Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը 10 յուլիսի գիշերը վաւերացուց Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Ճուտի Չուի առաջարկը, որ քանի մը օր առաջ նաեւ վաւերացուած էր Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքերու յանձնախումբին կողմէ եւ իբրեւ յաւելուած (թիւ 97) ներկայացուած էր 2020-ի ռազմական ամավարկին մէջ:
Առաջարկին ի նպաստ ունեցած իր ելոյթին մէջ Չու շեշտեց, թէ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ահաբեկչական արշաւին պէտք է վերջ դրուի` յոյժ կարեւոր նկատելով նախորդ քոնկրեսականներ Էտ Ռոյսի եւ Էլիըթ Էնկելի ներկայացուցած առաջարկները ամրապնդող այս քայլը: Չու «անընդունելի» որակեց Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի շարունակուող խախտումները:
Չուի առաջարկը կը պահանջէ, որ Արցախի սահմանէն արձակազէնները եւ ծանր զէնքերը հեռացուին` միաժամանակ պահանջելով, որ յարձակող կողմը բացայայտող յատուկ սարքաւորումներ տեղադրուին հոն` շեշտելով ԵԱՀԿ-ի յաւելեալ դէտեր տեղադրելու կարեւորութիւնը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան այս քայլը:
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն եւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ զօրակցեցան այս առաջարկի վաւերացման ջանքերուն:
Քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկելի առաջարկները, որոնք առաջին անգամ ներկայացուած էին 2015-ի աշնան, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին նախկին նախագահ Էտ Ռոյսի եւ անոր ներկայ ատենապետ Էլիըթ Էնկելի կողմէ, ցարդ կը վայելեն Ներկայացուցիչներու տան 100-է աւելի քոնկրեսականներու աջակցութիւնը: