարեկ Դաւիթեանը:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելած է Նիկոսիոյ մէջ գործող «Նարեկ» վարժարան, հանդիպում ունեցած վարժարանի տնօրէն Վերա Մկրտչեան-Թահմազեանի եւ վարժարանի յանձնախումբի անդամներուն հետ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին ընկերակցած է ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անդամ Սիմոն Այնեճեան:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Կիպրոսի Ազգային առաջնորդարանի դիւանը կը հաղորդէ, թէ երեքշաբթի, 11 յունիս 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ազգային առաջնորդարան այցելեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անդամներ Րաֆֆի Մահտեսեանի եւ Նարեկ Դաւիթեանի: Անոնք դիմաւորուեցան թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի կողմէ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին առհասարակ արծարծուեցան կիպրահայ գաղութը, Միջին Արեւելքն ու յատկապէս Հայաստանը եւ հայութիւնը յուզող ընդհանրական ու մասնաւոր հարցեր: Անոնք նաեւ անդրադարձան Ազգային առաջնորդարանի եւ կոմիտէութեան տարած ու տարուելիք ապագայ աշխատանքներուն զանազան բնագաւառներու մէջ, քննարկեցին նորանոր ծրագիրներու մշակման յանձնառութիւններ, մարտահրաւէրներ եւ առաջարկներ, ինչպէս նաեւ շեշտը դրին առաւել եւս ազգային-հոգեւոր արժէքներու, նկարագիրի ու դիմագիծի պահպանման հրամայականին վրայ:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ իր մասնաւոր գնահատանքն ու քաջալերանքը փոխանցեց Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչին ցարդ կատարած այցելութիւններուն եւ աշխատանքներուն համար:

Նախորդը

Մանոյեան. «Իրաւական Փաստաթուղթը Պէտք Է Յստակ Ամրագրէ, Որ Բանակցութիւններու Մէջ Հայաստանը Չի Կրնար Փոխարինել Արցախը, Այլ Պէտք Է Հանդէս Գայ Իբրեւ Անոր Անվտանգութեան Երաշխաւոր»

Յաջորդը

«ՄԱԿ-ի Առաքելութեան Անդամներուն Դէմ Քոսովոյի Վարմունքը Սադրանք Էր» Կ՛ըսէ Փոլիանսքի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.