Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենետիկի Յանձնաժողովի Զեկուցումին Վերաբերեալ Վարչապետ Փաշինեան Յայտարարութիւն Պիտի Կատարէ

Յուլիս 16, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ արդարադատութեան նախարարութիւնը հաւատարիմ կը մնան դատական իշխանութեան նկատմամբ վստահութեան վերականգնման նպատակով եւ դատական համակարգի առողջացման միտուած խորքային բարեփոխումներ իրականացնելու մասին յայտարարուած նպատակին եւ այդ նպատակին հասնելու համար դատաւորի նկատմամբ կարգապահական վարոյթ յարուցելու հիմքերու յստակացման եւ ընդլայնման, ինչպէս նաեւ դատաւորներու բարեվարքութեան եւ գոյքային դրութեան գնահատման առարկայական կառուցակարգ մշակելու միջոցով իրականացման դիրքորոշման, կը յայտնեն արդարադատութեան նախարարութենէն:

Այդուհանդերձ, քանի որ Եւրոպական խորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) 119-րդ նստաշրջանի զեկուցումի բովանդակութիւնը մամուլի մէջ շահարկումներու տեղիք տուած է եւ շարք մը հարցեր յառաջացուցած, կը կարծենք, որ խնդիրը առաւելապէս կը վերաբերի «վեթինկ» (զտում) բառի մեկնաբանութեան եւ այն եղանակներուն ու ձեւին, որով այդ գործիքը կիրարկուած է զանազան երկիրներու մէջ: Ի դէպ, առնուազն տարակուսանք կը յառաջացնէ այն փաստը, թէ ինչպէ՛ս սահմանափակ հասանելիութեամբ զեկուցումը կամ անոր բովանդակութիւնը հասանելի դարձած է հարցը միակողմանիօրէն շահարկող անձերու շրջանակին:

Արդարադատութեան նախարարութիւնը հաստատակամ է իր մօտեցումին մէջ, ըստ որուն` դատական համակարգի բարեփոխման առանցքին մէջ պիտի ըլլան դատաւորի գոյքի,  եկամուտներու   ծախսերու, շահերու  յայտարարագրման հաստատութեան կատարելագործումն ու բարեփոխումը, դատաւորներու  բարեվարքութեան ու գոյքային դրութեան գնահատման առարկայական մեքանիզմներու արդիւնաւէտ ներդրումն ու կիրարկումը: Ուստի, այս առումով որեւէ խզում նախապէս կատարուած յայտարարութիւններու եւ Վենետիկի յանձնաժողովի զեկուցումին միջեւ չկայ:

Յատկանշական է նաեւ, որ Վենետիկի յանձնաժողովի 119-րդ լիագումար նստաշրջանին (21-22 յունիս 2019) յաջորդած է Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի այցելութիւնը Սթրազպուրկ (1-2 յուլիս), ուր այս գաղափարները աւելի մանրամասնօրէն ներկայացուած եւ քննարկուած են Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թիորպոռն Եակլանտի, Եւրոպական խորհուրդի Իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով ընդհանուր տնօրէն Քրիստոս Ճիաքումոպուլոսի, Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուկիկիոյի եւ Եւրոպական խորհուրդի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու ընթացքին:

Հանդիպումներու ընթացքին նախարարը գործընկերներուն ներկայացուցած է նաեւ դատաիրաւական մարզին մէջ կառավարութեան մօտեցումները, կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ առաջնահերթութիւնները, լուծման հաւանական ուղիները, որոնք հաւանութեան արժանացած են բոլոր գործընկերներուն կողմէ:

Ինչ կը վերաբերի Սահմանադրական դատարանին շուրջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ զեկուցումին մէջ տեղ գտած անդրադարձին, ապա տեղեկացնենք, որ գործադիր իշխանութիւնը որեւէ պաշտօնական դիրքորոշում տակաւին չէ արտայայտած:

Յայտնենք նաեւ, որ հարցին վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յառաջիկային հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ:

 

Նախորդը

Լիբանանի Նախկին Վարչապետներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին. Սալման Թագաւորը Շեշտեց, Որ Սէուտական Արաբիան Լիբանանին Ծառայող Ամէն Բանի Հետ Է

Յաջորդը

Նախագահական Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Արդարադատութեան Նախարար Ռուստամ Բադասեանի Երդման Արարողութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?