Վենետիկի յանձնաժողովը բեղմնաւոր գնահատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ աշխատանքը եւ դատական բարեփոխումներուն առնչութեամբ կարծիք պիտի ներկայացնէ, երբ պատրաստ ըլլան Հայաստանի դատական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները: Այս մասին նշուած է յանձնաժողովի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ արգասաբեր համագործակցութեան շրջագիծին մէջ, յատկապէս դատական բարեփոխումներուն հետ կապուած, 2 յուլիս 2019-ին Հայաստանի արդարադատութեան նախարարին եւ Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուկիկիոյի հետ հանդիպումէն ետք, նախարարը յայտարարած է, թէ կ՛ակնկալէ յանձնաժողովի կարծիքը Դատական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին առնչութեամբ, փոփոխութիւններ, որոնք կը նախապատրաստուին Եւրոպական խորհուրդին հետ խորհրդակցութիւններով», նշուած է Վենետիկի յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան այցելած է Սթրազպուրկ 1-2 յուլիսին, հանդիպումներ ունեցած Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թիորպիոռն Եակլանտի, Եւրոպական խորհուրդի Իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով ընդհանուր տնօրէն Քրիստոս Ճիաքումոփուլոսի, Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուկիկիոյի եւ Եւրոպական խորհուրդի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ: Հանդիպումներու ընթացքին նախարարը գործընկերներուն ներկայացուցած է նաեւ դատաիրաւական ոլորտին մէջ կառավարութեան մօտեցումները, կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ առաջնահերթութիւնները, լուծման հաւանական ուղիները, որոնք հաւանութեան արժանացած են բոլոր գործընկերներուն կողմէ: Աւելի՛ն. գործընկերներուն ներկայացուած է նաեւ, որ արդարադատութեան նախարարութիւնը պիտի չսահմանափակուի միայն կարճաժամկէտ փոփոխութիւններով. ներկայիս մշակման փուլի մէջ կը գտնուին աւելի համապարփակ եւ երկարաժամկէտ բարեփոխումներուն միտուած եւ տրամաբանական կապի մէջ գտնուող 2 կարեւոր ռազմավարական փաստաթուղթեր` միտուած դատաիրաւական համակարգի բարեփոխման եւ փտածութեան դէմ հաստատութենական պայքարին: Քաղաքականութեան այս համապարփակ փաստաթուղթերը յառաջիկային պիտի ամփոփուին եւ ներկայացուին աւելի լայն հանրային քննարկման: